Հայաստան եւ ԱՊՀ Վեց Երկիրները Կը մասնակցին Հակաօդային Պաշտպանութեան Զօրավարժութիւններուն

27 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

ԱՊՀ եօթ երկիրները սկսած են հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) մարզումներու, որոնց կը մասնակցի մինչեւ 100 օդանաւ, կը հաղորդէ «Նիւզ»-ը՝ վկայակոչելով «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը։

Մարզումներուն կը մասնակցի Ռուսիոյ, Հայաստանի, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի, Ղրղզիստանի, Տաճիկստանի, Ուզպեքիստանի Զինուած ուժերու օդուժը: Զօրավարժութիւններուն ներգրաւուած են հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի կազմին մէջ գտնուող ռատիօտեխնիկական եւ զենիթահրթիռային ուժերու ստորաբաժանումները: Զօրավարժութիւնները կը վարեն ուսական Օդատիեզերական ուժերը:

«Զօրավարժութիւններուն ներգրաւուած են 100 օդանաւ կործանիչ օդուժէն` Սու-27, Միկ-29, Միլ-31, ԵԱԿ-130, ռմբակոծիչ օդուժէն` Սու-24, Սու-34, գրոհիչ օդուժէն` Սու-25, հեռահար օդուժէն` Թու-22, Թու-160, Թու-95, ուղղաթիռներ` Քա-27, Մի-8», Պաշտպանութեան նախարարութիւնը թուարկած է զօրավարժութիւններուն մասնակցող ռազմական սարքերը:

Օդանաւերու կողմէ ԱՊՀ անդամ երկիրներու պետական սահմաներու խախտումներու եւ ինչպէս նաեւ օդանաւերու առեւանգման պարագային զինուորականները կը մշակեն ՀՕՊ հերթապահ ուժերու գործողութիւնները: Բացի այդ՝ բարելաւուած է աղէտի ենթարկուող օդանաւերու անձնակազմերուն օգնութեան տրամադրման ժամանակ փոխգործակցութիւնը:

yerakouyn.com/2018/09/27/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail