24 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքը ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները հեռացուցած է Սուրիոյ Տէր Զօր նահանգէն: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է սուրիական ՍԱՆԱ պետական լրատու գործակալութիւնը:
Միջազգային դաշինքի մարտական ուղղաթիռները, որոնց գործողութիւնները կը համակարգեն Միացեալ Նահանգները, արշաւ կատարած են Մարաշտա բնակավայրէն ՏԱՀԵՇ-ի պարագլուխներու հեռացման նպատակով: Աղբիւրին հաղորդումով` այդ շրջանին մէջ կը պահուըտին ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներու մնացորդները:
Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ արեւելքը գտնուող Տէր Զօր նահանգի համանուն քաղաքը ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներէն ազատագրուած էր նոյեմբեր 2017-ին:
aztagdaily.com/archives/409347