Ատրպէյճան Լայնածաւալ Գործողութիւններ Սկսելու Ռազմական Կարողութիւն Չունի. Թոմաս տէ Վաալ

02 հոկտեմբեր 2015

Յանուն միջազգային խաղաղութեան «Քարնեկի» հիմնադրամի վերլուծաբան Թոմաս տէ Վաալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ սկսելու հետաքրքրութիւն չի տեսներ: Հոկտեմբեր 2-ին ԼՂ հակամարտութեան գօտին մէջ իրավիճակի սրման թեմայով կազմակերպուած քննարկման ժամանակ Թոմաս տէ Վաալ միացած էր տեսակամուրջի միջոցով: Ան  ընդգծած է, որ հայկական կողմի համար պատերազմը ձեռնտու չէ, քանի որ իրավիճակը ի անոր օգտին է, իսկ Ատրպէյճանի համար պատերազմը մեծ վտանգ է, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը

«Յայտնի չէ, թէ ինչով կ’աւարտի պատերազմը Ատրպէյճանի համար: Ատիկա առաջին հերթին մեծ վտանգ է Ատրպէյճանի մէջ  գործող վարչակարգին համար: Անոնք  այդպիսի ռազմական  կորողութիւն չունին,  որպէսզի  լայնածաւալ ռազմական  գործողութիւններ սկսին: Միեւնոյն ժամանակ, յայտնի չէ, թէ ինչպէս կ’արձագանգէ Ռուսիան, եթէ Ատրպէյճան պատերազմ սկսի»,- ըսած է ան:

Թոմաս տէ Վաալ ընդգծած է, որ հակառակ ատոր` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը աւելի սրուած է, քանի որ յատկապէս ատրպէյճանական կողմը շփման գիծին վրայ սկսած է մեծցնել զինատեսակներու տրամաչափը, ինչ որ շատ վատ է: «Ասիկա կը վկայէ այն մասին, որ շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը կրնայ աւելի աճել, որ կը յանգեցնէ տասնեակ զոհերու: Սա կրնայ լուրջ հարուած ըլլալ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին»,- ըսած է վերլուծաբանը:

Ան ընդգծած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը կը շարունակէ աշխատիլ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ` աւելցնելով, որ անոր հիմնական առաջադրանքը դարձած է կարգավիճակի պահպանումը, բանակցող կողմերու նախագահներուն` տարեկան գոնէ մէկ անգամ հանդիպման ապահովումը իրավիճակը վերահսկողութեան տակ պահելու համար:

«Սա Մինսկի խումբի նուազագոյն առաջադրանքն է, իսկ առաւելագոյն առաջադրանքը, ի հարկէ, հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնիլն է: Սակայն անհասկանալի է, թէ ինչպէս կարելի է հասնիլ խաղաղ կարգաւորման: Տեսէք Ուքրանիոյ օրինակը. բոլորը կը ցանկան, որպէսզի այնտեղ խաղաղութիւն հաստատուի, սակայն իրարու նկատմամբ անվստահութիւնը եւ առկայ հակասութիւնները թոյլ չեն տար ատոր հասնելու: Նոյն իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ է: Իրավիճակն իսկապէս շատ վտանգաւոր է, սակայն ամենամեծ վտանգը կրնայ թեթեւ սխալի մը պատճառով շփման գիծին վրայ լարուածութեան աննախադէպ աճը վերածուիլ»,- եզրափակած է տէ Վաալ:

Սեպտեմբերին ատրպէյճանական կողմը լարուածութիւն հրահրած էր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիի երկայքնով` գնդակոծութեան թիրախի մէջ պահելով նաեւ ՀՀ Տաւուշի մարզի սահմանամերձ բնակավայրերը: Հայկական գիւղերը նիւթական լուրջ վնասներ կրած են,դպրոցներու մէջ դասերը ընդհատուած էին, դաշտերու մէջ որոշ ժամանակով անվտանգութեան նկատառումներով կանգ առած էր գիւղատնտեսական աշխատանքը: Ատրպէյճանական կրակահերթերէ վիրաւորուած են ինչպէս զինծառայողներ, այնպէս ալ խաղաղ բնակիչներ, իսկ Բերդաւան եւ Պառաւաքար գիւղերուն մէջ երեք քաղաքացի սպաննուած է:

http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail