Ութ Տասնամեակ Այս Անունը Ժպիտ Փորագրած է Միլիոնաւոր Դէմքերու Վրայ. ՀՀ Վարչապետի Ելոյթը Ազնաւուրի Հոգեհանգիստի Արարողութեան Ժամանակ
05 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ –:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ ունեցած է Փարիզի «Հաշմանդամներու պալատ»-ին մէջ հայ մեծ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի հոգեհանգիստի եւ Ազգային յարգանքի տուրքի արարողութեան ընթացքին:
ՀՀ վարչապետի ելոյթ ամբողջութեամբ.
«Ֆրանսայի հանրապետութեան մեծարգոյ պարոն նախագահ,
Հայաաստանի հանրապետութեան մեծարգոյ նախագահ
Պարոն վարչապետ,
Տիկնայք եւ պարոնայք խորհրդարանականներ,
Տիկնայք եւ պարոնայք կառավարութիւններու եւ դիւանագիտական բաժանմունքներու ներկայացուցիչներ,
Սիրելի Ուլլա ազնաւուր,
Ազնաւուր ընտանիքի յարգելի անդամներ,
Տիկնայք եւ պարոնայք,
Այսօր հաւաքուած ենք մեր խոնարհումը բերելու եւ գնահատանքի մեր տուրքը մատուցելու ֆրանսական շանսոնի մեծ վարպետին` Շառլ Ազնաւուրին: Ութ տասնամեակ այս անունը ժպիտ փորագրած է միլիոնաւոր դէմքերու վրայ, արագացուցած կամ դանդաղեցուցած տասնեակ միլիոնաւոր մարդոց շնչառութիւնը, փայլ ներարկած է հարիւր միլիոնաւոր աչքերու մէջ:
Եւ այս անունը 2018-ի Հոկտեմբեր 1-ին պահ մը կանգնեցուց երկիր մոլորակի եւ միջազգային կեանքի ընթացքը` անամոքելի թախիծ մը վրձինելով հարիւր միլիոնաւոր մարդոց դէմքերուն, իր վերջին եւ ամենազանգուածային աֆիշը թողարկելով աշխարհի առաջատար լրատուամիջոցներու առաջին էջերուն. «94 տարեկան հասակին մահացած է Շառլ Ազնաւուրը» :
Բայց ինչի՞ մասին կը պատմեն այդ վերնագիրները, ինչի մասին կը պատմեն այդ ազդագրերը: Մի՞թէ ունայնութեան կամ յուսահատութեան: Ոչ ամենեւին, այդ ազդագրերը կը պատմեն սեփական ճակատագիրին նկատմամբ այս մեծ մարդու եւ անոր գերդաստանի տարած փառահեղ յաղթանակին մասին:
Շառլ Ազնաւուրի նախնիները Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ` դեգերեցան աշխարհի մէջ եւ ի վերջոյ հանգրուանեցին հարիւր հազարաւոր հայերու օթեւան ու յոյս տուած Ֆրանսայի մէջ, ուր ծնաւ Վաղինակ Ազնաւուրեանը, որ յետոյ պիտի դառնար մեծն Շառլ Ազնաւուր:
Կրելով անասելի դժուարութիւններ, Վաղինակ-Շառլը ի վերջոյ գտաւ իր կոչումը, բայց այդ կոչումին՝ բացի իրմէ՝ չէր հաւատար ուրիշը: Բոլորը զինք կը համոզէին, կը բացատրէին, որ բեմը իր գործը չէ, երգելը իր կոչումը չէ, որ ճակատագիրը առանց այդ ալ շռայլ գտնուած է իրեն հանդէպ, իր ծնողը փրկելով ցեղասպանութեան աղէտէն:
Բայց Վաղինակ Ազնաւուրեանին կարեկցանք չէր հարկաւոր, այլ առաքելութիւն եւ ան գիտէր իր առաքելութիւնը եւ այդ առաքելութիւնը Շառլ Ազնաւուր դառնալու աներեւակայելի ճանապարհն էր: Եւ ան երգեց, ու գրեց, եւ ան գրեց ու երգեց դատարկ եւ կիսադատարկ դահլիճներու մէջ եւ ան երգեց առանց հոգնելու ու աննահանջ եւ մարդկութեան տուաւ ժամանակ` հասկնալու եւ գիտակցելու, որ մեծ աստղ մը ծագած է համաշխարհային մշակոյթի երկնակամարին վրայ, որ դեռ քանի մը տասնեակ տարիներ պէտք է «պայթեցնէ» աշխարհի ամենահեղինակաւոր դահլիճները:
Եւ անոր ձայնը տարածուեցաւ աշխարհի բոլոր կողմերը, հասաւ ամենահեռաւոր երկիրներ եւ ջերմացուց նոյնիսկ ամենապաղ սրտերը:
Ցաւօք, ես չհասցուցի անձամբ ծանօթանալու Մեծ Վարպետի, Շառլ Ազնաւուրի հետ: Բայց հաւատացէք` զինք կ՝ընկալեմ, իբրեւ մերձաւոր հարազատ: Անոր այսպէս կ՝ընկալէ ցանկացած հայ, որովհետեւ Ազնաւուր այն մարդն է, որ հայու անունը հասցուցած է նոր բարձունքներու, որ հայու հպարտութեան նոր շունչ տուած է ու նոր երանգ, որ կրցած է ապրիլ իր պատմական հայրենիքի եւ իր ժողովուրդի ցաւերով, հոգերով ու երազանքներով:
Նաեւ այս է պատճառը, որ Շառլ Ազնաւուրին շնորհուած է Հայաստանի Ազգային հերոսի կոչում: Բայց ան այդ կոչումը վաստակած է ոչ միայն շանսոնիէի իր հանճարով, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կայացման գործին մէջ ունեցած անուրանալի վաստակին համար:
Հայաստանի մէջ անոր անունով կոչուած են փողոցներ ու հրապարակներ, իսկ Հայաստանի երկրորդ քաղաք Գիւմրիի մէջ արդէն երկար տարիներ վեր կը խոյանայ անոր մեծաշուք արձանը եւ ան թերեւս միակ մարդն է, որուն Հայաստանի մէջ արձան կանգնեցուած է կենդանութեան օրօք:
Շառլ Ազնաւուրի մահուան կապակցութեամբ Հայաստանի մէջ սուգ յայտարարուած է եւ այս ամէնը արտայայտութիւնն է այն հսկայական սիրոյ, որ իւրաքանչիւր հայ, իւրաքանչիւր հայ` առանց բացառութեան, կը տածէ այս մեծ մարդու, այս մեծ ֆրանսացիի, աշխարհի այս մեծ քաղաքացիի հանդէպ:
Ֆրանսայի հանրապետութեան մեծարգոյ նախագահ պարոն Էմանուէլ Մաքրոն,
Շառլ Ազնաւուրի հրաժեշտի այս վեհաշուք արարողութեան ընթացքին, չեմ կրնար չարտայայտել այն առանձնակի յարգանքն ու երախտագիտութիւնը, որ մեր ժողովուրդը կը տածէ Ձեր երկրին նկատմամբ: Եւ կ՝ուզեմ հայ ժողովուրդի երախտագիտութիւնը արտայայտել Ֆրանսայի պետութեան եւ բոլոր ֆրանսացիներուն ցեղասպանութենէն մազապուրծ մեր ժողովուրդին օթեւան տալու եւ հայկական տաղանդի զարգացման բարենպաստ միջավայր ձեւաւորելու համար: Ֆրանսայի հայութիւնը տուած է այնպիսի անուններ, ինչպէս Շառլ Ազնաւուրը, Անրի Վերնոյը, Ժորժ Կարւարենցը, Գառզուն, Ժանսեմը եւ Ֆրանսան մեր ժողովուրդի վերածնունդի մէկ սիրելի ովասիսը դարձած է:
Շառլ Ազնաւուրը անշուշտ, Ֆրանսայի մեծ նուիրեալ էր, Ֆրանսայի մեծ քաղաքացի, ֆրանսերէնի տարածման անկրկնելի մունետիկ մը, բայց նաեւ Հայաստանի մեծ պաշտպան էր, Հայաստանի քաղաքացի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան:
Ան կ՝ապրէր Հայաստանի հոգերով, եւ մեր ժողովուրդը անոր հոգատարութիւնը տեսած ու զգացած է երեսուն տարի առաջ տեղի ունեցած մեծ երկրաշարժին ժամանակ, Հայաստանի անկախութեան բոլոր դժուարին օրերուն:
Շառլ Ազնաւուրը անտարբեր չմնաց նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութեան նկատմամբ եւ ինծի ուղղուած վերջին նամակին մէջ մասնաւորապէս գրած էր. «Անմիջապէս որ առողջութիւնս թոյլ տայ, ջերմօրէն կը փափաքիմ այցելել այս Նոր Հայաստանը եւ ծանօթանալ այն առողջ ուժերուն, որոնք պիտի ձեւաւորեն մեր ազգի գալիքը»։
Մեծ Վարպետը կը պատրաստուէր Հայաստան այցելել յաջորդ շաբաթ, Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան տասնեօթերորդ գագաթաժողովի առիթով եւ անոր խոստացած էի ծանօթացնել Նոր Հայաստանի հետ, խոստացած էի, որ ան միանգամայն պիտի զգայ Նոր Հայաստանի յաղթանակած քաղաքացիի լաւատեսութիւնն ու ոգին:
Ցաւօք այս խոստումը չկրցայ կատարել, սփոփանքս այն է, որ Ազնաւուր այնուամենայնիւ հասցուց իր վերջին ուղերձը յղելու Նոր Հայաստանին` ինծի գրած նամակին մէջ ըսելով. «Սրտանց կը փափաքիմ,որ Հայաստանի երիտասարդութիւնը կարենայ երբեւէ դրսեւորել իր ողջ ներուժը եւ իր երազանքները իրականութիւն դարձնել Հայաստանի մէջ»։
Սիրելի Վարպետ, Մեծարգոյ Շառլ Ազնաւուր.
Ձեր նամակին մէջ դուք ճշգրտօրէն ձեւակերպած էք այն, ինչ կ՝ուզէ հայ ժողովուրդը, ինչ կ՝ուզէ Հայաստանի երիտասադրութիւնը: Եւ այստեղ, հիմա, աշխարհի աչքի առջեւ կ՝ուզեմ հանդիսաւոր կերպով Ձեզ խոստանալ, որ իրականութիւն կը դարձնենք Ձեր պատգամը, կեանքի կը կոչենք Ձեր ցանկութիւնը: Կ՝ուզեմ հաւաստիացնել, որ անմնացորդ նուիրուած եմ այն գործին, որ Նոր Հայաստանը պիտի դարձնէ այնպիսին, ինչի մասին Դուք կ՝երազէիք: Ազատ եւ Երջանիկ Հայաստանը իսկապէս արժանի գնահատանքը պիտի ըլլայ Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի նկատմամբ Ձեր ունեցած անուրանալի վաստակին:
Կը խոնարհի ձեր առաջ` մեծ ֆրանսացի, մեծ հայ, մեծ արուեստագէտ, մեծ մարդասէր:
Ննջէ խաղաղութեամբ, սիրելի վարպետ»։
yerakouyn.com/2018/10/05/