01 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ –:
Արցախի Հանրապետութիւնը շփման գիծին մէջ լարուածութեան նուազեցման վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պայմանաւորուածութիւնը կ՛ողջունէ, բայց հարցին որոշ վերապահութեամբ կը մօտենայ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան:
«Եթէ քաղաքական գնահատական տանք, հետաքրքրական եւ ողջունելի զարգացում է: Այն երեք կէտերը, որոնց շուրջ պայմանաւորուած են, շատ կարեւոր են: Սակայն այստեղ կայ վերապահութիւն, որ Ալիեւին եւ առհասարակ ազրպէյճանական ղեկավարութեան ամբողջապէս վստահիլը ճիշդ չէ, որովհետեւ ամէնէն նենգ ձեւով, ամէնէն անյարմար պահուն անոնք կրնան որեւէ պայմանաւորուածութիւն խախտել, ինչ որ ցոյց տուած է փորձառութիւնը: Այնուամենայնիւ, յուսանք, որ այս անգամ դրական ինչ որ ազդեցութիւն կը ձգէ այս պայմանաւորուածութիւնը», նշեց Բաբայեան:
Արցախի նախագահի մամլոյ բանբերը նշեց, որ կարճ ժամանակի ընթացքին որեւէ փոփոխութիւն պէտք չէ ակնկալել:
«Պէտք է սպասել: Այս պայմանաւորուածութիւնը մենք պէտք է դիտարկենք ոչ թէ երկու ժամուան կամ մէկ-երկու օրուան կտրուածքով, այլ երկարատեւ», ըսաւ ան:
Դաւիթ Բաբայեանի համաձայն, պայմանաւորուածութեան վերաբերեալ Ալիեւի համաձայնութիւնը կրնայ կախեալ ըլլալ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան նկատմամբ տարբեր ատեաններու ճնշումներէն:
«Հետաքրքրական է, որ անկէ առաջ համանախագահները շատ կարծր յայտարարութիւն կատարեցին: Վստահաբար, անիկա նախ եւ առաջ ուղղուած էր Ազրպէյճանին, որովհետեւ այդ կողմն է զինադադարի դրութիւնը խախտողը, եւ հետաքրքրական զուգադիպութիւն է, որ Ռուսիոյ նախագահը պաշտօնական տեսանկիւնէ ծանօթացուցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները: Նկատի առնելով, որ Ռուսիան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներէն մէկն է, չի բացառուիր, որ Ալիեւը շատ առանձնայատուկ դրութեան մէջ մտած է, որ կայ բաւական մեծ ճնշում անոր վրայ, եւ պատեհ առիթ գտած է ե՛ւ ծանօթանալու Հայաստանի Հանրապետութեան նոր ղեկավարին, ե՛ւ ինքզինք ցոյց տալու, իբրեւ կառուցողական կողմ», նշեց Դաւիթ Բաբայեան:
Արցախի նախագահի մամլոյ բանբերը, այնուամենայնիւ, նշեց, որ այս ընթացքին իրավիճակը սահմանին վրայ կայուն է:
aztagdaily.com/archives/410366