27 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԱԿ-ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ:
Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծումը կը շարունակէ գերակշռել Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգին վրայ: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, այս մասին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ելոյթ ունենալով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 73-րդ նստաշրջանին: «Արցախի Հանրապետութեան կարգավիճակը եւ անվտանգութիւնը պիտի ըլլան Հայաստանի Հանրապետութեան բացարձակ առաջնահերթութիւնները բանակցային գործընթացին: Տագնապը զինուորական ճամբով լուծելու որեւէ փորձ ուղղակի սպառնալիք է շրջանային անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներուն համար: Հայաստանը պիտի շարունակէ իր կառուցողական ներգրաւուածութիւնը տագնապի լուծման խաղաղ գործընթացին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ձեւաչափով, որուն ալ տրուած է տագնապի խաղաղ լուծման միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ իրաւագիրը: Ազրպէյճանը պէտք է փոխէ բանակցութիւններուն նկատմամբ իր անյարգալից վերաբերմունքը, պէտք է լիովին հրաժարի ցանկացած ռազմական լուծման գաղափարէն եւ իրագործէ բոլոր նախորդ համաձայնագիրները», ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւելցուցած է, որ եթէ Ազրպէյճանը իսկապէս հաւատարիմ է խաղաղ գործընթացին, պէտք է սկսի երկխօսիլ այս տագնապի հիմնական տիրոջ` Լեռնային Ղարաբաղի հետ: «Ազրպէյճանը ամէն առիթով կը յայտարարէ, որ Ղարաբաղը պէտք է ըլլայ իր տարածքին մէկ մասը: Միեւնոյն ժամանակ կը յայտարարէ, որ պիտի չբանակցի Լեռնային Ղարաբաղի հետ: Խնդիրը այն է, թէ ինչպէ՛ս կրնայ Ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ յաւակնութիւն ներկայացնել առանց նոյնիսկ Լեռնային Ղարաբաղի հետ երկխօսելու: Ատիկա կարելի՞ է: Ատիկա կարելի է, եթէ միայն Ազրպէյճանի ղեկավարութեան կը հետաքրքրէ ոչ թէ ժողովուրդը, այլ` բուն տարածքը: Այսպիսով, ակնյայտ կը դառնայ, որ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան մտադրութիւնը այն է, որ Ղարաբաղը մաքրուի հայերէ, ինչպէս եղաւ Նախիջեւանի մէջ: Ասիկա իրաւունք կու տայ Լեռնային Ղարաբաղին ըսելու, որ Ազրպէյճանի մաս կազմելը Ղարաբաղի բնակչութեան համար կը նշանակէ լիակատար բնաջնջում: Հետեւաբար Ղարաբաղը պէտք չէ ըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, եթէ ոեւէ մէկը չի փափաքիր թոյլ տալ հայ ժողովուրդի նոր ցեղասպանութիւն: Ամփոփելով` թոյլ տուէք վերահաստատել. տագնապը կրնայ եւ պէտք է լուծուի միայն կողմերու փոխադարձ զիջումներուն միջոցով` խաղաղութեան եւ ո՛չ թէ պատերազմի մթնոլորտի մէջ», ընդգծած է վարչապետ Փաշինեան:
Ելոյթի աւարտին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը չափազանց կարեւոր նկատած է իր երախտագիտութիւնը յայտնել ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ջանքերուն եւ մօտեցումներուն հանդէպ իր անվերապահ աջակցութեան համար:
aztagdaily.com/archives/409914