02 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ –:
Երէկ «Մարիոթ» սրճարանին մէջ հանդիպում տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեանին միջեւ: Վարչապետ Փաշինեան ըսած էր, որ առանց ժամանակ կորսնցնելու, պիտի սկսի քաղաքական հանդիպումներու ու երկխօսութեան` արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նիւթով:
Հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին վարչապետ Փաշինեան ըսաւ, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելու նիւթով ասիկա առաջին հանդիպումն էր, եւ միայն մէկ հանդիպումով որոշումներ, բնականաբար, պիտի չտրուին: Ան նշեց, որ հանրապետականներու հրապարակային յայտարարութիւնները, թէ Ազգային ժողովի ընտրութիւնները պէտք է ըլլան 2022-ին, ոչ կառուցողական մօտեցում են:
«Մենք միտքեր փոխանակեցինք նիւթին վերաբերեալ եւ պայմանաւորուեցանք բանակցային գործընթացի սկսելու», ըսած է վարչապետ Փաշինեան:
Իսկ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավարը լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, թէ տակաւին կանուխ է որեւէ յստակ բան ըսել արտահերթ ընտրութիւններու կազմակերպման մասին, քանի որ վարչապետը պէտք է քննարկումներ ունենայ նաեւ այլ քաղաքական ուժերու հետ, իսկ քննարկումները պիտի ըլլան շարունակական: «ՀՀԿ-ն պիտի ընթանայ սահմանադրական ճամբով: Մենք պէտք է ունենանք այնպիսի խորհրդարան, ուր ըլլայ իրական ընդդիմութիւն, իսկ անոր համար ժամանակ պէտք է, որ քաղաքական ուժերը նախապատրաստուելու առիթ ունենան», ըսած է Բաղդասարեան:
aztagdaily.com/archives/410526