“Դուխով”, Ոգով դէպի առաջ դէպի երիտասարդացում․․․ Բարեւս տուի անցայ գնացի

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

Մէկ Մխիթար երկու պատմութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար Մխիթարը շրջայց կը կատարէ Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի Հայկական գաղթօճախներուն․․․

1- Հայաստանի պետութեան այժմեան ամենէ երիտասարդ եռանդուն նախարարը կը հանդիպի սփիւռքեան ծերակուտականներուն, այս Պաշտօնական այցելութիւններու ժամանակ ակնյայտ կը դառնայ լուսանկարներէն, Երիտասարդ Նախարարը ոչ երիտասարդ սփիւռքեան տարբեր մակարդակի նախարարներու հետ սակայն պատկերը լրիւ այլ երեւոյթ կստանայ երբ կը տեսնենք ոչ պաշտօնական հանդիպումներու նկարներ, Երիտասարդ Նախարարը սփիւռքի Երիտասարդներու հետ եռանդուն, կայտառ եւ իրաւունք պահանջող երիտասարդներու կողքին նախարարը աւելի հպարտ է կարծէք քան պաշտօնական նկարներու մէջ, իսկ սփիւռքի երիտասարդներու հայեացքներու եւ աչքերու խոռը նայուածքի մէջ միայն կարելի է կարդալ մէկ նախադասութիւն, «երանի թէ մեր ինքնաշարժներուն վարորդները եւս փոխուին ու ձեզ նման երիտասարդանան․․․»

2- Դարեր առաջ Հայ ազգը երբ չունէր Հանրապետութիւն ունէր թագաւորութիւն եւ իրար հետ ոչ հաշտ իշխանական տոհմեր, այն ժամանակ եւս կար Մխիթար մը, ով ընտրուեցաւ ղեկավար հասարակութեան կողմէ Դաւիթ բեկի զոհուելէն ետք, հասարակութիւնը միաբերան գոռացին Մխիթարին կուզենք տեսնել այդ պաշտօնին, դիրքին, աթոռին, այսօր եւս կարծէք ոչ մէկ բան փոխուած չըլլայ, հասարակութիւնը կուզէ Մխիթարին սակայն միւս կողմը կանգնած են Պղինձ Արթինը եւ իրեն հովանաւորող Հայ իշխանները որոնք Մխիթարի ներկայութեան հանգիստ պիտի չկարենան թալանել իրենց իսկ ժողովուրդին իսկ երբ Մխիթարը այցի գայ իրենց մօտ պիտի հիւրասիրեն լաւագոյն թիկնազօրով եւ համեղ ուտեստներով․․․

Ոչ Մխիթարն է փոխուել եւ ոչ Արթինները առաւել եւս ոչ Ժողովուրդը

Այժմ առիթը ներկայացած է փոխուելու, եթէ այս հանգրուանը եւս բաց թողնենք պիտի սպասենք եւս հարիւրամեակներ եւ կրկին պիտի արտասանենք Մեծ Ի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի նախադասութիւնը

«Հայաստանը կը դատարկուի, սփիւռքը կը մաշի» եւ կամ աւելի արդի նախադասութիւնը «Դատարկուած Հայաստան եւ Մաշած Սփիւռք»
“Դուխով”, Ոգով դէպի առաջ դէպի երիտասարդացում․․․

Բարեւս տուի անցայ գնացի

Զարեհ Եահնիեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail