Նիկոլ Փաշինեան Յայտարարեց ՀՅԴ-ն եւ ԲՀԿ-ն Ներկայացնող Նախարարներն ու Մարզպետները Աշխատանքէ Զրկելու Մասին

02 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ –:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր աշխատակազմին հրահանգած է պատրաստել ՀՅԴ-ն ու ԲՀԿ-ն ներկայացնող նախարարները աշխատանքէ զրկելու մասին որոշում: Ըստ Armenpress.am-ի՝, Բաղրամեան պողոտայի վրայ հանրահաւաքի ընթացքին, այս մասին յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ տեղւոյն վրայ ստորագրելով այդ կուսակցութիւնները ներկայացնող նախարարներու եւ մարզպետներու աշխատանքէ հեռացման որոշումները:

«Այսօր մենք պէտք է խօսինք Հայաստանի մէջ ստեղծուած նոր քաղաքական իրավիճակին եւ անոր լուծումներուն մասին: Երէկ եւ այսօր, հապճեպ կերպով ՀՀԿ-ական, Ծառուկեան դաշինք եւ ՀՅԴ պատգամաւորներուն կողմէ ներկայացուած է խայտառակ օրինագիծ մը, որուն նպատակը շատ յստակ Հայաստանի մէջ հակայեղափոխութիւն իրականացնելն է, այսինքն, արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու ճանապարհը փակելը: Եւ, այո՛, այդ նախագիծին ընդունումը դաւադրութիւն է Հայաստանի բարձրագոյն իշխանութեան, այսինքն` հայ ժողովուրդի նկատմամբ: Եւ ես, այդ որոշման մասին գիտնալով, իմ աշխատակազմին հրահանգած եմ պատրաստել ստորագրման որոշում ՀՅԴ-ն ու «Ծառուկեան» դաշինքը ներկայացնող նախարարները աշխատանքէ հեռացնելու մասին: ՀՅԴ-ն ու ԲՀԿ-ն ներկայացնող նախարարներն ու մարզպետները աշխատանքէ կը հեռացուին: Եւ անոնք, ըստ էութեան, այս պահուն կը համարուին հեռացուած»,- յայտարարած է ՀՀ վարչապետը:

yerakouyn.com/2018/10/02

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail