21 Սեպտեմբեր 2018. Վերանկախութեան 27-րդ Տարեդարձը – ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

20 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ –:

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Ա՜խ հայրենիք, երբ պիտի տեսնեմ քեզ
Ուրախ, զուարթ, ապահովուած, առանց ցաւ,
Ա՜խ հայրենիք, երբ պիտի տեսնեմ
Գահիդ նստած հայ իշխան,
Հայ տառերով գրեր հայոց հրաման»:

Հայրենիքի անկախացումը ինքնին փառահեղ եւ խորախորհուրդ պատգամ մըն է ողջ հայութեան համար, ի մասնաւորի` սփիւռքահայութեան համար, որ թափառական` օտարութեան մէջ երկար տարիներ մարտնչեցաւ, պայքարեցաւ եւ շատ անգամ զոհաբերուեցաւ անկախ հայրենիքի գերշքեղ տեսլականով:

Թուականէս 27 տարիներ առաջ մեր հայրենիքի հերոս եղբայրները աւելի քան 70 երկար տարիներ խորհրդային  շարքերու լուծին տակ ըլլալէ ետք, իրենց հրաշալի միասնական կեցուածքով կրցան կտրել շղթաները, եւ անգամ մը եւս անկախ հայրենիքի դրօշը ծածանեցաւ Հայաստանի երկինքի վրայ` իրականացնելով իղձը, երազը` միլիոնաւոր նահատակներու:

Անկախ հայրենիքը լոյսի եւ յոյսի փարոս մը եղաւ հայ ազգին համար, մասնաւորապէս` օտար ափերու վրայ գտնուող սփիւռքահայուն: Հայրենիք մը, ուր ի վերջոյ հայը կ՛ապրի հայօրէն, ազատօրէն, որ տունն է եւ պաշտպանն է իր բոլոր զաւակներուն:

27 տարիներ ետք, դժբախտաբար, ո՛չ յաղթապանծ ոգիով է, որ կը կատարեմ այս հաստատումը, որ մենք չկրցանք, նոյնիսկ ձախողեցանք իրականացնել այն գեղեցիկ երազները, որ ունէինք մեր անկախացած հայրենիքին համար: Չկրցանք վերածել հայրենիքը այն դրախտավայրին, որ մենք աւելի քան հարիւր տարի պատկերացուցինք մեր միտքերուն մէջ. այո՛, ստոյգ կերպով եղան բազմաթիւ ժխտական արարքներ` շահագործելու սփիւռքահայուն անսակարկ հայրենասիրութիւնը, բազմաթիւ արարքներ` շողոքորթելու ափիւռքահայուն ճակտի քրտինքով հայրենիքի նուիրուած լուման եւ, այսպիսով, սփիւռքը սկսաւ կորսնցնել կողմնացոյցը եւ ահաւասիկ «երազային հայրենիքի» տեսլականը սկսաւ կամաց-կամաց ջնջուիլ նոր սերունդին միտքերուն մէջէն: Բայց չե՛մ հաւատար եւ չե՛մ ընդունիր, որ մեր հայրենի եղբայրներն ու քոյրերը մաս կը կազմեն այդ վատ  ցեցերուն, եւ բարձրաձայն կ՛ուզեմ հաստատել, որ անոնք անմեղ ականատեսներն էին, իսկ դերակատարները` անհատներ, խմբակցութիւններ կամ կազմակերպութիւններ, դաստիարակուած խորհրդային իշխանութենէն մնացած օգտուելու հոգեվիճակով, այժմ` պատեհապաշտ չարամիտներ, որոնք առեւանգեցին մեզմէ հայրենիքը իր հաստատութիւններով` վերածելով զայն իրենց անձնական խաղավայրին: Այսպիսով, հայրենիքը սկսաւ պարպուիլ, իսկ յուսաբեկ սփիւռքը սկսաւ մաշիլ, ինչպէս հաստատեց Արամ Ա. կաթողիկոսը իր հռչակաւոր ճառերէն մէկուն մէջ:

Բարեբախտաբար անգամ մը եւս մեր ողջամիտ ընտիր հայրենի քոյրերն ու եղբայրները 27 երկար տարիներ սպասելէ ետք փաստեցին, որ իրենք երբեք համաձայն չեն այդ ժխտական իրավիճակին եւ բացարձակ չեն բաժներ նոյն երազները այդ «խմբակցութիւններուն»: Այսպիսով, ժողովրդային աննախընթաց պատմական մեծ պոռթկումով մը յեղաշրջեցին ամբողջ անցեալի տիրող կազմը եւ իրենց ազատ ու անկախ կամքով ընտրեցին յարգարժան Նիկոլ Փաշինեանը` իբրեւ իրենց ղեկավարն ու առաջնորդը, եւ ահա անգամ մը եւս փայլուն ապագայի յոյսը կը շողշողայ մեր սրտերուն մէջ, եւ պայծառ ապագայի տեսլականը անգամ մը եւս վերապրեցաւ ողջ հայութեան միտքերուն մէջ: Յոյսի նշոյլները սկսան վերածնիլ, ի մասնաւորի` սփիւռքահայութեան սրտերուն մէջ, որովհետեւ սփիւռքը ինքզինքը երբեք չէր ընդունած իբրեւ ինքնանպատակ գոյութիւն: Ան ապրեցաւ, ծրագրեց, գործեց եւ պայքարեցաւ միշտ հայրենիքի համար, այն հայրենիքը, որուն համար դարեր շարունակ մեր պապերը իրենց արեւն ու արցունքը թափեցին, հաւատքն ու յոյսը խառնեցին մեր սրբազան հողին:

Այս պահուն կ՛ուզեմ մէջբերել լիբանանահայ արձակագիր, մտաւորական, վաստակաւոր մշակ Արա Արծրունիի գերիմաստալից խօսքը` «Ճշմարիտ հայրենասիրութիւնը հայրենադարձութիւնն է միայն»: Կը կրկնեմ` «Ճշմարիտ հայրենասիրութիւնը հայրենադարձութիւնն է միայն»: Կ՛ուզեմ պահ մը կանգ առնել այս խորախորհուրդ նախադասութեան առջեւ:

Ո՞ւր են արդեօք այսօր Հնդկաստանի մեր 600 հազար հայորդիները:

Ո՞ւր են արդեօք Լեհաստանի մեր 400 հազար եղբայրները, Թիֆլիսի 500 հազար հայերը, Պաքուի 400 հազար հայորդիները. Խրիմի, Պալքանեան երկիրներու մեր ազգակիցները, իսկ ամէնէն սահմռկեցուցիչ հարցումը, որ վախով ես ինծի կու տամ, որ այսօրուան հայահոծ սփիւռքի հայաւանները արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլան 50 տարիներ ետք: Հսկայ հոսք դէպի մեծ ձուլարաններ:

Այո՛, սփիւռքի համար միշտ յստակ էր, որ առանց հայրենադարձութեան` մենք ուշ կամ կանուխ դատապարտուած ենք կորուստի: Ի զուր չէ, որ յղացուեցաւ «Դէպի Երկիր» նշանաբանը, ապա շեշտուեցաւ` «Շո՛ւտ գացէք, շա՛տ գացէք»:

Յարգելի՛ հայրենակիցներ, եկէք` այսուհետեւ չայպանենք մեր հայրենիքի քոյրերն ու եղբայրները, որովհետեւ անհեթեթ ու անհիմն պատճառաբանութիւնները պարզապէս ժամավաճառ կ՛ըլլան գերագոյն նպատակին առջեւ: Հայրենասիրութիւնը հայրենադարձութեան մէջ է. հայրենիքի անկախացումէն 27 տարիներ ետք կարիքը ունինք հաւատքի վերանորոգման, կամքի պրկումի, ազգային գիտակցութեան վերազարթօնքի եւ անգամ մը եւս իբրեւ սփիւռքահայ պէտք է նայինք Հայաստանին` մեր արեան կանչով մեր ազգային պատկանելիութեամբ, որպէս մեր յաւերժական հայրենիքի:

Դէպի հայրենիք, ա՛յս պէտք է ըլլայ մեր ներկայ նշանաբանը` միասնաբար կերտելու տիպար, հզօր հայրենիք մը, հիմնուած` արդարութեան եւ ընկերային լաւագոյն պայմաններու վրայ, ի մտի ունենալով իր զաւակներուն առաւել ու առաւել բարգաւաճումը եւ բարելաւումը: Հայրենիք մը` պաշտպան ու գուրգուրացող անխտիր իր ամբողջ զաւակներուն վրայ, ի վերջոյ հայրենիք մը, որ խթանը կ՛ըլլայ մեր գերագոյն երազի իրականացման, որն է կերտումը միացեալ, ազատ, անկախ Հայաստանի:

Ապրի՛ք, ապրի՛ վեհ հայ ժողովուրդը:

aztagdaily.com/archives/409301

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail