Քաղաքական Դաշտէն Պէտք է Արմատախիլ Ըլլան Այն Քաղաքական Ուժերը, Որոնք Աջակցած են Հակայեղափոխութեան. Նիկոլ Փաշինեան
02 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ –:
Երեւանի Բաղրամեան պողոտային վրայ՝ ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի շէնքի հարթակին մօտ՝ կ՝ընթանայ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւիրած հանրահաւաքը:
Վարչապետը արդէն միացած է քաղաքացիներուն, որոնք կը վանկարկեն «արտահերթ, արտահերթ»՝ պահանջելով արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու իրականացում, կը նշէ Armenpress.am-ը։
«Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ անոր աջակցած ուժերը, որոնք այդ նախագիծը դրած են շրջանառութեան մէջ ու քուէարկած, Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս յայտարարած են հակայեղափոխութիւն: Բայց բոլորս կը տեսնենք, որ ատիկա պիտի չիրականանայ, հակայեղափոխութիւնը Հայաստանի մէջ տեղ չունի, որովհետեւ ժողովուրդը յաղթած է, եւ այդ յաղթանակը ոչ ոք կրնայ խլել:
ՀՀԿ-ն պէտք է արմատախիլ ըլլայ Հայաստանի քաղաքական դաշտէն: Հայաստանի քաղաքական դաշտէն պէտք է արմատախիլ ըլլան նաեւ այն քաղաքական ուժերը, որոնք աջակցած են հակայեղափոխութեան»,- իր խօսքին մէջ ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան.
yerakouyn.com/2018/10/02/