Ես կը վազեմ հանդարտ, դանդաղ, բայց հաստատ քայլերով․
շուրջ բոլորս կանգնած են մարդիկ եւ կը ծափահարէն, Ուռռայ կը գոչէն, արագ վազէ կըսեն, «պրաւո», ապրիս, հալալ է, եւ այլ տեսակի բացագանչութիւններ իսկ ես այդ բոլորը լսելով ինքզինքս չեմ թուլացներ, չեմ շփանար, կը ժպտամ բոլորին եւ կը շարունակեմ ճամբաս իմ հաստատ քայլերով․․․
Շուրջ բոլորս կը Հայհոյէն, սրիկայ, դանդաղ կրիայ, ոտքդ ջարդուի, դաւաճան, աննամուս եւ այլ տեսակի բացագանչութիւններ կը լսեմ սակայն ինքզինքս չեմ թուլացներ, չեմ ջղայնանար չեմ իջնէր իրենց մակարդակին եւ կը շարունակեմ իմ ճամբան Հաստատ իմ քայլերով, որովհետեւ ունիմ նպատակակէտ հասնելու ․․․
Ես Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն եմ
Բարեւս տուի անցայ գնացի
Զարէհ Եահնիեան