Այսօր երկու տուն յանձնեցինք ազատագրուած Քաշաթաղի հարաւային հատուածին գիւղերը տեղափոխուած երկու ընտանիքներու։
Առաջինը՝ սուրիահայ Արթինին և իր եղեգնաձորցի տիկնոջ և իրենց երկու երեխաներուն. մանչը՝ 2.5 տարեկան, աղջիկը՝ դեռ 40 օրը չբոլորած…
Երկրորդը՝ 1998-ին, փոքր տարիքին, Հայաստանէն Վան գիւղը տեղափոխուած Փափաքին, իր մօրը, կնոջը և երկու մանկահասակ երեխաներուն…
Երկուշաբթի օր Բերձորի մէջ տուն մը յանձնած էինք սուրիահայ Սեզարի երիտասարդ ընտանիքին։
Ազատագրուած տարածքները պիտի ծաղկին ու զարգանան մեր բոլորի նեցուկով։
Հողին կը տիրէ միայն ու միայն հողին վրայ ապրողը։ Հայկական այդ ընտանիքները տէ՛րն են այդ հողերուն։
Եթէ նկատի ունենանք նաև, որ երեկ տուն մը յանձնած էինք ապրիլեան պատերազմին վիրաւորուած զինուորի մը՝ Մհերին և իր ընտանիքին, ապա կրնանք ըսել, որ բաւականին արդիւնաւէտ եղած է աշխատանքը անցնող ամիսներուն…
ՌԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ