Անդրադարձ. Կանաչ Լոյսն Ու Թրամփեան Այլ Կեցուածքներ

28 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Իտլիպի մէջ ահաբեկիչներուն կարելի է վերջ տալ` քաղաքայիններու շարքերուն մէջ նուազագոյն կորուստներով: Ան ըսաւ, թէ Փոմփէոյին եւ Պոլթընին հրամայած է միլիոնաւոր քաղաքային զոհերու արձանագրումը չարտօնել` ընդգծելով. «Ատիկա չի նշանակեր, թէ սուրիական բանակը չի կրնար զգուշ կերպով վարուիլ, այդտեղ մուտք գործել եւ ահաբեկիչներուն նկատմամբ պէտք եղածը կատարել»: Այլ խօսքով` ան Դամասկոսի եւ անոր դաշնակիցներուն «կանաչ լոյս» տուաւ այդպիսի գործողութիւն մը շղթայազերծելու:

Իտլիպի կացութեան եւ սուրիական բանակի այդտեղ գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ մեծ գործողութիւն շղթայազերծելու մասին լրատուամիջոցներէն տեղեկացած Թրամփ վստահաբար տեղեակ է նաեւ Իտլիպի հարցով Ռուսիա-Թուրքիա համաձայնութենէն, սակայն իր դժգոհութիւնը մատնող քայլով մը այնպէս կը խօսի, կարծէք այդ համաձայնութիւնը գոյութիւն չունի: Ի վերջոյ, Թուրքիա-Ռուսիա համաձայնութիւնն էր, որ կանխարգիլեց Թրամփի մտավախութիւնը` «քաղաքայիններու շարքերուն մէջ մեծ կորուստներու արձանագրումը»: Սակայն ահա, ան կը գնահատէ Իտլիպի մէջ բազմաթիւ զոհերու արձանագրուելուն կանխարգիլման մէջ Իրանի, Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ` «հակաարեւմտեան» երկիրներու դերակատարութիւնը, սակայն իր գնահատանքին արժանի երկիրներու այդ ցանկէն դուրս կը ձգէ Թուրքիան` իր ՕԹԱՆ-եան դաշնակիցը: Երեւոյթ մը, որ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակին խօսուն վկան է:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը գիտակցի, որ այդ համաձայնութիւնը ժամանակաւոր է, եւ սուրիական բանակը ի վերջոյ «այդտեղ մուտք պիտի գործէ եւ ահաբեկիչներուն նկատմամբ պէտք եղածը պիտի կատարէ»: Ան իր մամլոյ ասուլիսով իր համամտութիւնը կը յայտնէ Իտլիպի մէջ սուրիական բանակի գործողութեան շղթայազերծման նկատմամբ, սակայն պայմանով, որ ատոր ընթացքին մեծաթիւ քաղաքայիններ չսպաննուին, որպէսզի աղմուկ չբարձրացուի եւ իր «գլուխը չցաւի»:

Միւս կողմէ, Թրամփ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց, որ երկու տարուան մէջ ինք աւելին ըրած է, քան զինք նախորդող բոլոր ամերիկացի նախագահները: Ներկաները այդ ծիծաղելի խօսքը լսելով բնականաբար ծիծաղեցան, սակայն ըստ Թրամփի, անոնք իր վրայ չէին խնդար, այլ` իրեն հետ կը խնդային: Ուրեմն ի՞նք եւս այդ մեծամտութեան ծիծաղելիութեան կը գիտակցի… Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ռանըլտ Ռիկըն սովորութիւն ունէր սրամիտ անեկդոտներ պատմելու: Թերեւս Թրամփ եւս կը փորձէր նոյնը կատարել, եւ համոզուած է, որ յաջողած է, ուստի կը կարծէ, թէ ներկաները իր վրայ չեն խնդացած, այլ` իրեն հետ:

Յամենայն դէպս, արար աշխարհը ծիծաղեցաւ աշխարհի միակ գերտէրութեան նախագահին վրայ, ճիշդ ինչպէս կը ծիծաղէր Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մուամմար Քազզաֆիի այդ եւ այլ բեմերէ արտասանած խօսքերուն ընթացքին:

aztagdaily.com/archives/410024

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail