Տումա. «Պէտք Է Փակել Սուրիոյ Օդային Տարածքը Եւ Վար Առնել Իսրայէլեան Օդանաւերը»

24 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ռուսիոյ խորհրդարանը` Տուման երէկ յայտարարեց, թէ «իսրայէլեան օդուժին դիմաց պէտք է փակել Սուրիոյ օդային տարածքը, ուր կը գտնուին ռուս զինուորներ»` աւելցնելով. «Պէտք է վար առնել իսրայէլեան օդանաւերը, եթէ խախտեն Սուրիոյ օդային տարածքը»:

«Կարելի չէ իսրայէլացիներուն ներել ռուսական օդանաւի վար առնուելու դէպքին համար», նշեց Տուման` աւելցնելով. «Իսրայէլացիները զգուշացումներէ չեն հասկնար, ուստի պէտք է անոնց նկատմամբ խիստ քայլեր որդեգրել»:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ Լաթաքիոյ ծովեզերքին մօտ ռուսական օդուժի «Իլ-20» օդանաւին վար առնուելուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ հրապարակեց:

Նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշինքով յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական «Իլ-20»-ի վար առնուելուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը կրէ իսրայէլեան օդուժը` նշելով, որ վերջինիս վարմունքը վտանգած է ռուսական օդանաւը:

Ան յայտնեց, որ իսրայէլացի պատուիրակը 17 սեպտեմբերին ռուսերէնով զգուշացուցած է ռուսական կողմը, սակայն Իսրայէլ ապակողմնորոշած է Ռուսիան` իր օդային հարուածի վայրին վերաբերեալ սխալ տեղեկութիւն հաղորդելով, ինչ որ արգելք հանդիսացած է, որ «Իլ-20»-ը հասնի անվտանգ տարածք: Իսրայէլ նաեւ ռուսական կողմը տեղեակ չէ պահած իր ռմբաձիգներուն գտնուած վայրին մասին: Ան նշեց, որ զրոյցը ձայնագրուած է:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ իսրայէլեան «Էֆ-16»-երը պահուըտած են ռուսական օդանաւին ետին:

«Իլ-20»-ը խոցուելէ ետք սկսած է պարտադիր էջք կատարել, իսկ իսրայէլեան օդանաւերը 10 վայրկեան ետք հեռացած են շրջանէն, երբ իրենց փոխանցուած է, թէ ռուսական օդանաւը խոցուած է: Իսրայէլեան բանակը «Իլ-20»-ի վար առնուելէն 50 վայրկեան ետք առաջարկած է իր օժանդակութիւնը: Քոնաշինքով յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը կա՛մ քրէական նկատուող բացթողում արձանագրած է, կա՛մ ալ ոչ արհեստավարժ վարմունք ցուցաբերած:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը նաեւ յայտնեց, որ ռուսական զինուորական ոստիկանութիւնը Կոլանի մէջ անջատման գիծին վրայ հսկողութեան 6 կէտեր ունի, եւ Իրանի համակիր խմբաւորումներու աւելի քան հազար անդամներ ու 24 բազմափող հրթիռային համակարգեր Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան միջնորդութեամբ հեռացուած են Կոլանէն:

aztagdaily.com/archives/409346

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail