Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայ Ազգին Տկարացման Պատճառները – ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

05 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ –:

Տարիներէ ի վեր մտքիս մէջ ներքին ցասումով յաճախ ինքզինքիս հարց կու տամ, թէ ինչո՛ւ հայ ազգին զաւակները, պատմութեան ընթացքին ճանչցուած ըլլալով իբրեւ քաջ, խելացի, ստեղծագործող եւ մանաւանդ անարդարութեան ու բռնութեան դէմ անզիջող, իբրեւ ազատասէր եւ շինարար ժողովուրդ, չեն կրցած լրիւ պաշտպանել իրենց յառաջընթաց գոյութիւնը` տեւաբար կորսնցնելով իրենց թուական աճը եւ պատմական հողերուն մեծ մասը:

Զարմանալին այն է, որ դարերու ընթացքին ունեցած ենք թագաւորներ, աշխարհակալներ եւ ճակատած ենք մեծ ու փոքր ազգերու` պարսիկներու, յոյներու, արաբներու եւ այլոց դէմ` իրենց բանակներուն հետ: Պատճառը այն է, որ հաւատացած եղած ենք միայն ուժի գործածութեան, երբ մեր թագաւորն ալ արդէն ըսած է. «Սահման քաջաց զէնն իւրեանց»:

Սակայն ինչո՞ւ մոռցած ենք ցեղին փառքը եւ իջած ենք պահպանողական եւ կրաւորական ժողովուրդի մը մակարդակին` դիմադրական եւ ներգործական ըլլալու, յարձակողական ոգիով տոգորուած ըլլալու փոխարէն: Նուազագոյնը` բնութեան օրէնքն իսկ մերժած ենք, որ ապրիլ` կը նշանակէ զօրաւոր ըլլալ, այսինքն մնալու եւ տեւելու բնազդով ի հարկին նախայարձակ ըլլանք` հեռատեսութեամբ նշմարելով մօտալուտ վտանգը, որ կրնայ սպառնալ մեր կեանքին կամ շահերուն: Ինչպէս ներկայիս կը տեսնենք, միջազգային քաղաքական ուժերը հիմնուած են շահերու վրայ եւ չեն ալ քաշուիր յայտարարելու անտառին օրէնքը եւ ծովուն օրինակը, որ ժողովուրդին աչքին ցայտուն նմուշ է բնութեան մէջ տիրող վիճակին: Ինչ կը վերաբերի մարդկային կեանքէն առնուած օրինակին, մոնկոլական արշաւանքին պատճառով պատահած դէպքերը շատ ծանօթ են մեզի, երբ չինական սահմաններէն ասդին գալով` մոնկոլները հասան մինչեւ Հայաստան, մտան գաւառները, գիւղերը, ջարդեցին, այրեցին ու քանդեցին. այդ օրերուն թէեւ մենք իրենցմէ շատ էինք, սակայն օրէ օր պակսեցուցին մեր թիւը` հոս-հոն սպաննելով, առեւանգելով, կրօնափոխ ընելով եւ այլ խիստ ու անխիղճ միջոցներու դիմելով:

Շատեր այլ պատճառներ եւս կը տեսնեն մեր կրաւորական դառնալուն մէջ. իբր թէ քրիստոնէութիւնը ընդունելէ ետք դարձած ենք հեզ, բարի եւ վախկոտ տարրերէ բաղկացած ժողովուրդ մը` առաջ քաշելով Յիսուսի այն խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Եթէ մէկը աջ երեսիդ ապտակ զարնէ, ձախդ ալ դարձուր». բայց ես կը հաւատամ այլ տեսութեան մը. թէեւ խօսքը ճիշդ է, սակայն մեկնութիւնը մեզի սխալ տրուած է` նկատելով, որ այդ ժամանակ հռոմէացիները կը տիրէին Պաղեստինին, եւ ամէն մարդ ինքզինք պաշտպանելու համար մարմինին վրայ ձախ կողմը սուր մը կը կրէր, որ եթէ ստիպուած ըլլար պաշտպանուելու` ձախ կողմը դառնար եւ աջ ձեռքով ալ սուրը քաշէր պատեանէն, բայց մարդիկ կրնան ըսել, որ ատիկա ենթադրութիւն է, հետեւաբար կարելի է այս կէտը ստուգել բարձր կարգի կրօնական դասին դիմելով:

Երկրորդ նշանը այն է, որ Յիսուսի հետեւորդները սուր կը կրէին. երբ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ վերջին ժամերուն, Յուդայի առաջնորդութեամբ, եկան ձերբակալելու Յիսուսը, առաքեալներէն մէկը սուրը քաշելով` զինուորներէն մէկուն ականջը կտրեց, թէեւ Յիսուս առաւ եւ ականջը տեղը դրաւ:

Ուժի գործածութեան մասին Յիսուսի երրորդ խօսքը պէտք է կարդալ Ղուկասի Աւետարանին մէջ` գլուխ ԻԲ, թիւ 35 համարը պարունակող հատուածը, ուր Յիսուս շատ յստակ կ՛ըսէ, թէ մինչեւ հիմա, որ ինծի հետ էիք, բանի մը պէտք չունեցանք, ըսին, այո՛, բայց ասկէ ետք դուք ո՛ւր որ պիտի երթաք, քսակ (այսինքն դրամ) առէք, իսկ ան որ չունի, թող հանդերձը ծախէ եւ սուր մը ծախու առնէ. այսինքն, մէկ խօսքով, երբ օտար տեղ երթան, պէտք է իրենց հետ սուր ունենան, որպէսզի ի հարկին պաշտպանեն իրենք զիրենք:

Չորրորդ ըսելիք մըն ալ կայ Յիսուսի խարազան գործածելու մասին. երբ տաճար մտաւ, տեսնելով հոն տիրող խառնակութիւնը եւ իր հօրը տունը առեւտուրի շուկայի վերածուած ըլլալը` խարազանով դուրս հանեց բոլորը:

Ես կը գոհանամ նոյնիսկ Նոր կտակարանէն առնուած գրութիւններով, որոնք Յիսուսի երկրային կեանքին ընթացքին մեզի տրուած դասեր են, որոնք սխալ մեկնաբանուած են` հայ մարդը ոչխարի վերածելով, քաշկռտուելով` ոչխարի պէս մորթուելու համար, եւ այդ պատճառով հայ ազգը նահանջած է, տկարացած, տառապած, հողն ալ վրայ տուած` դառնալով թափառական: Այդ թափառական հայը, բարեբախտաբար, հազիւ ինքզինք հաւաքելով` կտոր մը հայրենիքի տէր եղած է, հայրենիք մը, որուն պահպանութիւնը այլեւս նոր սերունդի ճիտին պարտքն է` հանճար գործածելով եւ ուղին շտկելով:

Ես այստեղ ըսել կ՛ուզեմ, որ անոնք, որոնք քրիստոնէութիւնը պատճառ կը գտնեն մեր տկարացման, մասամբ կրնան իրաւունք ունենալ, որովհետեւ պէտք է անդրադառնանք վերեւ տրուած օրինակներուն: Քրիստոնէութիւնը պէտք է ճիշդ բացատրուէր մեզի, որովհետեւ անիկա ուժի գործածութիւն եւ քաջութիւն քարոզող կրօն է, նոյն ատեն` բարի եւ արդար կեանք մը ապրելու հրամայական. ինչպէս որ, եթէ գող մը արարքին վրայ բռնուի, հասնողը կ՛ապտակէ զայն, եւ ան ձայն չի կրնար հանել, իսկ եթէ անմեղ է, կը պոռայ եւ ի հարկին կը դիմադարձէ, Յիսուս ալ բողոքեց խաչուելէ առաջ չարչարող զինուորներուն եւ նոյնինքն` Պիղատոսին, թէ` «Դուն ըսիր, որ ես անմեղ եմ»:

Ուրեմն պէտք է սրբագրուի նոր սերունդին տրուած կրօնական ուղղութիւնը, որ ան ըլլայ մաքուր քրիստոնեայ, բայց` ուժի գործածութեան իրաւունքին հաւատացող եւ միայն անոր ապաւինող: Հայ ժողովուրդին պատահած դժբախտութիւնները միայն ճակատագիրի եւ պատահականութեան հետեւանք չեն, այլեւ կեանքը ապրելու կողմնացոյցին սխալ ըլլալուն հետեւանք են:

Ներկայիս ալ կը տեսնենք, որ Ազրպէյճանը, նեցուկ ունենալով Թուրքիան, մնայուն սպառնալիքներ կ՛ուղղէ եւ երբեմն ալ գործնականի կը դիմէ` օրական մէկ-երկու հայ զինուոր սպաննելով կամ վիրաւորելով սիրելի Արցախին մէջ: Արդէն ազրպէյճանցիները իրենց վայրագութեան նախաճաշակը տուած են Սումկայիթի ջարդերով եւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմով: Ուրեմն այլեւս անհրաժեշտ է շտկել սլաքը եւ կառչած մնալ «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» սկզբունքին, կամ առաւել` «Միայն զարնելով կայ հայոց փրկութիւն» ձեւին, այսինքն` մէկի դէմ տասը վնաս հասցնելով թշնամիին, որպէսզի վախն ու սարսափը նկատի առնելով` ան չկարենայ դպչիլ հայուն: Հայ նոր սերունդը կը մերժէ նոր ցեղասպանութեան մը զոհը ըլլալ. պէտք է քարին նայիլ` վտանգը կանխելու. ժողովրդային առածը կ՛ըսէ. «Մեր մայրերը լալու փոխարէն` իրենց մայրերը թող լան»: Տէր դառնանք ու պաշտպանենք մեր մայր Հայաստանը:

aztagdaily.com/archives/410896

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail