Հայկական Զինուժը Երասխի Ուղղութեամբ Կանխած Է Ատրպէյճանական Ներթափանցման Փորձը

02 հոկտեմբեր 2015

sahman1

Հայ­ ատրպէյճանական պետական սահմանի հարաւ-արեւմտեան հատուածէն, Երասխի ուղղութեամբ, հայկական կողմի համար անյայտ պատճառներով, Նախիջեւանի մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումներէն մէկուն կողմէ Հոկտեմբեր 1-­ին` ժամը 22:30-­ի, ձեռնարկուած է պետական սահմանի խախտման փորձ, որ արդէն իսկ նկատուած է միջդիրքային տարածութեան վրայ եւ կանխուած է Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու կողմէ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, տեղի ունեցած փոխհրաձգութեան արդիւնքով հակառակորդը ետ նահանջած է:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը նախազգուշացնէ, որ հայ­ատրպէյճանական պետական սահմանի նախիջեւանեան ուղղութեամբ լարուածութեան բացակայութեան պայմաններու մէջ հակառակորդին կողմէ իրադրութիւնը սրելու փորձերը խստագոյն ձեւով պիտի պատժուին:

http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail