«ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ»
Այս նիւթով բազմաթիւ գրութիւններ եղան դիմատետրի մէջ եւ նաեւ եղան բանավէճեր, զիրար չհասկացողներ եւս եղան,, Բարդ գրական Հայերէնի զոհեր նաեւ յայտնուեցան,քաղաքակիրթ սահմանը հատողներ միշտ ալ կըլլան եւ այդպէս ալ վէրքը մնաց բաց եւ անսպի․․․
փորձեմ նոյն հարցը պատկերաւոր անկիւնէ ներկայացնել եւ դիմակայել սուր յարձակումներու լռելեան ձեւով․․․
Հայրիկ՝, չես կարծեր որ ժամանակը արդէն շատոնց հասած է որ ես ունենամ (Motorcycle);
Ոչ տղաս, այդ մէկը մտքէդ հանէ, շատ վտանգաւոր է;
Թէ՝, ուրեմն Հայրիկ հիմա ինձ պատասխան տուր
Եթէ ես (motorcycle) պիտի չունենամ եւ պիտի չօգտագործեմ հապա ինչու՞;
Երբ երեխայ էի տակաւին ինձ կը նստեցնէիր ետեւը այն motorcycle-ին որ դուն կը քշէիր․․․
Ինչու՞ ինձ սորվեցուցիր քշել
Ինչու՞ ղրկեցիր յատուկ դպրոց որ անգամ մանրուքները սորուիմ
Ինչու՞ ինձ զրկեցիր միւս միջոցներէն
Ինչու՞ ընկերներուս հետ չկարողացայ շփուիլ որովհետեւ իրենք ուրիշ միջոց կը սորվէին
Ապրեցայ, սորուեցայ, մասնագիտացայ կեանքս զոհեցի ու նուիրաբերեցի յանուն motorcycle-ի որպէսզի հիմա ինձ ըսես թէ վտանգաւոր է, եթէ պիտի չթողնէիր, եթէ գիտէիր վտանգաւոր է ինչու՞ ինձ այդքան այդ ուղղութեամբ ստիպեցիր երթամ․$
Թէ՝, պատասխանէ Հայրիկ
Եթէ որս պիտի չանեմ ինչու՞ սորվեցուցիք որսորդութիւն
Եթէ բժիշկ պիտի չդառնամ ինչու՞ ուսանեցայ երկար տարիներ բժշկութիւն
Եթէ Հայաստան պիտի չվերադառնամ եւ հաստատուիմ Ինչու՞ այսքան տանջանքներու միջով ինձ անցուցիք, ինչու՞ ինծի Հայ պահեցիք, Ինչու՞ չթողեցիք օտարի հետ ամուսնանամ, ինչու՞ օտարի լեզուն երկրորդական համարեցի, Ինչու՞ Ազգիս հայհոյողին հետ կռիւ ըրի անգամ զոհուեցայ, այդ բոլորը ինչու՞
Ով՞ պիտի պատասխան տայ․․․
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւն եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, էական չէ ով՞ է ղեկավարած սփիւռքը, ով՞ է ծրագրով պաշտպանած Հայութիւնը աւելի, երեք կուսակցութիւններ որոնք ունին բազմաթիւ դրօշակներ քաղաքական մարզական եւ այլ, բնական էր որ իրար մէջ պիտի մրցակցութիւն ըլլար թէ որ դրօշակը միւսէն աւելի բարձր ծածանէր բայց երբ մէջ մտնէր ԿԱՐՄԻՐ ԿԱՊՈՅՏ ՆԱՐՆՋԱԳՈՅՆ դրօշակը անխտիր բոլորը պիտի խոնարհուէին անոր առաջ թէկուզ որոշ կուսակցութիւններ տասնամեակներ հալածեցին այդ դրօշը, Սրբութիւնը սակայն որոշի համար մնացած դրօշակները պիտի ըլլային աւելի ցած քան եռագոյնը
Այսօր տուն կանչողը եռագոյնն է եւ ոչ մէկ ուրիշ դրօշակ
Չսպասենք պաշտօնական ներգաղթի զանգին ոչ հայրենի պետութեան կողմէ եւ ոչ ալ սփիւռքի զանազան կառոյցներէ այլ անհատական մօտեցումով առնենք որոշում եւ վերադառնանք ՏՈՒՆ․․․
Բարեւս տուի անցայ գնացի
Զարեհ Եահնիեան