02 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ –:
Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններու ընդհանուր համապատկերէն ետք աւելի պարզ կը դառնայ, որ կայ շտապողականութիւն` խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները կազմակերպելու:
Սահմանադրական կարգը արտահերթ ընտրութիւններու որոշման համար ներառած է հետեւեալ յօդուածը
Յօդուած 92. Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնը.
- Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնը տեղի կ՛ունենայ Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածին 3-րդ մասով, 151-րդ յօդուածին 3-րդ եւ 4-րդ մասերով սահմանուած պարագաներուն Ազգային ժողովի արձակուելէն ետք:
- Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնը տեղի կ՛ունենայ Ազգային ժողովի արձակուելէն ոչ շատ շուտ, քան երեսուն, եւ ոչ ուշ, քան քառասունհինգ օր ետք:
149-ի 3-րդ մասը կ՛ըսէ.
- Վարչապետ չընտրուելու պարագային քուէարկութենէն եօթը օր ետք տեղի կ՛ունենայ վարչապետի նոր ընտրութիւն, որուն մասնակցելու իրաւունքը ունին պատգամաւորներու ընդհանուր թիւին առնուազն մէկ երրորդի առաջադրած վարչապետի թեկնածուները: Եթէ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ վարչապետ չընտրուի, ապա Ազգային ժողովը կ՛արձակուի իրաւունքի ուժով:
151-ի 3-րդ եւ 4-րդ մասերը հետեւեալն է.
- Եթէ Ազգային ժողովը հաւանութիւն չտայ կառավարութեան ծրագիրին եւ Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի 2-րդ եւ 3-րդ մասերուն համապատասխան չընտրէ նոր վարչապետ, ապա Ազգային ժողովը կ՛արձակուի իրաւունքի ուժով: Եթէ Ազգային ժողովը ընտրէ վարչապետ, սակայն կրկին հաւանութիւն չտայ կառավարութեան ծրագիրին, ապա Ազգային ժողովը կ՛արձակուի իրաւունքի ուժով:
- Սոյն յօդուածին 3-րդ մասը չի տարածուիր Սահմանադրութեան 115-րդ յօդուածին համապատասխան կազմաւորուած կառավարութեան ծրագիրին վրայ: Եթէ այդ կառավարութեան ծրագիրը հաւանութեան չարժանանայ, ապա Ազգային ժողովը կ՛արձակուի իրաւունքի ուժով:
Հիմա պէտք է ըսել, որ այժմ ներկայ անմիջականութեամբ 151-րդ յօդուածի կիրարկելիութեան խնդիր չկայ: Սահմանադրական այս կարգը նոր իրավիճակին համար իրաւականօրէն հիմնական մէկ ելք ունի: Վարչապետը հրաժարական կու տայ, երկու անգամ Ազգային ժողովը չ՛ընտրեր վարչապետ եւ բնականաբար այդ քայլով խորհրդարանը կ՛երթայ ինքնալուծարման, այլ խօսքով` խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու կայացման:
Հիմնախնդիրներու հանգուցալուծումը մինչ այժմ շարունակած է մնալ իրաւական հարթութեան վրայ. ինչ որ նաեւ նորահաստատ գործադիր իշխանութեան ապահոված է իշխանութեան օրինականութիւն: Միւս կողմէ եւս թաւշեայ յեղափոխութեան նման խորհրդարանական մեծամասնութեան կողմէ կայ թաւշեայ ընդդիմութիւն: Ճիշդ է, որ համաժողովրդային շարժումի ալիքը հիմնովին նկատի կ՛առնուի եւ փաստօրէն առնուեցաւ գործող մեծամասնութեան կողմէ: Այսպէս, խորհրդարանական մեծամասնութիւնը թէ՛ մասնակցեցաւ վարչապետի ընտրութեան, թէ՛ դերակատար դարձաւ, որպէսզի ընտրուի ժողովուրդի թեկնածուն եւ թէ՛ վաւերացուց կառավարութեան ծրագիրը: Փաստօրէն նախորդ վարչապետի հրաժարականէն մինչեւ քաղաքապետի հրաժարական, անցնելով խորհրդարանի նիստերուն մեծամասնական օրինականութիւնը գոյացնելէն, վարչապետ ընտրելէն եւ կառավարութեան ծրագիր վաւերացնելէն` խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ընդառաջ գնաց ժողովուրդի պահանջներուն: Կարելի է հետեւցնել, որ այս վարքագիծէն չի շեղիր նաեւ արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու պահանջէն:
Այսօր, քաղաքագիտական առումով խորհրդարանական համակարգով ղեկավարուող երկրի մէջ կայ գործադիր-օրէնսդիր մարմիններու ո՛չ միայն աններդաշնակ, այլ նաեւ հակոտնեայ պատկեր: Մինչդեռ գործադիրը, յատկապէս խորհրդարանական հանրապետութեան մէջ մնայուն անհրաժեշտութիւնը ունի խորհրդարանի հաւանութեան` իր ծրագիրները իրականացնելու ամէն կարեւոր քայլափոխի:
Բնական է նաեւ, որ միայն գործադիր բաժինը ստանձնելով համակարգային փոփոխութիւն չ՛իրականացուիր: Այսօր վարչապետին եւ կառավարութեան համար անհրաժեշտ է արմատապէս փոխել խորհրդարանն ու արդարադատութիւնը ընդհանրապէս: Արդարադատութեան համար նոյնիսկ անցումային դրութիւնը գործարկելու համար կառավարութիւնը պէտք ունի խորհրդարանի հաւանութեան:
Խորհրդարանական մեծամասնութեան ցարդ որդեգրած վարքագիծին պահպանման տեսութիւնը հիմնաւորելու համար պէտք է մէջբերել նաեւ խորհրդարանի վաւերացուցած կառավարութեան ծրագիրին հետեւեալ բաժինը.
«Վեցերորդ գումարման Ազգային ժողովը չ՛արտայայտեր Հայաստանի ժողովուրդի իրական քաղաքական տրամադրութիւնները, նախապատուութիւնները եւ ուժերու իրական յարաբերակցութիւնը: Այս իրողութիւնը Հայաստանի մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնելու անվիճելի անհրաժեշտութիւն յառաջացուցած է»:
Աւելի՛ն. նոյն ծրագիրին մէջ տեղ գտած է ընտրակարգի հիմնական փոփոխութիւն` վարկանշային բաժինը հանելով անցնիլ լրիւ համամասնականի: Այս բոլորը ներառելով գործող խորհրդարանը համաձայնութիւն տուած է առաւելագոյնը մինչեւ մէկ տարի կազմակերպել արտահերթ ընտրութիւնները:
Փաստօրէն, այսօրուան խորհրդարանական մեծամասնութիւնը համաձայնած է նախ հարիւր առ հարիւր համամասնական ընտրակարգով արտահերթ ընտրութիւններ կազմակերպելու շուրջ մինչեւ մէկ տարի:
Ամբողջ խնդիրը ուրեմն ժամանակի ճշդումին մէջ կը կայանայ: Խորհրդարանական խմբակցութիւններուն հետ տեղի ունենալիք խորհրդակցութիւններու առանցքը ժամանակի ճշդումին կը վերաբերի:
Այստեղ գերակայութիւնը պէտք է իբրեւ առաջադրանք ունենայ համաձայնութեան անցնցում յանգիլը, ընտրական նոր օրինագիծի կատարելագործումը, Սահմանադրութեան ոգիին հարազատ խորհրդարանի մէջ բազմակարծութեան ապահովումը եւ թէ՛ իբրեւ պատրաստութիւն եւ թէ՛ իբրեւ մասնակցութիւն ընտրութիւններու փայլուն կատարողականութիւնը:
Բանակցութիւնները շուտով կը սկսին, ինչպէս արդէն յայտարարուած է: Ինչպէս մինչ այժմ արձանագրուած է, այս պահու դրութեամբ Հայաստանի պետական-քաղաքական դաշտը զբաղեցնող բոլոր ուժերը համակողմանիօրէն գիտակցութիւնը կ՛ունենան խորհրդարանով հաստատուած արտահերթ ընտրութիւններ կազմակերպելու անվիճելի անհրաժեշտութիւնը կեանքի կոչելու: Եւ անոր կայացման ճիշդ ժամանակի որոշման համար երկխօսութեան ճամբով ընդհանուր յայտարարի գալու: Յայտնաբար կայ ընդհանուր ընկալում, որ քաղաքակիրթ ոճը, իրաւական ուղին, երկխօսութեան միջոցը, զանազան փուլերէ անցնցում անցնիլը եւ ազատ ու արդար ընտրութիւնները միջազգային վարկի նոր նշաձողներ կ՛ապահովեն մեր երկրին ու պետութեան:
aztagdaily.com/archives/410434