Արցախի Բերձոր Եւ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ Քաղաքներու Միջեւ Վերաստորագրուած Է Բարեկամութեան Հռչակագիրը

28 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

25 սեպտեմբերին Արցախ կը գտնուէր Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի քաղաքապետ Միշել Ժերշինովիչի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այցելութեան նպատակը Արցախի Հանրապետութեան Բերձոր եւ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքներուն միջեւ 20 նոյեմբեր 2017-ին տեսակապի միջոցով նախաստորագրուած բարեկամութեան հռչակագիրի վերաստորագրումն էր: Հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցած է 25 սեպտեմբերին Բերձոր քաղաքին մէջ. անոր ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի անդամ Լիւք Քարվունաս, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, ՀՅԴ Ֆրանսայի եւ Արցախի կառոյցներու ներկայացուցիչներ, երկու քաղաքներու քաղաքապետարաններու աշխատակիցներ:

Հիւրերուն Բերձորի մուտքին մօտ դիմաւորած են աղուհացով, որմէ ետք ընկերակցած քաղաքապետարան:

Բերձոր քաղաքին անունով հռչակագիրը ստորագրած է քաղաքապետի պաշտօնակատար Անահիտ Չարչեան, իսկ Ալֆորվիլ քաղաքին անունով` քաղաքապետ Միշել Ժերշինովիչ:

Հռչակագիրին մէջ նշուած է, որ հիմք ընդունելով Մարդու իրաւունքներու մասին համընդհանուր հռչակագիրին մէջ ամրագրուած ազատութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու բացարձակ կարեւորութիւնը եւ ընդգծելով ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութեան նպաստելու եւ Հարաւային Կովկասի մէջ վերջնական խաղաղութիւն հաստատելու անհրաժեշտութիւնը` կողմերը կը վերահաստատեն իրենց յանձնառութիւնը` ամրապնդելու երկու քաղաքներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական կապերը: Հռչակագիրին նպատակն է գործընկեր քաղաքներուն միջեւ կրթութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան, առեւտուրի եւ տեղական ինքնակառավարման մարզերուն մէջ համագործակցութեան խթանումն ու գործնական ծրագիրներու իրականացումը:

Իր խօսքին մէջ Միշել Ժերշինովիչ շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան համար: «Ալֆորվիլ քաղաքը ստեղծուած է 133 տարի առաջ ու ծաղկած է նաեւ մեր հայ ընկերներուն շնորհիւ, եւ այնտեղ ապրող հայկական համայնքի ներկայացուցիչները շարժիչ ուժ պիտի հանդիսանան հետագայ համագործակցութեան համար: Ստորագրելով այս հռչակագիրը` մենք կը մօտենանք Բերձոր քաղաքին, Հայաստանի եւ յատկապէս Արցախի Հանրապետութիւններուն հետ կապերը աւելի ամրապնդելու նոր էջ կը բացուի մեզի համար», նշած է ան եւ աւելցուցած, որ Արցախի Հանրապետութիւնը այսօր քիչ ճանչցուած է, եւ այսպիսի նախաձեռնութիւններ համագործակցութիւնը օր մը կը հասցնեն աշխարհի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումին:

Բերձորի քաղաքապետի պաշտօնակատար Անահիտ Չարչեան նշած է, որ ստորագրուած համաձայնագիրը աւելի պիտի սերտացնէ բարեկամական կապերը: «Բացի զուտ մարդկային շփումներէն, մենք պիտի ունենանք ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ մարզեր, ուր կրնանք համագործակցիլ, կատարել փորձի փոխանակում, գործադրել զարգացման միացեալ ծրագիրներ», ընդգծած է Չարչեան:

Հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ ելոյթ ունեցած է Ալֆորվիլի նախկին քաղաքապետ, այժմ Ազգային ժողովի երեսփոխան, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի անդամ Լիւք Քարվունաս: Ան ստորագրած է 2017-ի հռչակագիրը: «Սեպտեմբեր 2016-ին ես այստեղ էի պարոն Ժերշինովիչի հետ, գիտէինք, որ ընդհարումներ կան դրացի երկրին հետ, եւ մեր այցելութեամբ փաստօրէն քաղաքական աջակցութիւն ցուցաբերած ենք: Այսօր ես Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան եմ, եւ այդտեղ ինծի նման կան շատ երեսփոխաններ, որոնք կը պայքարին Արցախի տագնապի լուծման համար», նշած է Լիւք Քարվունաս: Անոր համաձայն, Ֆրանսայի կառավարութիւնը այնքան ալ չ՛ողջուներ նման այցելութիւնները, բայց «դիւանագիտութենէ բացի գոյութիւն ունի նաեւ իրականութիւնը, պատմական իրականութիւնը, որ ցոյց կու տայ, թէ Արցախը հայկական է»: «Ես պիտի շարունակեմ պայքարը Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման համար, որովհետեւ ասիկա արդար պայքար է, եւ վստահ եղէք, որ Արցախի ճանաչման համար մէկ ձայն արդէն ունիք», ըսած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխանը:

Քաշաթաղի շրջանի վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Արտուշ Մխիթարեան, շնորհաւորելով հռչակագիրի վերաստորագրման առիթով, նշած է, որ հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու բարեկամութիւնը դարերու պատմութիւն ունի եւ բազմաթիւ գործողութիւններով ամրագրուած է: «Ուրախ ենք, որ Ֆրանսայի մէջ կան նման մարդիկ, որոնք կը նպաստեն մեր երկրի ճանաչման», նշած է Արտուշ Մխիթարեան` աւելցնելով, որ Արցախի հողը սրբացած է զոհուածներու  արիւնով, որոնցմէ վերջինը քանի մը օր առաջ թշնամիի գնդակով ինկած Քաշաթաղի բնակիչ Արցախ Յովսէփեանն էր:

Կիրօ Մանոյեան. «Արցախը Մեկուսացնելու Ազրպէյճանի Քայլերը Կը Ձախողին»

Նոյն առիթով Արցախի Բերձոր քաղաք գտնուող պատուիրակութեան կազմին մէջ էր նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Ան կարեւոր նկատելով նման նախաձեռնութիւններ` ըսաւ. «Հարցը միայն միացեալ յայտարարութիւն ստորագրելը չէ, այլ նաեւ այն, որ Ալֆորվիլ քաղաքէն ամբողջ պատուիրակութիւն մը` ներկայ ու նախկին քաղաքապետներով, եկած են, որպէսզի ստորագրեն բարեկամութեան հռչակագիրը: Ասիկա քաղաքական պատասխան է այն թշնամական պահուածքին, որ Ազրպէյճանը կը ցուցաբերէ Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ»: «Նման իւրաքանչիւր այցելութիւն ապտակ է Ազրպէյճանին: Համոզուած ենք, որ Ալֆորվիլի քաղաքապետի վերադարձէն ետք Ազրպէյճանի դեսպանատունը դատական հայց  պիտի յարուցէ անոր դէմ: Բայց ան այս ամէն ինչին գիտակցելով եկած է այստեղ», ըսած է Կիրօ Մանոյեան:

«Ճիշդ է, համայնքները չեն կրնար ճանչնալ այլ պետութիւններ, բայց հռչակագիրի ստորագրումը ինքնին ազդեցիկ է: Այս հռչակագիրը Արցախը մեկուսացնելու Ազրպէյճանի քայլերը փաստօրէն կը ձախողեցնէ: Տարբեր համայնքներու հետ նման կապեր, ո՛չ միայն Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ուղղակի պաշտպանութիւն են, այլ նաեւ ֆիզիքական պաշտպանութիւն, որ Ազրպէյճանին կը ստիպէ աւելի զուսպ ըլլալ», նշած է Կիրօ Մանոյեան` աւելցնելով, որ կ՛ուզէր, որ Արցախի համայնքները, քաղաքները այնքան շատ նման ձեռնարկներ կազմակերպեն, որ սկսին ձանձրանալ:

Ինչ կը վերաբերի տուեալ նախաձեռնութեան մէջ ՀՅԴ-ի  մասնակցութեան, ապա պատահական չէ, որ պատուիրակութեան մաս կը կազմեն ՀՅԴ ներկայացուցիչներ Ֆրանսայէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Արցախէն: «Մեր կառոյցը կ՛աշխատի, որ  կարելի եղածին չափ ըլլան նման այցելութիւններ եւ ծրագիրներ», եզրափակած է Կիրօ Մանոյեան:

Քարվունաս. «Հակառակ Ազրպէյճանական Կողմի Ճնշումներուն,
Ֆրանսայի Մէջ Կան Քաղաքապետներ, Որոնք Արցախի Կողքին Են»

25 սեպտեմբերին Արցախի Բերձոր եւ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքներուն միջեւ բարեկամութեան հռչակագիրի ստորագրութենէն ետք Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան Լիւք Քարվունասի եւ Ալֆորվիլի քաղաքապետ Միշել Ժերշինովիչի գլխաւորած պատուիրակութիւնը  այցելեց Ծիծեռնակաբերդ` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:

Միշել Ժերշինովիչ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին պատմեց, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցաւ Բերձորի հետ բարեկամութեան համաձայնագիրի ստորագրման հոլովոյթը:

Պատասխանելով «Երկիր»-ի հարցումին, թէ ազրպէյճանական կողմը բնական չէ վերաբերած այս բարեկամական հոլովոյթին, փորձած է ճնշումներ գործադրել, նաեւ Ֆրանսայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը, կարծես, դատական հոլովոյթի սկսած է, ասոր ինչպէ՞ս արձագանգած է ֆրանսական կողմը, Ժերշինովիչը ըսաւ. «Այո՛, մենք ճնշումներու ենթարկուած ենք ազրպէյճանական կողմէն, Ազրպէյճանը իրաւաբանական գրասենեակի միջոցով կ՛ուզէր ճնշումներ գործադրել Ալֆորվիլի վրայ, բայց մենք չենք զիջած եւ դիմակայած ենք ու հիմա արդէն ստորագրած ենք բարեկամութեան այդ համաձայնագիրը»:

Նախկին քաղաքապետ, այժմ երեսփոխան Լիւք Քարվունասն ալ լրագրողներուն ըսաւ, թէ խոր բարեկամական կապեր կան Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ: «Մենք` ֆրանսացիներս, հայերուն, Հայաստանի, հիմա նաեւ Արցախի եւ Բերձորի հետ ունինք առաքելութիւն` ստեղծել երկխօսութիւն եւ միասին ծրագիրներ իրականացնել», ըսաւ ան:

Ֆրանսացի երեսփոխանին համաձայն, այն, որ Ալֆորվիլի նման քաղաք մը ստորագրած է բարեկամութեան յուշագիր Բերձորի հետ, ատիկա քաղաքական հոլովոյթ է, եւ երբ ազրպէյճանական կառավարութիւնը  իր իրաւաբաններուն միջոցով կը ճնշէ Ալֆորվիլի վրայ, ատիկա նոյնպէս քաղաքական հոլովոյթ է: «Հակառակ այս ճնշումներուն, Ֆրանսայի մէջ  կան քաղաքապետներ, օրինակ Ալֆորվիլի քաղաքապետը, որոնք  Հայաստանի եւ Արցախի կողքին են», ըսաւ ան:

aztagdaily.com/archives/410075

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail