03 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ –:
ՀՀ վարչապետ Փաշինեանի եւ ԱԺ ներկայացուցիչներու միջեւ Հոկտեմբեր 2-լոյս 3-ին, շուրջ երկու ժամ տեւած բանակցութիւններէն ետք վարչապետը լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցով մը նշեց, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի կայանան Դեկտեմբերին: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkirmedia.am-ը։
Վարչապետը ԱԺ բակին մէջ հաւաքուած բազմութեան առջեւ հանդէս եկաւ ելոյթով եւ մանրամասնութիւններ ներկայացուց խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումէն: «Ես ըսի, որ լաւ պիտի ըլլայ` մենք ստորագրենք փաստաթուղթ, որ այսինչ օրը ես հրաժարական պիտի տամ, մէկ անգամ տեղի չ՝ունենար վարչապետի ընտրութիւն, երկրորդ անգամ ալ տեղի չ՝ունենար, որուն իբրեւ արդիւնք ալ Դեկտեմբերին կ’ունենանք ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններ»,- ըսաւ ան:
Վարչապետը նշեց, որ խորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչները կարծես թէ կ՝ընկալեն ժողովուրդին ուղերձը, յարգանքով կը վերաբերին ժողովուրդի դիրքորոշման: Ան նշեց, որ երեք խմբակցութիւններն ալ իրեն բանաւոր հաւաստիացուցած են, որ, անկախ յուշագիրէն, չեն պատրաստւում ո՛չ առաջին, ո՛չ երկրորդ փուլով առաջադրելու վարչապետի թեկնածու: «Իմ տպաւորութիւնը կը պատմեմ հանդիպումէն, եթէ տպաւորութիւնս սխալ է, խորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչները կրնան յետագային իրենց հարցազրոյցներուն մէջ հերքել, եթէ սխալ եմ»,- յայտարարեց վարչապետը:
Փաշինեանի հաղորդումով՝ խօսք եղած է, թէ որն է հիմնաւորումը, որ հիմա պէտք է տեղի ունենան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները: «Ես ըսի, որ ամենագլխաւոր պատճառը այն է, որ երկրին մէջ հաստատուած է քաղաքական ճգնաժամ, որ պէտք է վայրկեան առաջ յանգուցալաուծուի: Այս ճգնաժամը յանգուցալուծելու միայն մէկ տարբերակ կայ, եւ այդ տարբարակը ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններու իրականացումն է»,- ըսաւ ան:
Ըստ Փաշինեանի՝ պատգամաւորներու այն հարցերուն ալ, թէ ինչու չեն կրնար արտահերթ ընտրութիւնները տեղի ունենալ, օրինակ, Մայիս ամսուն, ինքը պատասխանած է. «Երկրին մէջ բոլոր հարցերը մղուած են երկրորդ փուլ, ով մեզի նամակ կը գրէ, կ՝ըսէ՝ շուտ ըրէք արտահերթ ընտրութիւնները: Այնպէս է, որ մարդիկ ուրիշ բանով չեն ապրիր, արտահերթ ընտրութիւններ կ՝ուզեն: Ես ըսի` կը գրգռէք մարդոց անիմաստ»,- ընդգծեց ան:
Փաշինեան նշեց, որ Դեկտեմբերի սկիզբէն աւելի շուտ հնարաւորութիւն չկայ ընտրութիւններ իրականացնելու, որովհետեւ Սահմանադրութիւնը չի տար այդ հնարաւորութիւնը:
Ան նաեւ նշեց, որ հրաժարական տուած պարագային ալ պիտի շարունակէ պաշտօնավարել եւ ատիկա չի խանգարեր ֆրանսախօս երկիրներու հաւաքին իրականացումը:
yerakouyn.com/2018/10/03/