Անկախութեան 10 պատուիրանները
Մայիս 28 եւ Սեպտեմբեր 21, Առաջինը Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը, Բնականաբար Անկախութիւն ձեռք բերելու ճամբով, Արիւնով, Վաստակով եւ Քրտինքով աւելի քան 6 դարու ստրկութենէ ետք, Իսկ երկրորդը Վերանկախացումը Հայաստանի Խորհրդային Միութեան փլուզման Ի տես․․․
Այսօր փաստը այն է որ Հանրապետութեան վարչակազմը երկու թուականները ընդունած են համահաւասար եւ երկու պարագային եւս երկիրը ոչ աշխատանքային Տօնական օր կը հռչակուի․․․
Յարգանք, Խոնարհում եւ Խնկարկում ամէն մէկ ընկած Զոհի առաջ․․․
Կը Շնորհաւորենք Ազգով զիրար եւ շատ ճիշդ կընենք որովհետեւ մենք գիտենք ինչ՞ կը նշանակէ անկախութեան բացակայութիւնը, հաւանաբար մեզանից ոչ մէկ ուրիշ Ազգ այսքան տանջուած ըլլայ յանուն Անկախութեան, Ազգեր վերացան, անհետացան բայց մենք մնացինք եւ տանջուեցանք ու կը շարունակենք տանջուիլ յանուն այդ վեհ գաղափարին յանուն աւելի Անկախին․․․
Դիմատետրային, Բաժակային, Բեմային շնորհաւորանքներէն անդին պիտի անցնինք եւ ուխտ կատարենք, չի բաւեր Շնորհաւորենք մեր Հայրենիքի Անկախութիւնը եւ Շնորհաւորանքի համար բարձրացուած բաժակի պարունակութեան շիշը ջարդենք եւ թափենք նոյն Հայրենիքի բնութեան գիրկը վիրաւորելով զինք իր անկախութեան իսկ օրով, պիտի զգաստանանք եւ թէկուզ միայն Մայիս 28 եւ Սեպտեմբերի 21-ին տարբեր մօտեցում ունենանք եւ յիշենք 10 պատուիրանները յանուն մեծ երազին, Յանուն Անկախութեան ․․․
1- Մի կաշառէր
2- Մի կաշառուիր
3- Մի վաճառէր խիղճդ նիւթականով
4- Մի գնէր նիւթականով խիղճ
5- Մի յիշեր Անկախութեան Մօրը ամէն պատեհ առիթով
6- Բնութիւնը պահպանէ
7- Պետութեան իմաստը յարգէ
8- Եռագոյն դրօշակէն բացի ուրիշ դրօշի մի երկրպագէր
9- Վասն Հայրենեաց բոլոր նահատակներուն յիշէ
10- Յարգէ որ Յարգուիս, Սիրէ որ Սիրուիս, Տուր որ Ստանաս, Ապրիր որ Ապրեցնես․․․
Բարեւս տուի անցայ գնացի
Զարեհ Եահնիեան