28 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 –:
Այս շաբթուան ընթացքին, սուրիահայեր Սէզար Թաթլէյեան եւ Արթին Ալմաճեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն Արցախ տեղափոխուած Փափաք Ստեփանեան, ազատագրուած Քաշաթաղի մէջ առանձնատուներ ստացան «Թուֆէնքեան» հիմնադրամէն։ Այս մասին կը տեղեկացնէ հիմնադրամի գրասենեակը։
Տուները կառուցուած/վերանորոգուած են Արցախի ազատագրուած տարածքները՝ մասնաւորապէս Քաշաթաղը, վերակառուցելու եւ վերաբնակեցնելու ծրագիրին ծիրէն ներս, որուն միջոցով, բացի վերաբնակիչներուն բնակարանային աջակցութիւն տրամադրելէն նաեւ կը վերականգնուին Քաշաթաղի աւերուած ենթակառուցուածքները՝ դպրոցներ, դարմանատուներ, ջրամատակարարման համակարգեր եւ այլն։
Բնակարանամուտի 3 արարողութիւններուն մասնակցեցան «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի եւ Քաշաթաղի վարչակազմի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հիմնադրամի հիւրերը Սփիւռքէն։
yerakouyn.com/2018/09/28/