Նիկոլ Փաշինեանի Եւ Հասան Ռուհանիի Հանդիպումը

27 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԱԿ-ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ: Անոնք քննարկած են հայ-իրանական յարաբերութիւններու օրակարգային տարբեր հարցեր: Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են տնտեսական համագործակցութեան զարգացումը եւ նշած, որ անիկա մեծապէս կը զիջի քաղաքական երկկողմանի յարաբերութիւններու մակարդակին: Անոնք անհրաժեշտ նկատած են գործուն քայլերու ձեռնարկումը` առեւտրատնտեսական կապերու խթանման, առկայ ներուժի օգտագործման նպատակով:

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ հայ-իրանական յարաբերութիւնները ունին առանձնայատուկ բնոյթ եւ պէտք է շարունակեն զարգանալ` բարեկամական ամուր կապերու հիման վրայ:

Իր կարգին, Հասան Ռուհանի նշած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ է վստահութեան բարձր մակարդակ: Անոր համաձայն, Իրանի մէջ հայ գաղութը ունի կարեւոր դերակատարութիւն եւ մեծ յարգանք կը վայելէ իրանցիներուն կողմէ: Խօսելով տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան մասին` Հասան Ռուհանի համոզում յայտնած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ ստորագրուած ազատ առեւտուրի գօտիի ձեւաւորման վերաբերող համաձայնագիրը եւս կարելիութիւն պիտի տայ աւելի խորացնելու հայ-իրանական տնտեսական գործակցութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեանն ու Հասան Ռուհանին անդրադարձած են տարբեր, որոնց կարգին ուժանիւթի, ճանապարհաշինութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան:

Հասան Ռուհանի վարչապետ Փաշինեանը հրաւիրած է Իրան` դիտել տալով, որ այս այցելութիւնը կարելիութիւն պիտի տայ աւելի ընդգրկուն կերպով քննարկելու երկկողմանի համագործակցութիւնը ընդլայնելու ուղիները:

Նշենք նաեւ, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ ի պատիւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 73-րդ նստաշրջանին մասնակցող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն տրուած ընդունելութեան: Այս մասին կը տեղեկացնէ վարչապետի մամլոյ բանբեր Արման Եղոյեան:

aztagdaily.com/archives/409913

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail