«Հայրենիքին Ընդհանրական, Գերագոյն ու Մնայուն Շահերը Հարկ է Վեր Նկատել

«Հայրենիքին Ընդհանրական, Գերագոյն ու Մնայուն Շահերը Հարկ է Վեր Նկատել Կուսակցական ու Ժամանակաւոր Շահերէ»․ Արամ Ա. Հայաստանեան Վերջին Զարգացումներուն Մասին

04 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ –:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդէս եկած է հայաստանեան վերջին զարգացումներուն առնչուող հետեւեալ յայտարարութեամբ.

Մտահոգութեամբ կը հետեւինք Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն։ Սփիւռքը դիտողի կրաւորական ու անտարբեր վիճակին մէջ չի կրնար ըլլալ։ Սփիւռքը Հայաստանի անանջատելի մասը կը կազմէ։ Ան ընելիք ու ըսելիք ունի հայրենիքը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն նկատմամբ։ Հայրենիքին ընդհանրական, մնայուն ու գերագոյն շահերը պէտք է գերիվեր նկատել անհատական թէ կուսակցական, կողմնակի թէ ժամանակաւոր շահերէն: Հայրենիքը, ամէն գնով, ի պահանջել հարկին փոխադարձ զիջումներով, հարկ է հեռու պահել ներքին վերիվայրումներէ ու վտանգալից կացութիւններէ: Փոխադարձ ամբաստանութեամբ, արհամարհանքով ու անվստահութեամբ տիրապետուած ներկայ քաղաքական մշակոյթը պէտք է տեղի տայ՝ փոխադարձ սիրոյ, հանդուրժողութեան ու յարգանքի մշակոյթին, ինչպէս նաեւ բաժանարար մօտեցումները՝ միարար մտածողութեան ու հաւաքական որոշումներու դիմաց։

451-ին, բաժան-բաժան դարձած մեր ժողովուրդը, միասնական ոգիով ու «վասն հայրենեաց» սրբազան նշանաբանով Հայաստանը պաշտպանեց Յազկերտին դիմաց: Այսօր, երբ շրջապատուած ենք նոր օրերու Յազկերտներով, մենք կոչուած ենք ամուր հաւատքով ու հաւաքական յանձնառութեա՛մբ առաւել հզօրացնելու մեր հայրենիքը:

Արդ, սիրելի՛ զաւակներ նոյն եւ մէկ ժողովուրդին ու հայրենիքին, եկէք, միասնաբար քալենք սիրոյ ու օրէնքի ճամբէն՝ փոխադարձ յարգանքով ու հասկացողութեամբ եւ մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը ու հայրենիքին անվտանգութիւնը ամէն բանէ առաջ ու վեր դաւանելով։

Ա՛յս է պատգամը մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան:

4 Հոկտեմբեր 2018

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail