Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ, Դէպի Ապագայ – Ե. – Հայրենակերտում` Հողահաւաքի Եւ Հայահաւաքի Կամքով

29 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ –:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը, անցեալի ոլորտներուն մէջ պտտելէ եւ արժեւորումներ կատարելէ աւելի, խթան է, որպէսզի դարաւոր փորձառութիւններուն եւ մեզի հասած աննիւթական ժառանգութիւններուն ուղեցոյցով նայինք դէպի ապագան` ի խնդիր հայրենակերտումի, հողահաւաքի եւ հայահաւաքի:

Միացեալ Հայաստանի ժառանգութիւնը, որ անդրանիկ հանրապետութենէն մնացած գլխաւոր աւանդն է, հիմնաքարը կը կազմէ հողահաւաքի ու հայահաւաքի:

Հողահաւաքը, որքան ալ անկեղծ ըլլան մեր բաղձանքներն ու քաղաքական կամքը, լիովին կախեալ չէ մեր միջոցներէն, այլ կը մնանք շրջանային ու միջազգային խաղերու եւ հաշիւներու ոլորապտոյտներու ազդեցութեանց ենթակայ: Եթէ մեր աչքերը յառենք Հայաստանի ու Արցախի սահմանային գօտիներուն, սակայն նաեւ շատ աւելի անդին` մինչեւ Կովկաս, Միջին Արեւելք, նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու աշխարհն ու հասնինք տարբեր ցամաքամասեր, դժուարութիւն չենք ունենար տեսնելու, թէ հին խաղերը ինչպիսի՛ նոր անուններով ու պատրուակներով-պատճառաբանութիւններով կը փոթորկեն աշխարհը, քաւութեան նոխազի վիճակի մէջ կը պահեն համեմատաբար փոքր ու տկար նկատուող ժողովուրդները: Սա չի նշանակեր, սակայն, ամբողջական անձնատուութիւն` տուեալ հոսանքներուն:

Միւս կողմէ, «ներքին» բեմահարթակին վրայ, մենք կը գտնուինք շատ աւելի ազատ ձեռքերով շարժելու կարելիութեան դիմաց, պայմանաւ որ ներքին մրցակցութիւնները, հակամարտութիւններն ու մինչեւ իսկ քինախնդրութիւն բուրող զարգացումները չմթագնեն մեր տեսողութեան դաշտերը, մեզ չզրկեն Դատողութիւն կոչուած զգայարանքէն: Եւ սա կարեւոր ենթահող է հայահաւաքի համար:

Գաղտնիք չէ, որ խորհրդային տարիներուն եւ յետ վերանկախացման, տարբեր պատճառներով ու մղումներով, Հայաստանէն արտագաղթը ստացած է մերթ արագ, երբեմն դանդաղ թափ: (Արտագաղթի հոսանքները փնտռելու եւ բացատրելու համար կրնանք երթալ նաեւ աւելի հին դարեր, թէեւ պէտք չէ մտահան ընենք, որ այդ տարիներուն կար նաեւ Պանդխտութիւն հասկացողութիւնը, այսինքն արտագաղթողը չէր հեռանար չվերադառնալու տրամադրութեամբ: Վերջին տասնամեակներուն արտագաղթողներուն շարքին եղան երկրի կարողականութիւնը շահագործողներ եւ աւարը արտահանողներ…): Յետխրուշչովեան Խորհրդային Հայաստանէն ալ, ուշ 60-ական, 70-ական եւ 80-ական տարիներուն, մեծաթիւ արտագաղթ տեղի ունեցաւ, թէեւ այսօր այդ մասին չենք խօսիր բարձր ձայնով` մտածելով, որ անկախ Հայաստանէն արտագաղթը արդարանալի չէ, մինչդեռ բռնատիրական դրութենէ մը հեռացումը որոշ բացատրութիւն ունէր… Փաստը այն է, որ արտագաղթը արտագաղթ է իր վնասակար հետեւանքներով, որովհետեւ հայրենիքը կը զրկէ իր զաւակներու զանգուածներէն, ա՛յն յենարանէն, որ պիտի ըլլայ հողահաւաքի` Հայաստանի սահմաններու ընդարձակման ու մեր պատմական հողերուն վերատիրացման ամէնէն հզօր գրաւականը:

Նոր Հայաստանի կերտումն ու բարգաւաճումը կը կարօտին բազմաթիւ նախադրեալներու: Թւումի կարգով արձանագրենք «լափալիսեան ճշմարտութիւններ». առաջին հերթին` պետական դրութեան առողջացումը եւ հողին հանդէպ կապուածութիւն զգալու ժողովուրդի ունակութեան վերականգնումը: Սա, ամենալայն առումով, պետական ծրագրումի եւ հովանաւորումի կը կարօտի: Այս ոլորտին մէջ կարեւոր բաժին ունին գաղափարակա՛ն պետութեան ամրակայումը եւ ո՛չ միայն` գործարարական (պիզնեսի) ծրագիրներու որսորդութիւնը: Երկրի մը տնտեսութեան ու բարգաւաճման մէջ գործարարութիւնը շատ կարեւոր յենարան է, սակայն եթէ կը պակսի արդարութեան վրայ ընկերային համակարգ ձեւաւորելու եւ գործարարութիւնը հաւասարակշռող օրէնքներու շրջագիծին մէջ պահելու ձգտումը, տեղ մը շատ բան փուլ կու գայ ուշ կամ կանուխ: (Վերջին տարիներուն պտղամշակութիւնը իր օձիքը չի կրնար ձերբազատել շահամոլներու մականէն): Փտածութեան ու կաշառակերութեան դէմ պայքարը անվիճելիօրէն կարեւոր են ու կրնան ենթահող ծառայել պետական կառոյցներուն նկատմամբ սասանած վստահութեան վերականգնումին, սակայն նաեւ կենսական է ունենալ բոլոր ոլորտներու մէջ բարգաւաճման համապարփակ ծրագիր (ընդունելով հանդերձ, որ ամէնէն համապարփակ նկատուածն ալ միշտ կրնայ յաւելեալ բարելաւումի հասնիլ, ինչպէս որ սահմանադրութիւններն ու հիմնական օրէնքներ կրնան միշտ ալ բարեփոխուիլ, նոր յօդուածներով հարստանալ, ամրանալ): Տակաւին, երկրի սեփական հարստութեանց բարիքները պէտք է վերադարձնել երկրին ու ժողովուրդին, մինչդեռ կարողականութեանց արտահոսքը իր պատմութիւնը կերտած է, իսկ կարգ մը նորարարութիւններ, ինչպէս` ազատ գօտիներու ստեղծումը, բարիքի խոստումներուն դիմաց, վէճի դուռերը լայն կը բանան:

Հայրենակերտումին մէջ կենսական է վերականգնել մտաւորականութեան դիրքն ու դերակատարութիւնը, պայմանաւ որ խօսինք Մտաւորականութեան եւ ոչ թէ պատահական մտածողներու մասին: Այսօր, երբ «թաւշեայ յեղափոխութիւնը» կամ զայն կանխող տարիներու զարգացումները աչքի առջեւ ունենանք եւ հետեւինք տարբեր ոլորտներու մէջ մտաւորական կոչում ունեցողներուն ընթացքին, կը տեսնենք, որ թացն ու չորը իրարու խառնուած են: Այս կամ այն անձնաւորութեան համակրանք կամ հակակրանք արտայայտելը, օրինակ, դարձած է մտաւորականի կոչումի չափանիշ. մինչդեռ իսկական մտաւորականը պարտաւոր է վեր բարձրանալ անմիջական օրը կազմող եռեւեփումներէն, կարկինը տարածել տասնամեակներու վրայ, տեսնել, թէ անցեալին ու այսօրուան ո՛ր զարգացումները գնայուն են ու պիտի մնան անվաղորդայն, որո՞նք պէտք է հոգածութեան եւ ուշադրութեան առարկայ դառնան, մնայուն արժէքներու հիմնաքար ծառայեն: Այս մտահոգութիւնը աւելի պարզ տեսնելու համար կը բաւէ, որ մարդս քանի մը շաբաթ ուշադրութեամբ հետեւի հայրենի գրաւոր ու լսատեսողական մամուլի հարցազրոյցներու, ընտրական արշաւներուն եւ խօսքի աճուրդներուն, ու պարզ կը դառնայ, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզենք «թացի եւ չորի խառնուրդ» ըսելով:

Երկիր ղեկավարել ու արարելը դիւրին գործ չէ: Երկիր մը միայն ճամբաներու նորոգութեամբ, երթեւեկի օրէնքներու վերամշակումով ու աւազակութեանց սանձումով չ՛արարուիր. կան նաեւ ներքին ու մանաւանդ արտաքին շատ աւելի լայն շրջագիծեր, որոնք կը կարօտին «հերքիւլէսեան աշխատանք»-ի: Անմիջական դրացիներու կամ հեռակայ գործակիցներու հետ յարաբերութիւնները, դաշնակիցներու եւ հակառակորդներու յստակացումը, տակաւին, հայութեան տարբեր ուժերուն միջեւ համակարգումը կը կարօտին շատ աւելի լայն մտածողութեան եւ հայեցակէտի, քան ինչ որ տեսած ենք անկախութեան վերականգնումէն ասդին (այս հաստատումով չենք արհամարհեր երէկի ու այսօրուան դրական քայլերը):

Բնականաբար արտաքին յարաբերութեանց ոլորտին պրիսմակէն պէտք է դիտել նաեւ հայրենիքին` Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան հարցերը, հետամուտ ըլլալ նոր դաշնակիցներու ներգրաւման` առանց անտեսելու կամ հրաժարելու նախկին ու այժմու դաշնակիցներէն: Աշխարհածաւալ պատերազմի փուլերը յաճախ կը հարկադրեն այս կամ այն ուժին յարիլ, մինչդեռ խաղաղութեան շրջանները աւելի թոյլատու կ՛ըլլան խուսանաւելու: Սա ճշմարտութիւն մըն է, որ միայն Հայաստանին ու հայութեան համար չէ, այլ ամբողջ աշխարհը կը հետեւի նոյն «օրէնքին»:

Նուազ արհամարհելի կէտ չէ քաղաքական հաւասարակշռութեան ու առողջ մրցակցութեան ստեղծումը: Սա կը նշանակէ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն խաղին ազնուացումը` այն տրամաբանութեամբ, որ բոլորին նպատակը ըլլայ երկրին ու ժողովուրդին բարգաւաճումն ու զարգացումը, զիրար անտեսելու, քաղաքական կրկէսէն դուրս հրելու փոխարէն` զիրար ամբողջացնելու եւ «մէկուն չկրցածը ես պիտի յաջողցնեմ»-ի տրամադրութեան տարածումը: Եւ ինչպէ՞ս չմտածել սարդարապատեան ոգիին ու անդրանիկ հանրապետութեան խորհրդարանին դրսեւորած կամքին մասին:

Այս բոլորին համար, ինչպէս նշեցինք, կենսական է վեր բարձրանալ առօրեայ տաղտկալի հարցերէն ու հսկայական թուացող… մանրուքներէն, հայրենիքն ու ժողովուրդը դիտել յառաջիկայ 10, 20, 50 կամ աւելի տարիներու շրջագիծին մէջ, տեսնել, թէ 100 կամ աւելի տարիներ առաջ ո՞ւր կը կանգնէինք, ի՞նչ հեռանկարներ ունէինք, այսօր ո՞ւր հասած ենք, հեռանկարներէն ի՞նչ կրցած ենք իրականացնել, կամ ո՞ւր եւ ինչո՞ւ ընկրկում ունեցած ենք, որպէսզի կարողութիւնը զարգացնենք աւելի՛ լաւ վաղուան մը կերտումին: Անշուշտ որ ամէն բան բացարձակապէս մեր կամքէն կախեալ պիտի չըլլայ, ամէնէն հզօրներն անգամ չեն հասնիր իրենց յայտարարուած կամ չյայտարարուած բոլոր նպատակներուն, սակայն հեռուն դիտելով` նախագծումը, մանաւանդ` ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ Հայաստանի կերտումը, հողահաւաքն ու հայահաւաքը պէտք է հիմնական տեղ ունենան մեր ապագայի կերտումին մէջ:

Մեր նպատակը չէ ստեղծել այն տպաւորութիւնը, որ նման առաջադրանքներ կը վերաբերին միայն հայրենի հայութեան, պետութեան ու զայն վարող իշխանութիւններուն, այլ այս հրամայականը, իբրեւ դրական «դամոկլեան սուր», պէտք է կախուած ըլլայ ողջ հայութեան, նա՛եւ արտերկրի օճախներու զաւակներուն գլխուն վերեւ: Ճիշդ է, որ սփիւռքեան կարգ մը հարցեր իւրայատուկ են, սփիւռքը կը կանգնի հայաստանաբնակէն տարբեր եւ յաճախ շատ աւելի սուր մարտահրաւէրներու դիմաց, սակայն «ամբողջական Հայաստան ու միասնական հայութիւն» տեսլականները կը մնան զանոնք համախմբող ամէնէն ամուր հասարակ յայտարարը:

Այս կամքով ու տրամադրութեամբ պիտի թեւակոխենք հանրապետութեան երկրորդ հարիւրամեակը` մեր աչքերը սեւեռելով հարիւրամեակներէն շատ աւելի անդին: Ի վերջոյ, արդեօք Երեւանի մէջ 2800 տարի առաջ եղա՞ծ են պետական մարդիկ կամ մտաւորականներ, որոնք մտածած են, թէ իրենց քաղաքը պիտի գոյատեւէ ու բարգաւաճում պիտի ապրի 28 դար ետք…

3-18 սեպտեմբեր 2018

aztagdaily.com/archives/410137

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail