Սպասելով Հայաստանեան Զարգացումներուն` Ազրպէյճանական Զօրքին 20 Հազարնոց Խմբաւորման Շուրջ Մէկ Երրորդը Չէ Վերադարձած Թիկունք` Մնալով Շփման Գիծին Մօտ
04 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ:
Ազրպէյճանական զօրքին 20 հազարնոց խմբաւորման շուրջ մէկ երրորդը չէ վերադարձած թիկունք` մնալով շփման գիծին մօտ:
Արցախի հետ սահմանին կատարած լայնածաւալ ռազմափորձերէն ետք Ազրպէյճան որոշած է զօրքին մէկ մասը ետ չտանիլ մնայուն տեղակայման վայր: Փորձագէտներ համոզուած են, որ Պաքու կը սպասէ հայաստանեան զարգացումներուն: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան «Սփութնիք Արմենիա»-ին յայտնեց, որ ընդհանուր առմամբ իրավիճակը վերահսկելի է, կարելի է ըսել` կայուն:
«Ճիշդ է, որ Ազրպէյճանի մէջ վերջերս կատարուած ռազմափորձերէն ետք ազրպէյճանական բանակի ոչ բոլոր ստորաբաժանումները ետ քաշուած են իրենց մնայուն տեղակայման վայրերը, բայց իրավիճակը ընդհանուր առմամբ կայուն է, եւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ իր ձեռքերուն մէջ ամուր պահել ռազմավարական նախաձեռնողականութիւնը», ըսաւ Բաբայեան:
Ըստ վերջինիս, ասիկա ո՛չ առաջին, ո՛չ ալ վերջին անգամն է, որ Ազրպէյճան այսպէս կը վարուի:
Թէեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը վերջին շրջանին կոչ ուղղած էր կողմերուն` զերծ մնալու ապակայունացումէ, հասկնալի է, որ անոնց կոչը նախ եւ առաջ կը վերաբերի Պաքուին:
Բաբայեան նշեց, որ նման յայտարարութիւններէ ետք Ազրպէյճան, շատ հաւանաբար, պէտք է ետ քաշէ ուժերը սահմանագիծէն: Ան ճիշդ չի նկատեր համեմատել իրավիճակը 2016-ի ապրիլի հետ, որուն համար Ազրպէյճան պատրաստուած էր աւելի քան 20 տարի:
«Ազրպէյճան այդ ժամանակ մտածած էր, որ մենք պատրաստ չենք, հասարակութիւնը համախմբուած չէ, եւ փորձեց սրընթաց պատերազմի միջոցով հարցը լուծել: Բայց որովհետեւ ստացաւ համապատասխան հակահարուած, եւ ձախողեցան անոր նենգ ծրագիրները, հիմա դարձեալ նման պատերազմի սկսիլը հեռանկարային չէ, անիկա ի վիճակի չէ ատիկա ընելու», ըսաւ Բաբայեան:
Քաղաքագէտ Երուանդ Պօզոյեան կը կարծէ, որ Ազրպէյճան կը հետեւի Հայաստանի մէջ ստեղծուած անհանգիստ ներքին իրավիճակին եւ ամէն պարագայի մարտական պատրաստուածութեան վիճակի մէջ կը պահէ ուժերը:
«Ազրպէյճան կ՛ուզէ պատրաստ ըլլալ, որպէսզի Հայաստանի անկայունութեան X ժամու կարենայ հատել կարմիր գիծը, եւ կարենան յարձակիլ», ըսաւ Պօզոյեան: Ըստ վերջինիս` մօտաւորապէս նման պայմաններէ օգտուած էր Հայաստան 90-ականներու սկիզբը, երբ Ազրպէյճանի մէջ Ապուլֆազ Էլչիպէյի կառավարման ընթացքին սկսած էր իշխանութեան համար պայքարը:
Ան նշեց, որ Հայաստան շահագործած էր նաեւ Ռուսիոյ հետ Էլչիպէյի վատթարացած յարաբերութիւնները: Հայ զինուորներու անձնազոհ պայքարին զուգահեռ, ատիկա իր դերը խաղաց տագնապին ընթացքին:
«Ազրպէյճան կը կարծէ, որ Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենան նոյնպիսի հոլովոյթներ: Ճիշդ այդ պատճառով անոնք մեծ ուժեր պատրաստ կը պահեն», նշեց Պօզոյեան:
Յիշեցնենք, որ 17-22 սեպտեմբեր, Ազրպէյճանի մէջ զինուած ուժերու տարբեր ստորաբաժանումները իրականացուցին լայնածաւալ մարտավարական ռազմափորձ, որմէ ետք ազրպէյճանական բանակի ոչ բոլոր ստորաբաժանումները ետ քաշուեցան իրենց մնայուն տեղակայման վայրերը:
aztagdaily.com/archives/410831