«Արիւնոտ Դրօշ»-Էն «Յաղթանակի Վարդեր» Ու Դաշնակցութեան Կարմիրը

27 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ –:

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Թաւշեայ Յեղափոխութեան յաջորդած հայաստանեան քաղաքական նոր հանգրուանի առաջին ընտրութիւնները տեղի ունեցան ի դէմս քաղաքամայր Երեւանի Աւագանիի ընտրութիւններուն: Անկախ անոնց վերջնական արդիւնքէն եւ քաղաքական նոր դաշտի կազմաւորման իմաստով թելադրած անհրաժեշտ խորհրդածութենէն, կասկած չկայ, որ ընտրապայքարը ինքնին լուսարձակի տակ առնուելու առանձին երեւոյթ է: Անոր ամենաշատ աղմուկ հանած իրադարձութիւններէն մէկը եղաւ վարչապետ Փաշինեանի սատարած թեկնածուին՝ Հայկ Մարութեանի «սեւ-ու-սպիտակ» ելոյթը:

Այդ մասին շատ գրուեցաւ, Դիմատետրեան բանավէճը բուռն եղաւ, բայց չենք գիտեր, թէ այն որքանով իր անդրադարձը ունեցաւ հանրային կարծիքին վրայ: Այդ ելոյթին դէմ քննադատութիւններու միտք ի բանին համերաշխութիւն խոստացող յեղափոխութեան մը անյարիր անհանդուրժողականութեան վերաբերմունքի, ընդհուպ մինչեւ ժողովրդավարութեան տկարացման հաշւոյն իշխանութեան նորագոյն կեդրոնացման վտանգաւոր միտումներուն կ’ակնարկէր: Հակառակ վարչապետին թէ նոյնինքն թեկնածուին յաջորդական յստակացումներուն եւ սխալի ընդունման, «յեղափոխական»ի եւ «հակայեղափոխական»ի բառապաշարը մնաց ընտրապայքարին մէջ, ինչ որ եւ չօգնեց «սեւ-ու-սպիտակ»եան տրամաբանութեան մտահոգութիւններու փարատումին:

Այս մտահոգութիւնը տեղին է, որովհետեւ յետ-յեղափոխական քաղաքական դաշտի կայացման գործընթացը կը շարունակուի եւ յաջորդ, եւ ամենակարեւոր, հանգրուանը անշուշտ Ազգային Ժողովի արտակարգ ընտրութիւններն են, ներառեալ՝ այդ որոշումը Սահմանադրական կարգով անցընելու դեռեւս անորոշ նախանձախնդրութիւնը:

Միեւնոյն ժամանակ սակայն «սեւ-ու-սպիտակ»եան տրամաբանութիւնը հասկնալի էր ընտրական այդ յատուկ ոլորտին մէջ եւ յատուկ չէ միայն Հայաստանի:

Արժանթինի մէջ 2015-ի նախագահական ընտրութիւններուն յաղթած նախագահ Մաուրիսիո Մաքրիի Քամպիէմոս (Փոխենք) դաշինքը անցեալ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն կրկին յաղթական դուրս եկաւ, որովհետեւ իր քաղաքական ամբողջ ռազմավարութիւնը յաջող կերպով կեդրոնացուց նախորդ քաղաքական ուժի իշխանութեան վերադարձի սպառնալիքի ուրուականին վրայ: Մաքրի իշխանութեան հասած էր երեք մեծ խոստումներով՝ պայքար ապօրինի թմրադեղերու յանցագործութեան դէմ, զէրօ աղքատութիւն եւ արժանթինցիներու վերահաշտեցում, այլ խօսքով՝ համերաշխութիւն: Այս վերջինը քաշողական էր ընտրազանգուածին համար, որովհետեւ նախորդ տասնամեակին իշխանութեան վրայ գտնուած քաղաքական ուժը ունենալով խորհրդարանական մեծամասնութիւն եւ չարաշահելով նախագահական համակարգի յատուկ Գործադիր Իշխանութեան դիրքը ստեղծած էր «Մենք» եւ «անոնք»ի, կամ «սեւ-ու-սպիտակ»ի, վատառողջ մթնոլորտ մը: Անցեալ Մարտին, Խորհրդարանի գործունէութեան բացման նիստին իր ունեցած ելոյթին մէջ նախագահը խոստացաւ գոնէ իշխող դաշինքին կողմէ այդ տրամաբանութեան բացառումը: Բայց անցեալ Մայիսէն ի վեր երկիրը տնտեսական ահաւոր ճգնաժամ կ’ապրի, այս տարեվերջին կը նախատեսուի 2,3 տոկոսի անկում, 40 տոկոս գնաճ, անգործութեան եւ աղքատութեան կտրուկ սրում եւ պետական պիւտճէի արմատական կրճատում: Գալ տարի նախագահական ընտրութիւններն են, իսկ տնտեսութիւնը հազիւ թէ կրնայ վերականգնիլ գալ տարուան աւարտին: Ոչինչ կարենալով ցոյց տալ որպէս կենսամակարդակի ձեռքբերում, իշխանութեան վրայ գտնուող ուժը գրաւը կը շարունակէ դնել ընդդիմութեան պառակտումին եւ նախորդներու վերադարձի սպառնալիքի ուրուականին վրայ: Այսինքն՝ «սեւ-ու-սպիտակ» կամ անոր արժանթինեան բնորդը՝ «Լա կրիեթա» (ճեղքը):

Բաղդատական վերլուծումի համար չբերուեցաւ այս օրինակը: Բայց քաղաքագիտութիւնը կը թելադրէ տեսական ընդհանրացումներ, որոնք կրնան երեւոյթ մը բացատրել, թէկուզ երբ այն քաղաքական ու ընկերատնտեսական տարբեր ոլորտներու մէջ կը դիտուի. այս պարագային ժողովրդավարութեան մէջ քաղաքական պայքարի երեւոյթին տրամաբանութիւնն է: Անկարող դրական որեւէ փաստարկ բերելէ, Արժանթինի մէջ իշխող դաշինքը կը ձգտի ժողովուրդին քուէն շահիլ՝ «եթէ մեզ չընտրէք, ապա անոնք պիտի վերադառնան իշխանութեան եւ իրենց հետ՝ փտտածութիւնը, տնտեսական քաղաքականութեան ապիկարութիւնը եւ ահաւոր ապագայ մը երկրին ու ժողովուրդին համար»: Երեւանի Աւագանիի ընտրութիւններուն նախկիններու վերադարձին մասին խօսիլը անհեթեթ է, անշուշտ տրուած ըլլալով որ Հանրապետականները թեկնածու չեն ներկայացուցած: «Սեւ»երը, Մարութեանի ելոյթի տրամաբանութեան մէջ, շատ աւելի վերացական «նախկին»ներն են, որոնք մէջընդմէջ ձեւաւորուեցան որպէս «հակայեղափոխական»ներ: Բայց տրամաբանութիւնը նոյնն է. ժողովրդային զօրաշարժին գլուխը անցած եւ յեղափոխութիւնը իր յաջող աւարտին հասցուցած ուժը տակաւին միայն խոստում մըն է կենսամակարդակի բարեփոխութեան այն զօրաւոր յոյսին, որ վերադարձաւ ժողովուրդին մէջ: Անհրաժեշտ է վառ պահել այդ համոզումը, որուն միակ երաշխիքը, ըստ «սեւ-ու-սպիտակ»եան տրամաբանութեան, «մենք» ենք: Համերաշխութեան մասին յետոյ կը խօսինք, եթէ հարկ ըլլայ, բայց ընտրապայքարը զէրօ հաւասարումի խաղ է (մրցակիցները միեւնոյն մեծամասնական քուէին համար քարոզարշաւ կը կատարեն, եւ այն քուէն որ մէկուն կ’երթայ, միւսին համար կորսուած քուէ է), այսքան պարզ: Այլ հարց՝ թէ ինչո՛ւ այդ զէրօ հաւասարման խաղի մրցակցութիւնը տեղի չունեցաւ մտքերու բախման եւ թեկնածուներու բանավէճի բեմահարթակին վրայ: Բայց այդ ալ հասկնալի է՝ յեղափոխութիւնը գլխաւորած ուժի վերոնշեալ վերլուծումով. նախ իշխանութիւնը, ապա ծրագիրները, մտքերն ու առաջարկները, վերջին հաշուով իշխանութիւն տապալած ուժը իշխանութեան մասին լաւ գիտէ եւ իրաւունք ունի նաեւ մանդատ ուզելու, որ ցոյց տայ, որ ատոր փաստը տայ…

Կը մնայ, որ «սեւ-ու-սպիտակ»ի այս պիտակը, որ պիտի մնայ Երեւանի Աւագանիի ընտրարշաւին վրայ, առիթ կու տայ սեղանի վրայ դնելու քաղաքական դաշտի ձեւաւորման այս գործընթացին մէջ քաղաքական ուժերու «գոյն»ի հարցը: Այս վերջինը կը հասկցուի որպէս խորհրդանիշ՝ գաղափարախօսական ինքնութեան եւ անոր հիման վրայ ծրագրային այլընտրանքի առաջարկի:

Նման հարցականի մղում տուած է Մարութեանի ելոյթէն յետոյ Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքային թէ համակիր շրջանակներու կողմէ հնչած «մենք Եռագոյն» ենք արտայայտութիւնը: Աւագանիի ընտրութիւններու աւարտով եւ «սեւ-ու-սպիտակ»եան անեքթոտի պատմութեան անցումով՝ Դաշնակցութեան համար քաղաքական «գոյն»ի հարցականը իր այժմէականութիւնը չի կորսնցներ: Ազգային Ժողովի արտակարգ ընտրութիւններու հեռանկարէն անկախ, այս հարցականը առնչակից է Հայաստանի մէջ ձեւաւորուող քաղաքական դաշտին մէջ Հ. Յ. Դաշնակցութեան տեղի ճշդորոշման աւելի երկարավազք գործընթացին: Ճիշդ է, որ Հ. Յ. Դ. Սոցիալ-տնտեսական Հիմնադրոյթներ փաստաթուղթի ներկայացումով եւ անոր շրջագայման մէջ դրուելով՝ կուսակցութիւնը շատ յստակօրէն ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս ընկերվար-ժողովրդավար, յստակօրէն Ձախ այլընտրանք: Բայց նոյնքան կարեւոր է նաեւ այդ այլընտրանքին «գոյն»ը յստակացնել ե՛ւ գաղափարախօսական ինքնութեան ու դիմագիծի յստակացման, ե՛ւ քարոզչական ու հանրային-յարաբերական աշխատանքի համար այնքան կարեւոր խորհրդանիշի ընտրութեան իմաստով:

Հոն է, որ «Եռագոյն»ի հետ կուսակցութեան նոյնացումը պիտի չունենայ այն երբեմնի ազդեցութիւնը, որ երկար տասնամեակներ ունեցաւ: Աւելի՛ն, թերեւս այն շփոթ ստեղծէ նոյնինքն շարքային կարգ մը շրջանակներու մէջ:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն եւ յետ-Եղեռնեան Սփիւռքի կազմաւորման տարիներուն, Պաղ Պատերազմէն երկու տասնամեակ առաջ, ստալինեան հակադաշնակցական հալածանքը արդէն, խորհրդային վարչակարգի ընդունման թէ մերժման, բաժանման գիծ մը ստեղծած էր հայութեան մէջ: Պոլշեւիկեան պատմաշինութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշակը նոյնացուցած էր «նացիոնալիզմ»ին հետ, վերածած էր հայութեան չարիքի համազօր խորհրդանիշի: Խորհրդային վարչակարգի հետեւորդ թէ հանդուրժող սփիւռքահայ հատուածը գաղափարախօսական համոզումով թէ յաւուր պատշաճի Եռագոյնը, անկախութեան զինանշանն ու «Մեր Հայրենիք» օրհներգը մերժած կամ անտեսած էին: Դաշնակցութիւնը միակ տէրը եղաւ այդ խորհրդանիշներուն, որոնց ետին ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի հաւատքն էր: Դաշնակցութիւնը, այո՛, ամբողջ եօթ տասնամեակ տիրութիւն ընելով Եռագոյնին, նոյնացաւ անոր հետ: Պաղ Պատերազմի ներթափանցումը հայկական համայնքներէն ներս, ի մասնաւորի՝ Միջին Արեւելք, հայութեան գաղափարախօսական արդէն առկայ բաժանումը փոխադրեց համաշխարհային աշխարհաքաղաքական նոր ոլորտ: Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտին Յունաստանի մէջ քաղաքացիական պատերազմէն մինչեւ 1950-60-ական թուականներուն Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ քաղաքական յաճախ արիւնալի բախումներն ու ճնշումները, որոնք նաեւ իրենց ողբերգական արտայայտութիւնը ունեցան հայկական համայնքներէն ներս, ծնունդ տուին ժողովրդական երգերու: Անոնցմէ մէկը յատկապէս կ’ըսէ՝ «… Չոքէ ծունկիդ վրայ/ սկսիր «Հայր Մեր»էն/ պաշտէ Եռագոյնը/ դարձիր Կարմիրէն»: Գոյները յստակ էին. Դաշնակցութիւնը՝ Եռագոյն, Դաշնակցութեան թշնամիները՝ Կարմիր:

Ծանօթ է, որ Ցեղասպանութեան յիսնամեակը իր հետ բերաւ նաեւ այդ բաժանման գիծը կամաց-կամաց սրբելու դրական նախանձախնդրութիւնը հայ պատմական երեք կուսակցութիւններուն մօտ Սփիւռքի մէջ, մինչ հայրենի իրականութիւնը յետ-ստալինեան խոհրդային ոլորտին մէջ ազգային հաւաքական յիշողութեան վերականգնման առաջին քայլերը կու տար ամբողջատիրութեան սահմանափակ թոյլտուութեան պայմաններու սահմանափակման մէջ: Բայց քաղաքական մշակոյթներու խորհրդանիշները շատ դժուար կ’անհետանան հաւաքական յիշողութեան մէջ: Մանաւանդ երբ այդ մշակոյթը կազմաւորուած է պատմական առաքելութեան մը հաւատքի եւ անոր պահանջած զոհողութեան երկարամեայ յանձնառութեամբ, ինչպիսին էր Եռագոյնին տէր կենալու Դաշնակցական առաքելութիւնն ու յանձնառութիւնը: Այնքան զօրաւոր էր անկախ պետականութեան դրօշակին հետ Դաշնակցութեան ինքնանոյնացումը, որ պահ մը կարծես մոռացման տուաւ իր սեփական դրօշակին գոյնը՝ Կարմիր, յեղափոխութեան գոյնը, Դաշնակցութեան «Արիւնոտ դրօշ»ը, գոյն մը, որ պոլշեւիզմը հաւասարեցուց ստալինեան «կարմիր սարսափ»ին… Մինչեւ որ Մայիս 28, 1988-ին, արցախեան շարժման ծնունդէն հազիւ երեք ամիս անց, Եռագոյնը երեւցաւ Երեւանի հրապարակին: Այն ատեն բոլորին համար յստակ դարձաւ, որ Եռագոյնին ընդմէջէն համայն հայութիւնն էր, որ ինքզինք կը ճանչնար որպէս մէկ ազգ: Յայտնի է, որ ՀՀՇ-ականները Մայիս 28 եւ Սեպտեմբեր 21 առանձին նշելու քայլին դիմելու զուգահեռ վերանկախացած Հայաստանը «ապադաշնակցականացնել»ու իրենց սադրանքներուն մէջ կ’ուզէին փոխել ե՛ւ օրհներգը, որուն բառերը յաջողեցան յարմարեցնել նոր անկախութեան, ե՛ւ Հանրապետութեան զինանշանը (անոնց «մտաւորական»ներէն մէկը հեգնաբար դիտել տուած էր, որ «գազանանոց» էր այն), բայց Եռագոյնը փոխելու փորձ կամ մտադրութիւն ծանօթ չէ:

Հպարտ՝ հայկական Եռագոյնին ամբողջ եօթ տասնամեակ տէր կանգնած ըլլալու եւ զայն պոլշեւիկեան սարսափի Կարմիրին հակադրելու իրողութեամբ, ոեւէ դաշնակցական այսօր Եռագոյնին հետ կը նոյնանայ այնքան ամբողջականօրէն, որքան ոեւէ հայ անկախ քաղաքական-գաղափարախօսական իր համոզումներէն: Հետեւաբար՝ Դաշնակցութիւնը եւս իր «գոյն»ը պարտի ընտրել եւ ժողովուրդին ներկայանալ որպէս այլընտրանք այդ «գոյն»ով եւ ոչ միայն Եռագոյնով: Եւ հոս բանավէճի հարց իսկ չկայ. Դաշնակցութեան «գոյն»ը կարմիրն է, եւ հարկ է միայն յստակացնել, թէ ի՛նչ կը խորհրդանշէ այդ կարմիրը:

Պատմական ժառանգութեան իմաստով Դաշնակցութեան կարմիրը «Արիւնոտ դրօշ»ն է, 19-րդ դարու աւարտին եւ 20-րդ դարու սկիզբի հայկական յեղափոխութիւնն ու ազգային ազատագրական պայքարը, որոնց արգասիքը պատմական պայմաններու բերումով եղաւ անկախ պետականութեան ստեղծումը եւ Եռագոյնը: Այդ արիւնոտ դրօշն էր, որ ծածանեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարի ժամանակ, ի շարս ազատամարտին մասնակցած շատ այլ խմբաւորումներու դրօշներուն, մինչեւ որ ազատագրուած Արցախն ալ ունեցաւ իր Եռագոյնը: Կասկած չկայ, որ ի հարկին նաե՛ւ ապագային ազգային ազատագրական որեւէ նոր սխրանքին Դաշնակցութեան Արիւնոտ դրօշը պիտի պարզուի:

Բայց Դաշնակցութիւնը արիւնն ու յեղափոխութիւնը բացառեց ներազգային ոլորտին մէջ: Ընդդիմացաւ թէկուզ եւ ընտրախախտումներու գնով իշխանութեան վրայ մնացող Լեւոն Տէր Պետրոսեանին դէմ զինեալ պայքար սկսելու ամէն արկածախնդրութեան 1996-ին, եւ 2008-ին, աւաղ ի զուր, կոչ ուղղեց ե՛ւ իշխանութեան, ե՛ւ ընդդիմութեան զերծ մնալու բախումէ ու արիւնայեղութենէ: Դաշնակցութեան կարմիրը ներազգային գործընթացի մէջ չի կրնար «Արիւնոտ դրօշ»ը ըլլալ:

Ահա հոս է, որ անհրաժըշտ է դիմել դաշնակցական բանաստեղծին՝ Դանիէլ Վարուժանին եւ իր «Բանուորուհին» քերթուածին: Նախքան բացատրելը, թէ ինչո՛ւ Դանիէլ Վարուժանի այս բանաստեղծութիւնը կը կարեւորուի մեկնաբանելու համար Դաշնակցութեան կարմիր գոյնին խորհրդանշումը այսօրուան պայմաններուն մէջ, ինքզինքիս թոյլ պիտի տամ ենթակայական մէջբերում մը ընելու, անձնական յիշատակ մը Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի օրերէն, որ, միաժամանակ, շատ տեղին կը համարեմ մեկնաբանական այս փորձին համար: Ֆրանսերէնի եւ ֆրանսական գրականութեան մեծ ուսուցչուհինիս՝ տիկին Եոլանտ Աճէմեանը, հռչակաւոր Մատամը, 19-րդ դարու ֆրանսական գրականութեան դասաւանդման ժամանակ ըսաւ, որ մինչ կան ընկերվարական մտածողութիւնը վէպին ընդմէջէն ներկայացուցած եւ ժողովրդականացուցած շատ գրողներ, որոնց մեծագոյնը Էմիլ Զոլան է անշուշտ իր «Ժերմինալ» գործով, չկայ բանաստեղծ մը, որ ընկերվարութեան պայքարի ու յաղթանակի, թէկուզ եւ Զոլայի «Ժերմինալ»ի հետեւումով աշխատաւորութեան նորածիլ հզօր յոյսը երգէր, այնպէս ինչպէս հայկական գրականութեան մէջ Դանիէլ Վարուժանը իր «Բանուորուհին» բանաստեղծութեամբ ըրած է: Եւ այս բացատրութեան հետեւեցաւ տիկին Եոլանտին անմոռանալի կատարումը քերթուածի այս տունին՝

«Կ’ուզէի քեզի տալ, ինչ որ պայքարն ինձ տուաւ, ինչ որ խլեցի մարտերով,
Քեզ պսակել արիւնիս գոյնն ունեցող յաղթանակի վարդերով:»

Երկրորդ Միջազգայնականի ընկերվար-ժողովրդավարութեան խորհրդանիշը բանուորի բռունցքին մէջ կարմիր վարդն է: Երեւանի Աւագանիի ընտրութիւններէն առաջ Դաշնակցութիւնը ներկայացուց իր սոցիալ-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթները, որով եւ յստակօրէն ներկայացաւ որպէս Թաւշեայ Յեղափոխութեան յաջորդած քաղաքական դաշտի վերակազմաւորման այս գործընթացին մէջ կեդրոն-ձախ այլընտրանքի քաղաքական-գաղափարախօսական այլընտրանք: Այդ այլընտրանքը քաղաքացիներուն կը խոստանայ պայքարիլ ի խնդիր սոցիալական պետութեան կառուցման, այսինքն՝ ի խնդիր սոցիալական արդարութեան, սոցիալական պատասխանատուութեան եւ սոցիալական համագործակցութեան: Դաշնակցութեան «Արիւնոտ դրօշ»ին կարմիրը այսօր սոցիալական պետութեան «յաղթանակի վարդեր»ու կարմիրն է, հայկական իրականութեան մէջ ընկերվարական խօսքի եւ գործի կուսակցութեան գոյնն է: Դաշնակցութիւնը այսօր ա՛յդ սերմերն է, որ ցանելու ելած է, եւ այդ սերմերէն կը սպասուի, որ տան նոր բոյսեր, նո՛ր Հայաստան:

aztagdaily.com/archives/409977

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail