Մենք՝ հայերս, պարտինք նոր կեանք ու կենդանութիւն տալ՝ մեր սեփական արժէքներուն, որ կան մեր հարազատ ու բնիկ մշակոյթին մէջ:
Մեր մօտ, առհասարակ, կոյր պաշտամունքը կայ «եւրոպական արժէքներ»ուն նկատմամբ: Թութակաբար կրկնուող՝ «մարդկային իրաւունքներ», «ժողովրդավարութիւն» եւ այլ եզրոյթ-հասկացութիւնները, կը ստեղծեն այն թիւր տպաւորութիւնը որ ամէն ինչ դրախտային է Եւրոպայի մէջ եւ բոլորս պարտինք ստրկաբար ընդօրինակել այդ արժեհամակարգը…
Բուն իրականութիւնը այլ է սակայն: Այսօր Եւրոպայի կարգն ու սարքը տակաւ փուլ կու գան…:
Վկայ՝ ահաւոր չափերու հասնող անգործութիւնը, սնանկացումները, գողութիւնն ու ահաբեկումները, բարոյական-ընկերային արժէքներու անկումը, ընտանեկան սրբութեանց վերացումը եւ «ազատութիւն» հասկացութեան այլանդակումը….
Մենք՝ հայերս, պարտինք նոր կեանք ու կենդանութիւն տալ՝ մեր սեփական արժէքներուն, որ կան մեր հարազատ ու բնիկ մշակոյթին մէջ:
Ուրիշը կապկելը սեփականը ուրանալ է եւ ստրկամտօրէն տակաւ ինքնաոչնչանալ է որպէս ինքնուրոյն ազգ ու երկիր….
Երան Գույումճեան