94 Տարեկանին Մահկանացուն Կնքեց Աշխարհահռչակ Երգիչ, Հայաստանի Ազգային Հերոս Շարլ Ազնաւուր

02 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 –:

Երէկ կէսօրէ ետք «Ֆրանսփրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած է, որ աշխարհահռչակ երգիչ-երգահան Շարլ Ազնաւուր հեռացած է կեանքէն` 94 տարեկանին: Շարլ Ազնաւուրի մահը մեծ կորուստ նկատուեցաւ թէ՛ Ֆրանսայի եւ թէ՛ Հայաստանի ու հայութեան համար:

Շարլ Ազնաւուրի հայրը` Միշան, ծնած է Վրաստանի Ախալցխա քաղաքը, մայրը` Իզմիր: Ազնաւուրի ընտանիքը ամուր կապուած էր ազգային սովորոյթներուն: Շարլ Ազնաւուր մանկութենէն մեծ հետաքրքրութիւն ունէր արուեստի նկատմամբ, ան կը յաճախէր թատերական դպրոց: Ծնողներուն օգնելու համար պատանի Շարլը ելոյթներ կ՛ունենար փոքր ներկայացումներու մէջ, կ՛երգէր  եկեղեցւոյ մէջ:

Աւելի ուշ սկսած է երգեր գրել ժամանակի յայտնի երգիչներուն համար: 1946-ին ծանօթացած է հանրայայտ երգչուհի Էտիթ Փիաֆի հետ, եւ անոնք միասին շրջագայած են համերգներով: Սկզբնական շրջանին երգած է Փիեռ Ռոշի հետ: Համընդհանուր ճանաչման արժանացած է 1959-ին` Փարիզի «Օլիմփիա» համերգասրահին մէջ իր ունեցած ելոյթէն ետք: Երգած է աշխարհի գրեթէ բոլոր լաւագոյն համերգասրահներուն մէջ, համերգներ ունեցած է նաեւ Երեւանի մէջ:

Ազնաւուր գրած է 1000-է աւելի երգեր` «Սա է վերջը», «Մամա», «Իզապել», «Երկու կիթառ», «Սիրուց յետոյ», «Ջահելութիւն» եւ այլն: Անոր երգերուն սկաւառակները հրապարակուած են միլիոնաւոր օրինակներով, բանաստեղծութիւնները թարգմանուած եւ լոյս տեսած են առանձին գիրքերով: Ան իր երգերուն լաւագոյն կատարողն էր:

Ազնաւուր նկարահանուած է 60-է աւելի ժապաւէններու մէջ` «Հռենոսի անցումը», «Սատանան եւ տասը պատուիրանները», «Հայր Կորիօ» եւ այլն, իսկ «Գլուխը` պատը» ժապաւէնին համար արժանացած է «Բիւրեղեայ աստղ» մրցանակին: Ուշագրաւ է անոր դերակատարումը Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» ժապաւէնին մէջ, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան:

1988-ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք ան բազմիցս այցելած է Հայաստան, եղած է աղէտի գօտիին մէջ: Փարիզի մէջ ստեղծած է երկրաշարժէն տուժածներու օգնութեան «Ազնաւուրը Հայաստանին» հիմնադրամը, որուն ներկայացուցչութիւնը բացած է Երեւանի մէջ: Երգիչ եւ երաժշտահան Ժորժ Կառվարենցի հետ գրած է «Քեզի համար, Հայաստան» երգը, պատրաստած է տեսահոլովակ` Ֆրանսայի 90 երգիչի ու դերասանի մասնակցութեամբ: Քուպայի մէջ Չ. Վալտեսի հետ հրապարակած է ալպոմ (2007, շնորհահանդէսը` Մոսկուայի մէջ):

1995-էն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով պատուաւոր դեսպանն է, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն պատուիրակ: 2009-ին նշանակուած է Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Զուիցերիոյ մէջ:

Արժանացած է Հայաստանի ազգային հերոսի կոչման, պարգեւատրուած Արցախի Հանրապետութեան «Գրիգոր Լուսաւորիչ» եւ Թէքէեան մշակութային միութեան ադամանդակուռ «Արարատ» շքանշաններով, Ֆրանսայի Պատուոյ լեգէոնի 2 շքանշանով: 2009-ին ճանչցուած է 20-րդ դարու լաւագոյն երգիչ:

Գրած է «Ազնաւուրը Ազնաւուրի մասին» (1975), «Անցած օրեր» (2004) յուշագրութիւնները:

Ազնաւուրի անունով կոչուած են հրապարակ Երեւանի, Վաղարշապատի տրամաթիքական թատրոնը, իսկ 2000-ին Գիւմրիի մէջ` անոր անուան հրապարակին մէջ, կանգնեցուած է յուշարձանը: Ազնաւուրի մոմէ արձանը 2004-ին դրուած է Մատամ Տիւսոյի թանգարանին մէջ: 2009-ին Երեւանի մէջ բացուած է Ազնաւուրի թանգարանը:

Սուգի Օր` Հայաստանի Մէջ

Անդրադառնալով Շարլ Ազնաւուրի մահուան, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ  յուղարկաւորութեան օրը Հայաստանի մէջ պիտի  յայտարարուի սուգի օր:

Նախագահ Սարգսեան. «Դուն Միշտ Մեզի Հետ Ես,
Սիրելի՛ Շարլ, Քու Ժողովուրդիդ Հետ»

Նախագահ Արմէն Սարգսեան հետեւեալ ցաւակցական ուղերձը յղած է Շարլ Ազնաւուրի մահուան առիթով.

«Անասելի ցաւ ապրեցայ ծանր հարուածէն` Ազնաւուրը այլեւս չկայ…

Համայն մարդկութիւնը կորսնցուց 20-րդ դարու ամէնէն զգայուն հոգիներէն մէկը:

Շարլը մարդու հաւաքական կերպարն էր` իր յոյզերով ու ապրումներով, կեանքի դժուարութիւններով ու երազանքներով, սէրերով ու ատելութիւններով:

Դարու նման ձգուող իր երկար կեանքի ընթացքին իր հոգեպարար երգերով, իր անկրկնելի կերպարով որքա՜ն յոյս վառած է ան  միլիոնաւորներու սրտերուն, որքա՜ն ցաւեր ամոքած…

Գրեթէ մէկ դար գլորած բեմի հսկան տակաւին զսպանակի նման պիրկ ու ամուր էր լուսարձակներու առջեւ, անոր անկրկնելի ձայնը տակաւին կը փոթորկէր մարդկային հոգին, պատանիներն ու երիտասարդները, արդէն ճերմկած մազերով անոր միլիոնաւոր երկրպագուները կը վարակուէին կեանքի այն լուսաւոր սիրով, որ կը ճառագայթէր յաւերժի այդ ճամբորդէն:

Մեզմէ հեռացաւ հայը, որ միայն ֆիզիքապէս կը գտնուէր հայրենիքէն դուրս. հայրենիքը անոր մէջ էր, ան` հայրենիքին…

Համաշխարհային ու հայկական մշակոյթէն պոկուեցաւ մեծ ու վառվռուն ասուպ մը, որ իր յետագիծով պիտի շարունակէ յաւերժական ճամբորդութիւնը արուեստասէրներու հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ…

Ես կորսնցուցի իմ լաւագոյն բարեկամներէս մէկը, որուն հետ իւրաքանչիւր հանդիպում իւրայատուկ էր իր ջերմութեամբ ու անջնջելի տպաւորութեամբ…

Սակայն դուն միշտ մեզի հետ ես, սիրելի՛ Շարլ, քու ժողովուրդիդ հետ, քու Հայաստան եւ Ֆրանսա հայրենիքներուդ հետ…

Անկեղծօրէն կը ցաւակցիմ եւ կը վշտակցիմ Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքին, հարազատներուն, մերձաւորներուն, Հայաստանի ու Ֆրանսայի ժողովուրդներուն, Ազնաւուրի արուեստի միլիոնաւոր երկրպագուներուն:

Ճամբուդ լո՜յս, Շարլ…»

Վարչապետ Փաշինեան. «Ազնաւուրը Կերտած Է Ամբողջ Դարաշրջան Մը,
Կերտած Է Պատմութիւն, Կերտած Է Սէր»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազնաւուրի մահուան առիթով յղած ուղերձին մէջ նշեց.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Խոր ցաւով ստացայ Շարլ Ազնաւուրի մահուան բոթը. կեանքի 94-րդ տարեդարձին մեզմէ հեռացած է հայ ժողովուրդի մեծագոյն զաւակներէն մէկը:

Դժուար է հաւատալ, որ մահացած է անձնաւորութիւն մը, որ կերտած է ամբողջ դարաշրջան մը, կերտած է պատմութիւն, կերտած է սէր, եւ անմնացորդ ծառայած սեփական ժողովուրդին, սեփական ժողովուրդներուն, որովհետեւ Շարլ Ազնաւուրը կ՛ըսէր` ես 100 առ հարիւր ֆրանսացի եմ եւ 100 առ հարիւր հայ: Ան 80 տարի իր բեմական գործունէութեամբ հիացուցած, ջերմացուցած եւ ոգեշնչած է տասնեակ, հարիւր միլիոնաւոր մարդոց` բոլոր ցամաքամասերուն մէջ:

Ասիկա ցաւալի, սգալի օր է մեր ժողովուրդին եւ մեր երկրի պատմութեան համար: Մահացած է Հայաստանի Ազգային հերոսը: Անուրանալի է Շարլ Ազնաւուրի աւանդը Անկախ Հայաստանի կայացման ու հզօրացման գործին մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան ու հայ ժողովուրդի անունով իմ խորին վշտակցութիւնս կը յայտնեմ Ֆրանսայի ժողովուրդին, Շարլ Ազնաւուրի հարիւր միլիոնաւոր երկրպագուներուն` աշխարհի տարբեր մասերուն մէջ: Կը ցաւակցիմ մեզ բոլորիս` ամբողջ հայ ժողովուրդին:

Ասիկա իսկապէս մեծ համամարդկային կորուստ է, որովհետեւ Ազնաւուրը մարդ է, որ ստեղծած է ո՛չ միայն ազգային, այլեւ համամարդկային արժէքներ, որոնք երկար տարիներ մարդկութեան պիտի ուղեկցին դէպի սէր ու համերաշխութիւն` այդ արժէքներու հիման վրայ մարդիկը մղելով դէպի առաքինութիւն»:

Արա Բաբլոյեան. «Ջերմ Կարօտով Ու Պայծառ Թախիծով
Պիտի Յիշենք Մեր Մեծ Հայրենակիցը»

«Խոր ցաւով տեղեկացայ մեր մեծ հայրենակիցի` աշխարհահռչակ երգիչ, Հայաստանի ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուրի մահուան մասին: Համաշխարհային էսթրատային արուեստին մէջ ան ամբողջ դարաշրջան էր, որ այլեւս միշտ պիտի մնայ մարդկութեան հետ, պիտի մնայ իր հեղինակած շուրջ ութ հարիւր երգերով, որոնցմէ շատ շատերը վաղուց դարձած են համաշխարհային էսթրատային երգարուեստի գանձարանի մշտահմայ մարգարիտները:

Եթէ իբրեւ երգիչ ու երգերու հեղինակ Շարլ Ազնաւուրը կը սորվեցնէր ինչպէս ստեղծագործել, ինչպէս անթերի կատարել իր անկրկնելի ու բոլորիս հոգեհարազատ երգերը, ապա իբրեւ մարդ ու քաղաքացի` կը սորվեցնէր անմնացորդ սիրով սիրել հայրենիքը: Եւ 20-րդ դարու կէսերէն ի վեր որքան մեծ աւանդ ունեցաւ էսթրատային երգարուեստի զարգացման ասպարէզին մէջ, նոյնքան հսկայական վաստակ ունեցաւ  «Ազնաւուրը` Հայաստանին» հիմնադրամին միջոցով Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժի հետեւանքները վերացնելու գործին մէջ: Իսկ «Քեզի համար` Հայաստան» երգը դարձաւ գթասրտութեան նորօրեայ ու իւրօրինակ քայլերգը ամբողջ աշխարհին մէջ:

Աշխարհը այսօր կորսնցուց իսկապէս ականաւոր երգիչը: Իսկ Հայաստանն ու ամբողջ հայութիւնը հրաժեշտ կու տան մեծագոյն հայու, որ սերունդներու յիշողութեան մէջ պիտի մնայ ո՛չ միայն իր երգերով, այլեւ իր հասարակական գործունէութեամբ եւ մարդասիրութեան այն հզօր ալիքով, որ բարձրացուց աղէտեալ Հայաստանին օգնելու համար: Եւ մենք միշտ ջերմ կարօտով ու պայծառ թախիծով պիտի յիշենք մեր մեծ հայրենակիցն ու ժամանակակիցը:

Ծանր կորուստի այս պահուն Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւ անձամբ իմ անունովս խոր ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Շարլ Ազնաւուրի հարազատներուն ու մերձաւորներուն եւ կը կիսեմ անոնց վիշտը, որ, սակայն, բոլորիս վիշտն է», ըսուած է Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի ցաւակցական ուղերձին մէջ:

Նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն. «Մենք Հայ Ժողովուրդին Հետ
Կը Սգանք Ֆրանսացիներուն Սուգը»

«Մենք հայ ժողովուրդին հետ կը սգանք ֆրանսացիներուն սուգը», «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ գրած է Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն` անդրադառնալով ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի մահուան:

«Խորապէս ֆրանսացի, հոգիով կապուած իր հայկական արմատներուն, աշխարհով մէկ ճանչցուած Շարլ Ազնաւուրը ուղեկցած է երեք սերունդի ուրախութեան ու տխրութեան: Անոր գլուխ գործոցները, անոր  ժառանգութիւնը, անոր իւրայատուկ փայլը տակաւին երկար ժամանակ կենդանի պիտի պահեն Ազնաւուրի յիշատակը», գրած է Ֆրանսայի նախագահը:

Մաքրոնը տեղեկացուցած է, որ աշխարհահռչակ երգիչին հրաւիրած էր երեւանեան ուղեւորութեան` մասնակցելու Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին: «Ան պէտք է երգէր այնտեղ: Մենք հայ ժողովուրդին հետ կը սգանք ֆրանսացիներուն սուգը», գրած է Մաքրոն:

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը
Ցաւակցագիր Յղած Է Շարլ Ազնաւուրի Ընտանիքին

1 հոկտեմբերին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ.  կաթողիկոսը ցաւակցագիր յղած է Հայաստանի ազգային հերոս, աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքին:

«Ցաւ էր մեզի համար լսել մեր ժողովուրդի մեծանուն եւ տաղանդաշատ զաւակ Շարլ Ազնաւուրի մահուան լուրը:

Վշտալի է կորուստը արժանաւոր հայորդիին, որ հարազատ ժողովուրդի փառքն ու պատիւը աւելցուց ու պայծառացուց իր հռչակով, շնորհներով, բարձր արուեստով եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու յայտնի բեմերուն վրայ հնչեցուցած իր անզուգական կատարումներով:

Այսօր մխիթարութեամբ կ՛անդրադառնանք, որ բարեյիշատակ Շարլ Ազնաւուրը հոգիով ու սրտով միշտ եղած է Հայաստանի հետ, հպարտացած իր ազգային ինքնութեամբ: Մեր ժողովուրդը պատուհասած աղէտալի երկրաշարժի օրերուն Ազնաւուրը երգեց ժողովուրդին ցաւը շատ յայտնի երգիչներու հետ, իր բոլորանուէր ջանքերը բերաւ Հայաստանի օգնութեան համար: Անոր հանրայայտ երգերու շարքին են նաեւ Հայաստանին, Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակերուն նուիրուած ստեղծագործութիւնները, որոնք վերստին կը բացայայտեն մեծանուն հայորդիի հայրենասէր ու ազգանուէր ոգին:

Շարլ Ազնաւուրի մահը  կորուստ է ամբողջ աշխարհի համար, որովհետեւ ան իր համաշխարհային ճանաչումով ու արժէքով նաեւ ամբողջ մարդկութեան զաւակն է, որուն գիտեն, կը սիրեն եւ որուն համար այսօր կ՛աղօթեն ամէնուր: Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած` մեծանուն հայորդիին հոգւոյն հանգստութեան համար:

Հոգելոյս Շարլ Ազնաւուրը մեզի ձգեց իր վառ կերպարը, հիասքանչ երգերը, սէրն ու բարութիւնը եւ երկրաւոր ճամբան աւարտելով` կը շարունակէ իր ընթացքը դէպի յաւերժութիւն եւ յաւիտենական կեանք»,  ըսուած է վեհափառ հայրապետի ցաւակցագիրին մէջ:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Ցաւակցութիւնը Կը Յայտնէ
Շարլ Ազնաւուրի Ընտանիքին

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցագիր նամակ մը յղած է Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքին` յայտնելով իր խորազգաց ցաւակցութիւնը այս տխուր առիթով:

Ցաւակցագիրին մէջ վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնած է այն եզակի դերին, որ Շարլ Ազնաւուր ունեցաւ միջազգային մակարդակի վրայ, յատկապէս երաժշտական մարզին մէջ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտած է Շարլ Ազնաւուրին բերած կարեւոր նպաստը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ճանաչման օտար շրջանակներու մէջ: Վեհափառ հայրապետը  նաեւ յիշած է մեծ երգիչին կարեւոր դերը Հայաստանի հզօրացման ու ծաղկման աշխատանքներուն` անոր վերանկախացումէն ետք:

Սերգ Սարգսեան. «Ազնաւուրի Վառ Աստղը
Երկինքէն Միշտ Պիտի Լուսաւորէ Մեզ»

Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը ցաւակցական ուղերձ յղած է աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի մահուան առիթով: Երրորդ նախագահի ուղերձին մէջ ըսուած է.

«Բառերով կարելի չէ նկարագրել այն մեծ վիշտը, որ կ՛ապրիմ այս պահուն: Շարլին հեռանալը շատ մեծ, անդառնալի կորուստ եւ ցաւ է բոլորիս համար, յատկապէս անոնց համար, որոնք մօտէն ճանչցած են զինք:

Հայաստանի ազգային հերոսը, հայ ժողովուրդի դեսպանը աշխարհին մէջ, դարու արուեստագէտը, ֆրանսական երգի հայրը, մեր բոլորին կողմէ այնքան սիրուած Շարլ Ազնաւուրը իր անզուգական, անկրկնելի, վառ տաղանդով, իր շիտակութեամբ, իր լաւատեսութեամբ, իր բարութեամբ հիացմունք կը  յառաջացնէր ամբողջ աշխարհին: Ան մարմնաւորեց հայ ազգի ճակատագիրը, անոր վերածնունդը, անկոտրում կամքը, աշխատասիրութիւնը, անպարտելիութիւնը:

Շարլին կեանքը ինքնին հրաշալի ժապաւէն մըն էր` լուսաւոր եւ լի մարդասիրութեամբ: Այդ պատմութիւնը, այդ հրաշքը կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի: Ազնաւուրի վառ աստղը երկինքէն միշտ պիտի լուսաւորէ բոլորս:

Յաւերժ փառք քեզի, սիրելի՛ վարպետ, սիրելի՛ Շարլ, մեծ հայ»:

Մուրատ Փափազեան. «Շարլ Ազնաւուրը Միշտ Եղած Է Մեր Պայքարի Կողքին`
Թէ՛ Արցախի, Թէ՛ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցերուն Հետ Կապուած»

Աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի մահը մեծ կորուստ է հայ ազգին համար: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան:

«Շարլ Ազնաւուրի աշխատանքը անգնահատելի է: Ան միշտ եղած է մեր պայքարի կողքին` թէ՛ Արցախի, թէ՛ Հայոց ցեղասպանութեան հարցերու հետ կապուած: Ազնաւուր զօրավիգ եղած է մեր պահանջներուն: Հայ ժողովուրդը ունէր Շարլ Ազնաւուր, որ մեծ արժէք էր միջազգային մշակոյթին մէջ: Շատ ազգեր հայերը կը ճանչնային Ազնաւուրով: Մեզի համար, իսկապէս, մեծ կորուստ է, ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ ո՛չ միայն ընտանիքին, այլեւ հայ ժողովուրդին», ըսած է Փափազեան:

Դեսպան Լաքոթ. «Ե՛ւ Հայաստանի, Ե՛ւ Ֆրանսայի Համար Ասիկա Հսկայական Կորուստ Է»

Շարլ Ազնաւուրի մահը ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ֆրանսայի համար հսկայական կորուստ է, ան մարդ մըն էր, որ իր մէջ կը կրէր ֆրանսերէնը եւ կը տարածէր աշխարհով, եւ ասիկա երկու երկիրներուն համար ահռելի կորուստ է, երէկ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ  Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ:

Լաքոթ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ էր, ուր տեղի ունեցած է  մոմավառութիւն` ի յիշատակ աշխարհահռչակ երգիչին:

Նշենք, որ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած մոմավառութեան մասնակցած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ  Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը:

aztagdaily.com/archives/410528

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail