Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու եւ Արեւմտեան Հայաստանի իրաւունքներու պաշտպանութեան իրաւական-քաղաքական միասնական փաթեթ
Հրապարակուած է Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի, Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի ( Խորհրդարանի ) Համատեղ որոշումով` 17- 09- 2014 թուական:
Ժողովածուն կը ներկայացնէ Հայկական Հարցի վերջնական կարգաւորումի,Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նկատմամբ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան իրաւական-քաղաքական փաստաթուղթերու փաթեթի առանցքային-հիմնական բաժինը, ինչպէս նաեւ իրեն մաս կազմող հռչակագիրները ու հրամանագիրները, որոշումները ու յայտարարութիւնները:
Երկրորդ հրատարակութիւնը կը պարունակէ նոր կարեւոր փաստաթուղթեր, որոնք զետեղուած են ժողովածուի բոլոր չորս գլուխներու մէջ:
http://nt.am/am/ourpublication/9/
http://nt.am/past/htdocs/files/pdfs/ourpublication/original/fab15af73a.pdf