Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը Թեւաւոր Հրթիռներով Հարուածեց Սուրիոյ Մէջ Եփրատի Արեւելեան Ափը

02 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդը երէկ արշալոյսին ցամաք-ցամաք թեւաւոր հրթիռներով հարուածեց Ահուազի դէմ ահաբեկչական յարձակումի ղեկավարութեան Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ գտնուող կեդրոնատեղին:

Իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սպաննուած են մեծաթիւ ահաբեկիչներ, որոնց շարքին սպաննուած կամ վիրաւորուած են Ահուազի դէմ յարձակումին ղեկավարները:

Պահակագունդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ հարուածած է Ամերիկայի եւ շրջանի հարուստ երկիրներուն աջակցութիւնը վայելող հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն հաւաքատեղին:

Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ շուրջ 570 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող թիրախը հարուածելու համար օգտագործուած են միջին հասողութեամբ թեւաւոր հրթիռներ: Զուլֆիքար» եւ «Քիամ» տիպի հրթիռները արձակուած են Քարմանշահի շրջանէն:

Ըստ «Մայատին»-ի, հրթիռներուն վրայ գրուած էին «Մա՛հ Ամերիկային», «Մա՛հ Իսրայէլին» եւ «Մա՛հ Սէուտ տոհմին»:

Արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը նաեւ նշեց, որ անօդաչու թռչող սարքեր նկարահանած են Պուքամալի մէջ ահաբեկիչներու կեդրոնատեղիին հրթիռակոծումը:

aztagdaily.com/archives/410481

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail