03 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ –:
Աշխատանքային այցով ԱՄՆ գտնուող ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն։ Այս մասին կը յայտնէ հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
«Հանրապետութեան նախագահը հեռախօսազրոյցներ ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի հետ եւ քննարկած ստեղծուած իրավիճակը։
Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած «Ազգային Ժողովի կանոնակարգ» Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծին նախագահ Սարգսեան պիտի անդրադառնայ Երեւան վերադառնալուն պէս՝ նախաձեռնելով խորհրդակցութիւններ կառավարութեան եւ Ազգային ժողովի ղեկավարութեան հետ:
Նախագահը կը յորդորէ ըլլալ զուսպ եւ հանդուրժողական իրարու հանդէպ եւ համոզուած է, որ ստեղծուած իրավիճակը հնարաւոր է եւ պէտք է յանգուցալուծել Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու ծիրէն ներս՝ բանակցութեան եւ երկխօսութեան ճանապարհով:
Միացեալ Նահանգներէն Հանրապետութեան նախագահը պիտի մեկնի Փարիզ՝ մասնակցելու աշխարհահռչակ շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուրի հոգեհանգիստի եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւններուն»,- ըսուած է նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
yerakouyn.com/2018/10/03