19 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Լաթաքիոյ Դէմ Յարձակումի Ընթացքին Վար Առնուած Է 14 Զինուորներ Փոխադրող Ռուսական Օդանաւ Մը
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Սուրիոյ մէջ ռուսական Հմէյմիմ ռազմակայանը երկուշաբթի գիշեր Լաթաքիոյ մէջ Ճարտարարուեստական արտադրութիւններու հաստատութեան դէմ կատարուած յարձակումին ընթացքին կորսնցուցած է ռուսական «Իլ-20» օդանաւին հետ կապը:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ 14 ռուս զինուորներ փոխադրող օդանաւին հետ կապը կորսուած է, երբ ան Հմէյմիմ վերադարձի ճամբուն վրայ կը գտնուէր սուրիական ծովեզերքէն 35 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Նախարարութիւնը նշեց, որ ռուսական օդանաւի թռիչքին պահուն «Էֆ-16» տիպի 4 հալածիչներ յարձակում կը գործէին Լաթաքիոյ դէմ, ինչպէս նաեւ սուրիական ծովեզերքին դիմաց գտնուող ֆրանսական յածանաւ մը հրթիռներ արձակած է:
Ֆրանսական զինուորական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ֆրանսան որեւէ կապ չունի ռուսական օդանաւի անհետացման հետ:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը իր կարգին «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը թերեւս սխալմամբ վար առած են կորսուած ռուսական օդանաւը:
«Սի.Էն.Էն.» հաւանական նկատեց, որ Մոսկուան ամերիկեան բանակին տեղեկութիւններ հաղորդած է կորսուած «Իլ-20»-ի մասին: Պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւր մը յայտնած է, թէ Ուաշինկթըն դէպքին շուրջ տեղեկութիւններ ստացած է այլ երկրէ մը: «Սի.Էն.Էն.» նշեց, որ միայն Ռուսիան այդ օդանաւին մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ունի:
Աւելի ուշ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ իր օդանաւը վար առնուած է սուրիական «Էս-200» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի հրթիռի մը կողմէ, եւ 15 ռուս զինուորներ զոհուած են Իսրայէլի «անպատասխանատու» եւ «թշնամական» գործողութեան պատճառով:
Նախարարութիւնը նշեց, որ իսրայէլեան օդանաւերը կանխամտածուած վտանգաւոր իրավիճակ ստեղծած են Լաթաքիոյ շրջանին մէջ, իսկ Իսրայէլ իր գործողութեան մասին Ռուսիոյ թէժ գիծով տեղեակ պահած է հարուածէն մէկ վայրկեան առաջ, ինչ որ բաւարար ժամանակ չէ տուած «Իլ-20»-ը վտանգաւոր գօտիէն դուրս բերելու:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն, ռուսական օդանաւը ջախջախուած է, որովհետեւ իսրայէլացի օդաչուները զայն դրած են սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու հարուածին տակ:
«Մենք մեզի կը վերապահենք համարժէք պատասխան տալու իրաւունքը», յայտարարեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշենքով:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ իր իսրայէլացի պաշտօնակից Աւիկտոր Լիպըրմանի հետ եւ անոր յայտնեց, որ Ռուսիան «Իլ-20»-ի վար առնուելուն համար պատասխանատու կը նկատէ Իսրայէլը, եւ իրեն կը վերապահէ համարժէք պատասխան տալու իրաւունքը:
Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս հարցով իր մօտ կանչեց Մոսկուայի մէջ Իսրայէլի դեսպանը:
Մինչ այդ, Միջերկրական ծովուն մէջ յայտնաբերուեցան ռուսական օդանաւին բեկորները եւ ռուս զինուորներու դիակները:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շոն Ռոպըրթսըն հերքեց, թէ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ որեւէ դիրք հարուածած է: «Կրնամ յստակ կերպով ըսել, որ ատիկա կատարողը մենք չէինք», ըսաւ ան:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւր մը յայտնած է, թէ իր երկիրը Լաթաքիոյ դէմ յարձակումին հետ կապ չունի:
aztagdaily.com/archives/409161