04 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ –:
Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի հարցուպատասխանի նիստի ընթացքին Ազգային ժողովի կարգ մը պատգամաւորներ հարցումներ ուղղած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Հիմնական անդրադարձը կատարուած է երկրի քաղաքական իրավիճակին, արտահերթ ընտրութիւններուն, նախանցեալ օր տեղի ունեցած Ազգային ժողովի նիստին եւ անոր յաջորդած դէպքերուն:
Ըստ «Արմէնփրես»-ին, Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է. «Անոնք, որոնք կ՛ուզեն, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները իրականանան 2019-ին, կը փորձեն երկարաձգել ներքաղաքական ճգնաժամին ժամկէտը»:
Լրագրողները հարցուցած են, թէ ի՞նչ բանի հետ կապուած է մինչեւ տարեվերջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելը, երբ խորհրդարանն ու կառավարութիւնը բնականոն կ՛աշխատին, վարչապետը ըսած է. «Երէկ մենք տեսանք, թէ խորհրդարանն ու կառավարութիւնն ինչպէ՛ս կ՛աշխատին. օրէնքի նախագիծ բերին խորհրդարան եւ ամէն ինչ ըրին հրատապօրէն զայն անցընելու համար: Կ՛ըսէինք, մի՛ երթաք այդ ճամբով: Ասոր մասին ըսած եմ բանաւոր, այցելած եմ Ազգային ժողով, տեղեակ պահած եմ Ազգային ժողովի նախագահը, բայց նոյն օրն իսկ քուէարկեցին», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան: Լրագրողներու այն դիտարկման, որ մինչեւ տարեվերջ ընտրութիւններու իրականացման պարագային խորհրդարանին մէջ լիարժէք ընդդիմութիւն չի ձեւաւորուիր, վարչապետը նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ Ազգային ժողովի 1/3-ը պէտք է ընդդիմութիւն ըլլայ:
aztagdaily.com/archives/410833