Մինչև հիմա ի՞նչ փրկած էիք, որ այսօր երկիրը փրկելու ելած եք, պարոնայք, Ազգայինը եւ անձնականը իրար խառնող հայրենակիցներ

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

Հանրապետական կուսակցութիւնը և անոր ենթակայ ուժերը երկու տարի առաջ մեծ խարդախութիւններով Սերժ Սարգսեանի հագով պատրաստուած Սահմանադրութիւն պարտադրեցին ժողովուրդին։

Հիմա ՀՀԿ-ն և լծակիցները դաւադիր ու դարանակալ միջոցներով օրէնք մշակեցին ու անցուցին՝ իբրև թէ իրենց շա՜տ լաւ մշակած Սահմանադրութիւնը պաշտպանելու։ Իրա՞ւ, երկու տարի առաջ ու՞ր էիք, ինչու՞ այս օրէնքը չէիք ներարած Սահմանադրութեան մէջ։

Սերժը արգիլա՞ծ էր…

Ի դէպ, կ’արժէ յիշել, որ այս նոյն ուժերը կոալիցիոն կառավարութիւն կազմած էին թէ՛ Քոչարեանի ու թէ Սերժ Սարգսեանի օրերուն։ Այդ տարիներուն երկու անգամ Սահմանադրութիւն փոխեցին, բայց ոչ մէկ բան չփոխուեցաւ երկրի մէջ տիրող թալանէն, կոռուպցիայէն ու անարդարութիւններէն։

Այսօր, նոյն այս ուժերը դարձեալ ձեռք ձեռքի տուած են, երկիրը փրկելու հաւակնոտութեամբ։

Իսկ ինչէ՞ն պիտի փրկեն երկիրը։ Թալանէ՞, կոռուպցիայէ՞, մոնոբոլիաներէ՞, ընտրազեղծարարութիւններէ՞…

Իսկ ո՞վ կրնայ հիմա պնդել, որ այսօր պետպիւտճէի թալան կայ Հայաստանի մէջ, ո՞վ կրնայ համոզել, որ ընտրազեղծումներ կան Հայաստանի մէջ, ո՞վ կրնայ փաստել, որ կոռուպցիայի դէմ լուրջ պայքար չկայ Հայաստանի մէջ։

Մինչև հիմա ի՞նչ փրկած էիք, որ այսօր երկիրը փրկելու ելած եք, պարոնայք ՀՀԿականներ և լծակից ուժեր։

Դուք պէտք է միայն ձեր սեփական վարկանիշը փրկելու մասին մտածէք։ Մտածեցէք ձեր գործած սխալին ու ճիշդին մասին։

Սրբագրեցէ՛ք սխալները, շարունակեցէք ճիշդը։ Այդ ատեն միայն կրնաք ժողովուրդին վստահութիւնը շահիլ և մասնակից ըլլալ ապագայ քաղաքական պրոցեսներուն։

Այլապէս, դաւադիր ու խարդախ ձևերով օրէնք մշակելն ու անցընելը ոչ միայն երկիրը պիտի չփրկէ, այլ ձեզի՛ պիտի չազատէ ժողովուրդի զայրոյթէն ու բարկութենէն։

Ռաֆֆի Տուտագլեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail