04 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ –:
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Փաստօրէն Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները ձեւով մը Ազգային ժողովի լուծարման եւ արտակարգ ընտրութիւններու հանրաքուէ էին: «Իմ քայլը» դաշինքի բացարձակ յաղթանակը եւ մնացեալ ուժերուն ընտրական ցած վարկանիշը բոլոր խաղաքարտերը խառնեցին: Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք ասիկա փողոց-ընտրութիւն հանդիպումի առաջին փուլն էր: «Իմ քայլը» դաշինքին ձեռք ձգած արդիւնքը մեծ պատասխանատուութեան տակ դրաւ նախ նոյնինքն դաշինքը, ապա` ընդդիմադիր ճակատը:
Այսօր փաստօրէն կայ ժողովուրդի մեծ զանգուած մը, որ նեցուկ է թաւշեայ յեղափոխութեան: Քաղաքական բոլոր ուժերը անզօր են այս ալիքին դիմաց:
Պէտք է անպայման ճիշդ արժեւորել երեւոյթները, որպէսզի լաւ արդիւնքներու հասնին: Քաղաքականութեան մէջ փափաքածդ չէ, որ անպայման ճիշդ է: Քու մտածելու տարբերակդ չէ, որ պէտք է անպայման ամէն մարդ ընդունի: Ժամանակները փոխուած են, ինչպէս յաճախ կ՛ըսենք, երիտասարդութեան մտիկ պէտք է ընենք: Քաղաքականութեան մէջ պէտք է զգուշ ըլլալ ամբոխային տրամաբանութիւնը ժողովուրդի ձայնին վերածելէ։ Այսօր ժողովուրդին կամքին դէմ չենք կրնար պայքարիլ:
Ժամանակն է, որ «Իմ քայլը» դաշինքը միահեծան իշխանութեան չվերածուի: Քաղաքական հին եւ նոր ուժերը պէտք է երկրի նոր պայմաններուն եւ պահանջներուն համապատասխան քայլ պահեն իրենց ներքին, քաղաքական եւ ռազմավարական մակարդակներու վրայ, միշտ նկատի ունենալով ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները։
Այսօր Նիկոլ Փաշինեանը ընդդիմութեան կարիքը ունի: Երկրի բարգաւաճման, կայունութեան եւ իշխանութեան գոյատեւման համար միանձնեայ ղեկավարութիւնը երկար կեանք չ՛ունենար: Այս պատճառով, բոլոր ժամանակներէ աւելի, ոչ թէ միայն նոր ուժեր պէտք է ձեւաւորուին անպայման, այլ նաեւ` աւանդական ուժեր, որոնք փորձառութեան եւ աշխատանքի ազդեցութեան ցանցեր ունին եւ ռազմավարական փոփոխութիւնները կ՛ընեն անմիջապէս:
Ճիշդ չէ այն ընթացքը, որ բեմերէն, ընկերային ցանցերուն մէջ, մամուլով, թէ այլուր ժողովուրդը քննադատենք` ըսելով, որ մակերեսային խանդավառութիւններով կը տարուի, իրաւ արժէքները չի գնահատեր: Անցնող 27 տարիներուն բաւական երկար եւ մաշեցնող էին, որ ժողովուրդին այդ բոլոր արժէքները ներկայացուէին, մտաւորականութեան կարեւորութիւն տրուէր, արուեստագէտը անօթի չմնար, համալսարանի դասախօսը անգործ չպահուէր, ամէն բան վաճառականութեան, թիւի, գումարի եւ քուէի չվերածուէր:
Ժամանակը ժողովուրդին բազկերակն է: Ժամանակը ցոյց կու տայ, թէ ո՛ր քաղաքական ուժերն են, որ կը ներկայացնեն ժողովուրդին բազկերակը:
aztagdaily.com/archives/410856