20 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Փարիզի վերաքննիչ ատեանը Սեպտեմբեր 20ին մերժեց Ատրպէյճանի կառավարութեան բողոքը, որ իրականութեան մէջ փորձ մըն էր Ատրպէյճանի մէջ սովորական դարձած խօսքի ազատութեան ոտնակոխումները Ֆրանսա արտածելու։
Արդարեւ, Պաքուն, ատեանին կատարած իր դիմումին մէջ կը պահանջէր բեկանել ֆրանսական տեղական դատարանի մը մէկ վճիռը, որ Ատրպէյճանը բռնապետութիւն անուանած ֆրանսացի երկու լրագրողներ յանցաւոր չէր նկատած՝ անընդունելի համարելով Ատրպէյճանի կառավարութեան հայցը այդ գծով։ Արդ, Պաքու նշեալ լրագրողները կ՛ամբաստանէր Ատրպէյճանը վարկաբեկելու յանցանքով։ Այդ վճիռէն ետք, Պաքու դիմած էր Փարիզի վերաքննիչ ատեան:
Նշենք, որ «Ֆրանս 2» կայանի նշեալ լրագրողները՝ Էլիզ Լիւսեթ եւ Լորան Ռիշար, 2015ի Սեպտեմբերին սփռուած հաղորդումի մը մէջ Ատրպէյճանը բռնապետութիւն կոչած էին, երբ կը մեկնաբանէին Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի Ատրպէյճան այցելութիւնը:
asbarez.com/arm/325860/