13 Սեպտեմբեր 1922. ­Քե­մա­լա­կան զօր­քը թրքա­կան բար­բա­րո­սու­թեամբ հրոյ ճա­րակ դար­ձուց չքնաղ եւ հնա­ւանդ Զ­միւռ­նիան

13 Սեպտեմբեր 1922

13 Սեպտեմբեր 1922. ­Քե­մա­լա­կան զօր­քը թրքա­կան բար­բա­րո­սու­թեամբ հրոյ ճա­րակ դար­ձուց չքնաղ եւ հնա­ւանդ Զ­միւռ­նիան Ն.

13 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ:

Ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու ազ­գա­յին «մաք­րա­զ­տում­նե­րու» մե­ծա­գոյն ող­բեր­գու­թիւն­նե­րէն ու գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն` հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող յու­նա­կան Զ­միւռ­նիա չքնաղ քա­ղա­քին հրոյ ճա­րակ կոր­ծան­ման 96րդ ­տա­րե­լի­ցը կը լրա­նայ այ­սօր` 13 Սեպ­տեմ­բե­րին։

1922ի ­Սեպ­տեմ­բեր 9ին, ­Դաշ­նա­կից­նե­րու նա­ւա­տոր­մին ան­տար­բեր եւ ձեռ­նա­ծալ հա­յեաց­քին տակ, քե­մա­լա­կան զօր­քը` ­Նու­րէտ­տին փա­շա­յի մը հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ, յաղ­թա­կան մուտք գոր­ծեց ե­րեք քա­ռոր­դով յու­նաբ­նակ եւ հա­յաբ­նակ Զ­միւռ­նիա քա­ղա­քը։ Ե­րեք օր շա­րու­նակ թուրք զի­նո­ւոր­նե­րը ա­հա­ւոր վայ­րա­գու­թեանց` կո­տո­րա­ծի, կո­ղո­պու­տի ու բռնա­բար­ման են­թար­կե­ցին Ե­գէա­կա­նի ա­փին հա­զա­րա­մեակ­նե­րով ապ­րած ու բար­գա­ւա­ճած այս գե­ղե­ցիկ, ար­գա­սա­բեր ու վա­ճա­ռա­կա­նա­կան մեծ կեդ­րոն քա­ղա­քը։

Բայց յատ­կա­պէս Զ­միւռ­նիա­յի հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սե­րէն 13 ­Սեպ­տեմ­բե­րին բռնկած եւ ա­րա­գօ­րէն ամ­բողջ յու­նաբ­նակ քա­ղաքն ու ա­րո­ւար­ձան­նե­րը տա­րա­ծո­ւած ան­զուսպ հրդե­հը աշ­խար­հի քար­տէ­սէն ջնջեց, գրե­թէ ամ­բող­ջու­թեամբ, յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան` քրիս­տո­նէա­կա՛ն շեշ­տա­կի դրոշ­մը Զ­միւռ­նիա­յին։ ­Քա­ղա­քի յոյն թէ հայ բնա­կիչ­նե­րէն բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք չէին կրցած մին­չեւ 8 ­Սեպ­տեմ­բեր, յու­նա­կան նա­հան­ջող զօր­քին հետ, հե­ռա­նալ ի­րենց ծննդա­վայր քա­ղա­քէն, նոյ­նիսկ ե­թէ յա­ջո­ղե­ցան խու­սա­փիլ թրքա­կան զօր­քի կո­տո­րած­նե­րէն, ի վեր­ջոյ զոհ գա­ցին Զ­միւռ­նիա­յի մեծ հրդե­հին` «բախ­տա­ւոր» պա­րա­գա­յին ծո­վը նե­տո­ւե­լով…

Այդ­պէ՛ս կոր­ծա­նե­ցաւ հել­լէ­նա­կան եւ հռո­մէա­կան դա­րե­րէն` Ք­րիս­տո­սի ծնուն­դէն հա­զա­րա­մեակ մը ա­ռաջ կա­ռու­ցո­ւած ու մին­չեւ 1920ա­կան­նե­րը հո­յա­կերտ քա­ղա­քակր­թու­թիւն մը իր ա­նու­նին կա­պած Զ­միւռ­նիան, որ յատ­կա­պէս յոյն ժո­ղո­վուր­դին, բայց նաեւ 11րդ ­դա­րէն սկսեալ հոն հաս­տա­տո­ւած հա­յու­թեան ստեղ­ծա­գործ տա­ղան­դին եւ քա­ղա­քակր­թա­կան շնորհ­նե­րուն խօ­սուն վկա­յու­թիւնն ու փառ­քի դափ­նեպսա­կը հան­դի­սա­ցաւ։

Եւ ա՛յդ բար­բա­րո­սու­թեան վրայ հիմ­նո­ւե­ցաւ Ա­թա­թուրք հռչա­կո­ւած ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, որ կոր­ծա­նո­ւած Զ­միւռ­նիա­յին փո­խա­րէն 1928ին ձեռ­նար­կեց Իզ­միր քա­ղա­քի կա­ռուց­ման, որ տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին դար­ձաւ ա­ւե­լի քան 2,5 մի­լիոն թուրք բնակ­չու­թեամբ ա­ռեւտ­րա­կան մեծ նա­ւա­հան­գիստ` մի­ջազ­գա­յին տօ­նա­վա­ճառ­նե­րու կեդ­րոն հան­դի­սա­նա­լով։

Շատ գրո­ւած է ե՛ւ 1919էն 1922 մղուած յոյն-թրքա­կան պա­տե­րազ­մին, ե՛ւ նոյ­նինքն Զ­միւռ­նիա­յի Ա­ղէ­տին մա­սին։ Այ­սօր եւս լոյս կը տես­նեն տար­բեր բնոյ­թի ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կամ գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ, ինչ­պէս եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան գոր­ծեր կը հրա­պա­րա­կո­ւին` ամ­բող­ջա­պէս լու­սա­բա­նե­լու եւ ար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար թէ՛ Զ­միւռ­նիա­յի Ա­ղէ­տը, թէ՛ Զ­միւռ­նիա­յի քա­ղա­քակր­թա­կան մեծ ներդ­րու­մը պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին։

Յատ­կա­պէս յոյն ժո­ղո­վուր­դը, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, ա­մէն ­Սեպ­տեմ­բե­րի 9ին եւ 13ին, ոչ միայն կ’ո­գե­կո­չէ յի­շա­տա­կը բազ­մա­հա­զար իր նա­հա­տակ­նե­րուն, այ­լեւ` կը սգայ կոր­ծա­նումն ու կո­րուս­տը յոյն ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ իր ան­փո­խա­րի­նե­լի տեղն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը ու­նե­ցող Զ­միւռ­նիա­յին։

Բայց նաեւ իր այժ­մէա­կան դա­սե­րով` 1922ի Զ­միւռ­նիա­յի Ա­ղէ­տը իր վրայ կը կեդ­րո­նաց­նէ ու­շադ­րու­թիւ­նը ոչ միայն յոյն ժո­ղո­վուր­դին, այ­լեւ թրքա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան այս կամ այն չա­փով զոհ գա­ցած բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, ո­րո­շա­պէս ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թեան, ո­րով­հե­տեւ 96 տա­րի ա­ռաջ պա­տա­հած մեծ ող­բեր­գու­թեան նկատ­մամբ եւս ­Թուր­քիա օ­րին որ­դեգ­րեց եւ կը շա­րու­նա­կէ կառ­չած մնալ պե­տա­կան ու պաշ­տօ­նա­կան ու­րա­ցու­մի եւ չքմե­ղան­քի միեւ­նոյն՝ թրքա­կեդ­րոն քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։

Ա­ւե­լի՛ն. Զ­միւռ­նիա­յի Ա­ղէ­տը ու­սա­նե­լի շատ ծանր դա­սեր կը փո­խան­ցէ մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի ղե­կա­վար ու­ժե­րուն նեղ-շա­հա­մո­լա­կան վար­քագ­ծին` ­Թուր­քիան սի­րա­շա­հե­լու նպա­տա­կով ա­նոնց ներ­քին մրցա­պայ­քա­րին մա­սին, որ­մէ ա­ռա­ւե­լա­գոյնս օգ­տո­ւե­ցաւ Մուս­թա­ֆա ­Քե­մալ 1922ին Զ­միւռ­նիան գրա­ւե­լու եւ այդ­պէ՛ս կոր­ծա­նե­լու ժա­մա­նակ։ ­Քե­մալ միեւ­նոյն պա­տե­հա­պաշ­տու­թեամբ գոր­ծած էր նա­խա­պէս ալ, 1920ի աշ­նան, ար­շա­ւե­լով Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վրայ եւ, ա­նոր խոր­տակ­ման ու խորհր­դայ­նաց­ման զու­գա­հեռ, բռնագ­րա­ւե­լով հա­յա­պատ­կան ­Կարսն ու Ար­տա­հա­նը, ­Վանն ու ­Կա­րի­նը` ամ­բողջ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի վրայ թրքա­կան տի­րա­պե­տու­թիւ­նը… յա­ւեր­ժաց­նե­լու մտօք։

Մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու այդ վար­քա­գի­ծը միշտ ալ բա­ւա­րար հիմք տո­ւած է թրքա­կան պե­տու­թեան վա­րիչ­նե­րուն, ­Քե­մա­լի ժա­մա­նակ­նե­րէն մին­չեւ Էր­տօ­ղա­նի այս օ­րե­րը, որ­պէս­զի ար­հա­մար­հեն պատ­մու­թիւնն ու թրքա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան զո­հե­րուն ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թիւ­նը` ան­պա­տիժ մնա­ցած ի­րենց յան­ցա­գոր­ծու­թեան վրայ գու­մա­րե­լով Ու­րաց­ման, այ­լեւ ­Պատ­մա­կան ­Նեն­գա­փոխ­ման ո­ճի­րը։

Զ­միւռ­նիա­յի Ա­ղէ­տէն 96 տա­րի ետք ալ թրքա­կան պաշ­տօ­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ աշ­խար­հին հրամց­նել միեւ­նոյն այն յան­կեր­գը, թէ իբր`

1) ­Յոյ­նե­րը ի­րե՛նք հրահ­րե­ցին ազ­գա­մի­ջեան ա­տե­լու­թիւնն ու թշնա­ման­քը, երբ 1919ի ­Մա­յի­սին «գրա­ւե­ցին» Զ­միւռ­նիան` օգ­տո­ւե­լով Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան կրած խայ­տա­ռակ պար­տու­թե­նէն։
2) Զ­միւռ­նիա մտած յոյն զի­նո­ւոր­նե­րը ուղ­ղա­կի կո­տո­րա­ծի են­թար­կե­ցին քա­ղա­քի թուրք փոք­րա­մաս­նու­թիւ­նը։
3) Զ­միւռ­նիան հրդե­հի տո­ւող­ներն ալ ե­ղան ի­րենք` յոյն զի­նո­ւոր­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց նա­հան­ջին եւ Զ­միւռ­նիան պար­պե­լու ժա­մա­նակ իբր թէ ու­զե­ցին քա­րու­քանդ քա­ղաք մը… ձգել յաղ­թա­կան թուրք բա­նա­կին։

Իբր թէ…

Ան­շուշտ ան­պա­տաս­խան մնա­ցած չէ սու­տի ու կեղ­ծի­քի ճամ­բով պատ­մու­թիւ­նը նեն­գա­փո­խե­լու եւ սե­փա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը ու­րա­նա­լու ­Թուր­քիոյ Ու­րաց­ման պե­տա­կան այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ ­Յոյն, անգ­լիա­ցի, ա­մե­րի­կա­ցի, ֆրան­սա­ցի եւ հայ պատ­մա­բան­նե­րու սպա­ռիչ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րով եւ փա­տագ­րա­կան հա­ւա­քա­ծո­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րու մէջ պա­հո­ւած զե­կու­ցագ­րե­րու եւ նա­մա­կագ­րու­թեանց ճամ­բով՝ թրքա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը, իր ամ­բող­ջա­կան ա­հա­ւո­րու­թեամբ, մեր­կա­ցո­ւած է ա­մէն կար­գի ու­րաց­ման եւ խե­ղա­թիւր­ման փոր­ձե­րէ։ Ա­րար աշ­խարհ գի­տէ, որ՝

1) ­Դաշ­նա­կից­նե­րը ի­րե՛նք ­Յու­նաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեանց վստա­հե­ցան Զ­միւռ­նիա­յի հո­գա­տա­րու­թիւ­նը եւ այդ­պէս էր, որ վար­չա­պետ ­Վե­նի­զե­լոս յու­նա­կան զօրք ղրկեց Զ­միւռ­նիա 1919ի ­Մա­յի­սին։

2) Ե­թէ մին­չեւ 9 ­Սեպ­տեմ­բեր 1922 մղո­ւած յոյն-թրքա­կան կռիւ­նե­րու ըն­թաց­քին յոյն զի­նո­ւոր­ներ գոր­ծե­ցին յան­ցանք­ներ թուրք բնակ­չու­թեան դէմ, այդ ա­րարք­նե­րը դա­տա­պար­տե­լի ըլ­լա­լով հան­դերձ` պա­տե­րազ­մը կորսնց­նող բա­նա­կի մը զի­նո­ւոր­նե­րուն ան­կարգ եւ հասկ­նա­լի հա­կազ­դե­ցու­թեանց հե­տե­ւան­քը ե­ղան, մինչ­դեռ քե­մա­լա­կան զօր­քը` յաղ­թա­կան մուտք գոր­ծե­լով Զ­միւռ­նիա, ուղ­ղա­կի ­Նու­րէտ­տին փա­շա­յի հրա­հան­գով ձեռ­նար­կեց յոյն եւ հայ բնակ­չու­թեան սպան­դին ու քա­ղա­քի հրոյ ճա­րակ կոր­ծա­նու­մին։

3) ­Դաշ­նա­կից­նե­րը իր բախ­տին լքե­ցին Զ­միւռ­նիան եւ ա­նոր յոյն թէ քրիս­տո­նեայ ազ­գաբ­նակ­չու­թիւ­նը պաշտ­պա­նող յու­նա­կան զօր­քը, երբ ­Քե­մալ սկսաւ ­Լե­նի­նի հետ իր սի­րա­բա­նու­թեան, իսկ անգ­լիա­ցիք եւ ա­մե­րի­կա­ցիք, ֆրան­սա­ցիք ու ի­տա­լա­ցիք սկսան թրքա­կան ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան նո­րա­յայտ ա­ռաջ­նոր­դին սի­րա­շա­հե­լու մի­ջոց­ներ փնտռե­լու, որ­պէս­զի չկորսնց­նեն Ա­ռա­ջին Աշ­խա­րա­հա­մար­տի ի­րենց նո­ւա­ճած պա­տե­րազ­մա­կան ա­ւար­նե­րը…

Պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը փաս­տագ­րող աղ­բիւր­նե­րը նաեւ կ’անդ­րա­դառ­նան յու­նա­կան ներ­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ այդ շրջա­նին ե­րե­ւան ե­կած տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով ­Վե­նի­զե­լոս կորսն­ցուց իշ­խա­նու­թիւ­նը եւ փո­խա­րի­նո­ւե­ցաւ ու­ժե­րով, ո­րոնք ռազ­մա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան փոր­ձա­ռու ու­ժե­րը հե­ռա­ցու­ցին յոյն-թրքա­կան ռազ­մա­ճա­կա­տէն, ինչ որ ե­կաւ ա­ւե­լիով տկա­րաց­նե­լու Զ­միւռ­նիա հաս­տա­տո­ւած յու­նա­կան զօր­քին դի­մադ­րա­կա­նու­թիւ­նը, գու­մա­րո­ւե­լով ­Դաշ­նա­կից­նե­րուն կող­մէ լքո­ւած ըլ­լա­լու վի­ճա­կին վրայ։

Այս բո­լո­րը ա­ռաւե­լա­գոյն ա­ռար­կա­յա­կա­նու­թեամբ եւ գի­տա­կան փաս­տագ­րու­թեամբ ներ­կա­յա­ցո­ւած են տաս­նեակ հա­տոր­նե­րու մէջ, բայց յատ­կա­պէս ա­մե­րի­կա­հայ պատ­մա­բան Մար­ճը­րի ­Յով­սէ­փեան-­Տոփ­քի­նի «Զ­միւռ­նիա 1922.- ­Քա­ղա­քի մը կոր­ծա­նու­մը» խո­րագ­րով կո­թո­ղա­կան գոր­ծին մէջ։

Թր­քա­կան ու­րա­ցում­նե­րը եւ խե­ղա­թիւ­րում­նե­րը ո­րե­ւէ հիմք չու­նին։

9էն 13 ­Սեպ­տեմ­բեր 1922ին ­Թուր­քիա մեծ ո­ճիր մը եւս ա­ւել­ցուց դա­րա­ւոր իր յան­ցա­գոր­ծու­թեանց տխրահռ­չակ պատ­մու­թեան վրայ։
Թր­քա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեէն վե­րապ­րած ժո­ղո­վուրդ­նե­րը չեն կրնար մոռ­նալ ի­րենց նա­հա­տակ­ներն ու քա­ղա­քակր­թա­կան ծան­րա­գոյն կո­րուստ­նե­րը, բայց նաեւ ի­րենց մէջ ու­ժը պէտք է գտնեն չմոռ­նա­լու պատ­մու­թեան դա­ժան դա­սե­րը, որ­պէս­զի ան­պա­տիժ մնա­ցած ցե­ղաս­պան ­Թուր­քիոյ կող­մէ որ­դեգ­րուած Ու­րաց­ման շա­րու­նա­կո­ւող քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դար­ձեալ զոհ չեր­թան… ի­րենց նոր սե­րունդ­նե­րով։

Մա­նա­ւանդ՝ մտա­հան չը­նեն քա­ղա­քա­կիրթ մարդ­կու­թեան կեան­քին հետ ըստ կամս վա­րո­ւող մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու ­Պի­ղա­տո­սեան պա­տե­հա­պաշ­տու­թիւ­նը եւ կայ­սե­րա­պաշ­տու­թիւ­նը։

Պատ­մու­թեան այդ ող­բեր­գա­կան դա­սե­րը մտա­հան չը­նե­լու հար­կին տակ է, յոյն ժո­ղո­վուր­դին հետ, նաեւ ու մա­նա­ւանդ վե­րապ­րող հա­յու­թիւ­նը։ Ինչ­պէս որ «­Հայ­կա­կան ­Հարց» հան­րա­գի­տա­րա­նի մէջ (հրա­տա­րա­կո­ւած 1996ին) Ա. ­Խա­ռա­տեան կը վկա­յէ՝

«Այդ ժա­մա­նակ Զ­միւռ­նիա­յում գտնուող ­Թոր­գոմ ­Զօ­րա­վա­րը ընդ­հա­նուր խառ­նաշ­փո­թի մէջ ի վի­ճա­կի չե­ղաւ կազ­մա­կեր­պե­լու բնիկ հա­յե­րի ու Զ­միւռ­նիա­յում հաս­տա­տո­ւած մեծ թո­ւով հայ գաղ­թա­կան­նե­րի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը: ­Կո­տո­րա­ծից խու­սա­փե­լու հա­մար, հա­զա­րա­ւոր հա­յեր ա­պաս­տա­նե­ցին Ս.Ս­տե­փա­նոս ե­կե­ղե­ցու տա­րած­քում: ­Սեպ­տեմ­բե­րի 13ին քա­ղա­քում ծայր ա­ռաւ վիթ­խա­րի հրդեհ, ո­րը քե­մա­լա­կան­նե­րի ձեռ­քի գործն էր (թուր­քա­կան եւ խորհր­դա­յին պատ­մա­բան­նե­րը ան­հիմն պնդում էին, թէ քա­ղա­քը հրդե­հել են նա­հան­ջող յոյ­նե­րը):

Հր­դե­հի հե­տե­ւան­քով ա­ւե­րո­ւե­ցին ա­ւե­լի քան 50 հա­զար տուն, 24 ե­կե­ղե­ցի, 28 դպրոց, բան­կեր (դրա­մա­տուն­ներ), հիւ­պա­տո­սա­րան­ներ, հի­ւան­դա­նոց­ներ: Ք­րիս­տո­նեա­նե­րի կո­տո­րա­ծը կա­տա­րո­ւեց ոչ միայն քա­ղա­քում, այ­լեւ՝ ծո­վա­փին, եւ­րո­պա­կան մար­տա­նաւ­նե­րի Զ­միւռ­նիա­յի անձ­նա­կազ­մե­րի աչ­քի ա­ռաջ, սա­կայն նրանք ի շահ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան՝ ո­չինչ ա­րե­ցին զո­հե­րին փրկե­լու հա­մար: «Զ­միւռ­նիա­յում գտնո­ւող ա­մե­րի­կեան գրող ­Հե­մին­գո­ւէ­յը մռայլ գոյ­նե­րով է նկա­րագ­րում թուրք բար­բա­րոս­նե­րի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը քրիս­տո­նեա­նե­րի նկատ­մամբ: ­Թուր­քե­րը կո­տո­րե­ցին նաեւ Զ­միւռ­նիա­յի շրջա­կայ տա­րածք­նե­րի յոյ­նե­րին եւ հա­յե­րին, ինչ­պէս նաեւ ջրա­սոյզ ա­րե­ցին այն նա­ւե­րը, ո­րոնց վրայ ա­պաս­տա­նել էին բազ­մա­թիւ փրկո­ւած­ներ: ­Կո­տո­րած­նե­րից փրկո­ւե­ցին սա­կա­ւա­թիւ յոյ­ներ եւ հա­յեր, ո­րոնց յու­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը նա­ւե­րով տե­ղա­փո­խեց ­Յու­նաս­տան:

«Զ­միւռ­նիա­յի ա­ղէ­տը թուր­քա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մա­կեր­պած ցե­ղաս­պա­նու­թեան ակտ (քայլ) էր յոյն եւ հայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րի նկատ­մամբ»:

Պատ­մու­թեան ող­բեր­գա­կան այս դա­սե­րուն լոյ­սին տակ ի­րենց լիար­ժէք ի­մաս­տը կը գտնեն մեր օ­րե­րուն եւ­րո­պա­կան եւ ընդ­հան­րա­պէս մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան՝ խորհր­դա­րան­նե­րու եւ կա­ռա­վա­րու­թեանց կող­մէ որ­դեգ­րո­ւած օ­րի­նա­գիծ­նե­րը, ո­րոնք քրէա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն եւ պատ­ժե­լի ա­րարք կը հռչա­կեն ­Ցե­ղաս­պա­նա­կան Ա­րարք­նե­րու ու­րա­ցումն ու ժխտու­մը։

azator.gr/?p=11004

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail