29 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ –:
Պաշտօնական Պերլինը պարզ դարձուց, որ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ վեհաժողովը, նուիրուած սուրիական Իտլիպի իրավիճակին, պիտի կայանայ հոկտեմբերին:
Վեհաժողովի այս լրատուութիւնը ինքնին կը նախանշէ, որ սուրիական հակամարտութեան գլխաւոր հանգոյցին` Իտլիպի ճակատագիրի որոշումը Թեհրան-Մոսկուա առանցքէն կը տեղափոխուի միջազգային հարթութիւն` նկատի ունենալով, որ այսպիսով բանակցութիւններուն մէջ կը ներգրաւուին Եւրոպայի ամէնէն հզօր պետութիւնները եւս:
Պէտք չէ շտապել նկատելու համար Ուաշինկթընի բացակայութիւնը: Անգարան իր կեցուածքներով` ռուսական յարձակումը զսպելու, Իտլիպի դէմ որեւէ քայլի պարագային մարդկային աղէտի մակընթացութեամբ սպառնալու եւ ըստ էութեան ահաբեկիչ տարրերը մեկուսացնելով, զանոնք պատանդի կարգավիճակի մէջ պահելով շահարկումի խաղաթուղթի տիրանալով, կը մօտենայ ուաշինկթընեան ըմբռնումներուն: Բանակցային գործընթացները Ուաշինկթընի հետ համաձայնեցնելու վարքագիծը կ՛երեւի ամէն մէկ հիմնական փուլի:
Փուլերը պէտք չէ շրջանցել: Նախ Թեհրան – Մոսկուա – Անգարա ռազմավարական համաձայնութեան տպաւորութիւն ձգող խմորումները, համակարգումները. յետոյ խնամքով Թեհրանի դուրս բերումը համաձայնական ձեւաչափէն` ընդգծելու համար համաձայնութեան երկկողմ բնոյթը: Իսկ հիմա Անգարա – Մոսկուան կը համալրուի Եւրոպական Միութեան գլխաւոր երկու ուժով` Գերմանիայով եւ Ֆրանսայով:
Զուգահեռ այն ինչ որ տեղի կ՛ունենայ ՄԱԿ-ի մէջ ցուցադրականութեամբ եւ Ուաշինկթընի կողմէ Թեհրանի նկատմամբ պատժամիջոցներ յայտարարելով կը շեշտեն Թեհրանի ընդհանուր մեկուսացման ուղղութեամբ կիրարկուող Ուաշինկթըն – Թել Աւիւ միացեալ քաղաքականութեան դրսեւորումները:
Երեւութապէս Անգարան չի միանար Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի հակաիրանեան քաղաքականութեան` յայտարարելով, որ ինք ենթարկուող չէ պատժամիջոցներու կիրարկման ամերիկեան պահանջներուն: Միւս կողմէ, սակայն, կը նոյնանայ Ուաշինկթընի հետ Իտլիպի ճակատագիրի ճշդումին հարցով, խնամքով դուրս ձգելով Իրանը այս մասին միջազգային վեհաժողովներէն, այդպիսով նպաստած ըլլալով նաեւ Իրանի նկատմամբ գործադրուող ընդհանուր մեկուսացման քաղաքականութեան:
Ռուսական խոցուած օդանաւը սուրիական տարածքներու վրայ կը թուէր, որ սուր ճգնաժամ պիտի յառաջացնէր ռուս-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն մէջ, գէթ որոշ փուլի համար գերլարուած իրավիճակ ստեղծելով տարածաշրջանին մէջ: Մանաւանդ որ զոհերու գծով, սուրիական պատերազմի շրջագիծին մէջ, աննախադէպ թիւ արձանագրուած էր: Լարուածութիւնը յայտնապէս վերապահուած է Ուաշինկթըն (նաեւ Թել Աւիւ)- Թեհրան գիծին: Յայտարարութիւնները այն տպաւորութիւնը կը փոխանցեն, որ Իտլիպի շուրջ նախնական ընդհանուր համաձայնութեամբ համեմատական խաղաղութեան հաստատումին առընթեր թէժ կէտը Թեհրանն է եւ Թել Աւիւի կողմէ կատարուած հրապարակումներուն հիմամբ նաեւ անոր լիբանանեան յենասիւները:
Սուրիայէն ետք պաղեստինեան իրադարձութիւնները, դէպի Իրան ուղղուած հռետորաբանութեան առաստաղի բարձրացումը, սպառնալիքները կը խօսին տարածաշրջանը եռացած վիճակի մէջ պահելու ընդհանուր քաղաքական վարքագիծի մը մասին:
Խաղաթուղթերը գերտէրութիւններուն համար առատ են` ընդհանուր տարածաշրջանին մէջ բաժանարար սահմանները վերագծելու, իրավիճակները վերաթէժացնելու եւ ընդհանրապէս ռազմական ճարտարարուեստի սպառողական շուկան աշխուժ պահելու:
aztagdaily.com/archives/410228