«Արցախը Անկախութեան Նոյնքան Իրաւունք Ունի, Որքան Հայաստանը, Պելառուսը եւ Ատրպէյճանը»

«Արցախը Անկախութեան Նոյնքան Իրաւունք Ունի, Որքան Հայաստանը, Պելառուսը եւ Ատրպէյճանը». Մինսկի մէջ Յայտնած է Էդուարդ Շարմազանով

24 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 –:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ են ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ Տիգրան Ուրիխանեանը եւ Տաճատ Վարդապետեանը, Սեպտեմբեր 24-ին Մինսկի մէջ հանդիպած է Պելառուսիոյ Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Վլատիմիր Անտրէյչենքոյի հետ:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը , հանդիպման ընթացքին կողմերը կարեւոր համարած են հայ-պելառուսական միջխորհրդարանական յանձնաժողովի համատեղ աշխատանքը, համագործակցութիւնը ՀԱՊԿ, ԱՊՀ եւ ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովներուն: Անդրադարձ կատարուած էերկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման ԵԱՏՄ ծիրէն ներս:

ՀՀ ԱԺ փոխնախագահը ներկայացուցած է ՀՀ արտաքին քաղաքական օրակարգի կարեւորագոյն հարցերը` ընդգծելով, որ մեր երկրի համար առանցքային նշանակութիւն ունի անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն արդիւնաւէտ դիմակայելը: Այս պարունակին մէջ Էդուարդ Շարմազանով անդրադարձած է ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման` եւս մէկ անգամ վերահաստատելով հայկական կողմի դիրքորոշումը` հիմնախնդիրը պէտք է կարգաւորուի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով` երեք յայտնի սկզբունքներու հիման վրայ:

«Բանակցութիւններուն մէջ առաջընթացի միակ խոչընդոտը Ատրպէյճանի ապակառուցողական դիրքորոշումն է: Այդ պետութիւնը կը մերժէ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ամբողջական իրացումը, մինչդեռ հակամարտութեան կարգաւորումը պէտք է երաշխաւորէ Արցախի ժողովուրդի անքակտելի իրաւունքներու իրագործումը: Արցախը անկախութեան նոյնքան իրաւունք ունի, որքան Հայաստանը, Պելառուսիան եւ Ատրպէյճանը»,-ըսած է ան:

yerakouyn.com/2018/09/24

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail