ՀՀ Արդարադատութեան Նախկին Նախարարն Անխուսափելի կը Համարէ Հայաստանի Մէջ Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները
02 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ –:
ՀՀ արդարադատութեան նախկին նախարար Յովհաննէս Մանուկեան կը կարծէ, որ Հայաստանի մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու իրականացումը անխուսափելի է:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին Յովհաննէս Մանուկեան լրագրողներուն ըսած է Բաղրամեան պողոտայի վրայ բողոքի ցոյցին ժամանակ:
«Ժամանակը ցոյց կու տայ, որ այս յեղափոխութեան ժողովուրդի ալիքին դէմ որեւէ խոչընդոտ չի կրնար ըլլալ: Որեւէ հանճարեղ իրաւական լուծում ժողովուրդի կամքին դէմ չի կրնար ըլլալ: Իրավիճակը կը գնահատեմ իբրեւ հերթական փոքրիկ խոչընդոտը ժողովրդական ալիքի, ժողովրդական ընդվզման, ժողովուրդի ցանկութիւններու յաղթանակին դէմ եւ կը կարծեմ՝ ասիկա շատ արագ պիտի յաղթահարուի եւ մեր երկիրը պիտի շարժի դէպի արտահերթ ընտրութիւններ»,- անդրադառնալով ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակին՝ կարծիք յայտնած է արդարադատութեան նախկին նախարարը:
Յովհաննէս Մանուկեանի խօսքով՝ ոեւէ մէկուն, ներառեալ՝ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած ուժերուն համար գաղտնիք չէ, որ այսօրուան խորհրդարանը չ՝արտայայտեր հասարակութեան քաղաքական համակարգը:
«Վաղ թէ ուշ այս ընթացքը պէտք է կայանայ, արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք է դառնան իրականութիւն՝ որքան շուտ, այնքան լաւ մեր երկրի եւ քաղաքական համակարգի առողջացման համար»,- եզրափակած է Յովհաննէս Մանուկեան:
Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կոչով քաղաքացիները հաւաքուած են Ազգային ժողովի շէնքին մօտ:
erakouyn.com/2018/10/02