04 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ –:
Սեպտեմբեր ամսուան վերջ` հոկտեմբերի սկիզբը տարուան այն ժամանակաշրջանն է, երբ դպրոցները իրենց դռները կը բանան նոր տարեշրջանի մը համար: Աշակերտը, կազդուրուած` ամրան երկար արձակուրդէ ետք, վերանորոգուած կը դառնայ դպրոց: Նոր տարեշրջան, նոր հոգեվիճակ, նոր երազներ, նոր խոյանք…
Անշուշտ կարգ մը աշակերտներու համար այս վերադարձը շատ հաճելի չէ, որովհետեւ կաշկանդում մըն է իրենց սանձարձակ ազատութեան, բայց ուրիշներու համար անիկա պարզապէս լոյսի աղբիւր մըն է:
Հայկական դպրոցները տարբեր առաքելութիւն մը ունին: Անոնք ոչ միայն դպրոցներ են` պետական կրթական ծրագիրները գործադրելու, այլ անոնք մեր հայեցի դաստիարակութեան, հայկական մշակոյթ եւ կրթութիւն ջամբելու սքանչելի կաճառներ են: Բայց այսօր, դժբախտաբար, մեր հայկական դպրոցները նահանջի մէջ են: Քաջութիւնը ունենանք ընդունելու այս դառն իրականութիւնը եւ վեհօրէն դիմենք ախտաճանաչման:
Արդեօք ինչո՞ւ մեր դպրոցները կը կորսնցնեն իրենց գրաւչութիւնը, արդեօք ինչո՞ւ կը դատարկուին հայ աշակերտներէ. ինչո՞ւ սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ զաւակը օտար դպրոց ղրկողներուն թիւը կ՛աւելնայ: Խնդրեմ` միայն արդար դատողութենէ ետք դատապարտենք մեր ծնողները: Կասկած չկայ, որ հայ դպրոցը հայապահպանման սուր պայքարին մէջ առաջին ամրոցն է: Կասկած չկայ, որ հայ դպրոցին մէջ է, որ հայ աշակերտը կը ծաղկի ու կը զարգանայ զուտ հայկական մթնոլորտի մէջ: Կասկած չկայ, որ հայ դպրոցը լաւագոյն հասցէն է, դարբնոցը` ոչ միայն հայոց լեզու սորվեցնելու, այլ` հայ ոգին եւ մշակոյթը սերտօրէն փոխանցելու հայ աշակերտին:
Բայց այսօր մենք դէմ յանդիման կը գտնուինք երկու հիմնական հարցերու, որոնց առաջին հերթին պէտք է անդրադառնանք ողջմտօրէն եւ ապա փորձենք արդարօրէն հարցը հարթել:
Առաջին հարցը այն է, որ այսօր մեր դպրոցները ընդհանրապէս պակասը ունին պատրաստուած, մարդամշակ, հոգեբանութենէ հասկցող ուսուցիչներու: Կարիքը ունինք Աղբալեանի, Վրացեանի դաստիարակչական ոճէն ազդուած փաղանգ մը մշակներու: Հայ դպրոցը պէտք է որդեգրէ դաստիարակչական լաւագոյն մեթոտները, որովհետեւ այսօրուան մանուկը պիտի ըլլայ ապագայի ղեկավարը: Մենք ամէնէն առաջ պէտք է աշխատինք անձին վրայ, անհատին վրայ, լաւագոյն կերպով մշակենք անոր նկարագիրը, որ ապագային դառնայ ընտիր անձ մը:
Երկրորդ հարցը այն է, որ մեր դպրոցները ընդհանրապէս շրջանի մեծ դպրոցներուն հետ չեն կրնար բաղդատուիլ իրենց ուսումնական մակարդակով: Արդեօք ինչո՞ւ: Ինչո՞ւ այսօր մեր դպրոցներուն մակարդակը ուսումնական իմաստով գահավիժում մը կ՛արձանագրէ` օտար դպրոցներու հետ բաղդատած: Որեւէ պատճառաբանութիւն անընդունելի եւ անհեթեթ պիտի նկատուի: Այս մէկը ոճիր մըն է մեր զաւակներուն հանդէպ, եւ պատմութիւնը մեզ կը մեղադրէ, իսկ ապագայի սերունդները մեզ կ՛այպանեն: Մեր դպրոցներու ուսումնական մակարդակը պէտք է ըլլայ ամէնէն բարձրը` լեզուական եւ գիտական իմաստով: Ժամանակին մեր ֆետայիները միշտ կը գերազանցէին թշնամին իրենց զէնքի տեսակով եւ արդիականութեամբ: Ամէնքս ալ լսած ենք գերմանական կամ աւստրիական արտադրութեամբ մոսիններու ու մաուզերներու մասին: Արդեօք նոյնը պէտք չէ՞ ըլլայ մեր դպրոցներու պարագան: Ինչո՞ւ պիտի չզինենք մեր զաւակները ուսման լաւագոյն մակարդակով:
Հայ դպրոցը, անցեալին եւ ներկայիս, ձուլման դէմ ամէնէն հիմնական բերդն է: Պէտք է պաշտպանենք, պէտք է գուրգուրանք անոր վրայ` դարձնելով զայն ամէնէն արդիական ոճով մարդամշակ, ապա հայամշակ, հայակերտ կաճառի, որովհետեւ մեր զաւակները մեր ապագայի երաշխիքներն են: Ցանենք այսօր մարդկայնութիւն, հայութիւն եւ մշակոյթ անոնց մէջ, որ ապագային հնձենք ընտիր ղեկավարներ, հայորդիներ: Ապրի՛ հայ դպրոցը, ապրի՛ հայ աշակերտը, ապրի՛ հայ մշակը, որպէսզի ապրի հայ ժողովուրդը:
aztagdaily.com/archives/410749