Ազգասէր, Արեւմտահայերէնի Պահապան, Մեծ Դաստիարակ, ՍՕ Խաչի Նահապետուհին` Օրդ. Ալիս Գաթրճեանը

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

06 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ –:

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Վերջին հրաժեշտով քառասուն օր առաջ հողին յանձնուեցաւ մարմինը օրդ. Ալիս Գաթրճեանին, որուն համար անհրաժեշտը իր սիրած ու պատկանած ԸՆՏԱՆԻՔ-ին համար զոհաբերուիլն էր: Ընտանիք երբ կ՛ըսենք, բնականաբար իմ մտքիս մէջ կը պատկերուի մեր ընտանիքէն զատ այլ ընտանիքներ ալ: Ինչպէս ըսի, նախ Գաթրճեան ընտանիքն էր, երկրորդը` Սուրիահայ օգնութեան խաչը, երրորդը` Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանը: Անշուշտ պէտք է նշենք նաեւ «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագրատունն ու «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ը:

ՍՕ Խաչի Նահապետուհին` Օրդ. Ալիս Գաթրճեան

Ան տարիներ շարունակ այս ընտանիքներուն համար տուաւ այն, ինչ որ կրնար տալ` մարդասիրութիւն, ազգասիրութիւն, ծառայասիրութիւն, գուրգուրանք, կրթութիւն, արեւմտահայերէնի տէր դառնալ ու, տակաւին, շարքը կ՛երկարի: Այդ պատճառով ալ վերոնշեալ ընտանիքներուն մաս կազմող անդամները մինչեւ օրս իրենց յուշերը կը պատմեն իրարու կամ թուղթին կը յանձնեն: Ակնածանքով կը խօսին խաչուհի, ուսուցչուհի եւ անփոխարինելի հայերէնի սրբագրիչ օրդ. Ալիսի մասին: Ժողովներու ընթացքին երբ կը խախտեն օրէնք մը, անմիջապէս կը յիշեն զինք, հայերէն խօսելու կամ գրելու պահուն նոյնպէս զինք կը յիշեն, իր թելադրանքները, քանի որ օրդ. Ալիսին համար անընդունելի էր արեւմտահայերէնը աղաւաղել: Անընդունելի էր նաեւ անձնական շահերու համար խախտել եւ կամ մէկդի դնել միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կանոնագիրները:

Այսօր մեր յիշողութեան մէջ վստահաբար կը պատկերուի գթասիրտ, ազգանուէր, խստապահանջ, արեւմտահայերէնի պահապան, մնայուն փոքր ժպիտով, հայ կնոջ ամրակուռ հաւատքով, երիտասարդական ուժերու միշտ հաւատացող, սակաւախօս, զօրաւոր անհատականութեան տէր անձնաւորութիւն մը, որ կեանքի թոհուբոհին մէջ չշփոթեցաւ, այլ մնաց միշտ հեզ ու բարի, պարկեշտ, ուղղամիտ, ազգին ծառայող նուիրեալ մը: Իւրաքանչիւր անհատ, որ զինք կը ճանչնայ, անպայման այս խօսքերս պիտի հաստատէ:

Այստեղ յուշերով եւ յիշատակներով չեմ ուզեր ողողել, որովհետեւ անոր հետ մեր յիշատակները եւ զրոյցները շատ են, հատորներու կը սեղմուի: Վերը նշուած իր նկարագրային գիծերէն իբրեւ օրինակ մը այստեղ կ՛արձանագրեմ, որուն մէջ կ՛արտացոլան բնաւորութեան քանի մը գիծեր միատեղ:

Պատանի տարիքիս գրելու առաջին փորձերս կը կատարէի, մեծ խանդավառութեամբ եւ գոհունակութեամբ ուզեցի հօրաքրոջս, ինչպէս նաեւ իմ ուսուցչուհիս եղած օրդ. Ալիսին ներկայացնել յօդուածս եւ` քանի մը երգերու բառերս: Թուղթերը առանց ձեռքը առնելու` կտրականապէս ըսաւ` «Նախ գիրք պէտք է կարդաս», մինչ ինք շատ լաւ տեղեակ էր, որ արդէն կը կարդայի: Բայց աւելին պահանջեց: Միւս հօրաքոյրս իրմէ խնդրեց, որ զիս քաջալերեր: Չէ՞ որ ուրիշներու հօրաքոյրները, մօրաքոյրները եւ այլ հարազատները զանազան ձեւերով կ՛օգնէին իրենց փոքր ազգականներուն: Այդ օրէն ի վեր ոչ մէկ ատեն յօդուածներս կամ երգերու բառերս ինձմէ առնելով` կարդացած էր, այլ մամուլէն, երգչախումբերէն, ձայներիզներէն, եւ կամ գիրքերս մակագրելէս ետք երբ յանձնէի իրեն, այն ատեն կը կարդար: Անոր քաջալերական խօսքերը, եռանդը, հպարտութիւնը եւ խրախուսիչ խօսքերը կը ստանայի միջնորդներու կողմէ միայն, թաքուն ձեւով: Այսպէս էր հօրաքրոջս բնաւորութիւնը: Անցեալի մեծերը` բոլորն ալ մեծաւ մասամբ այս նկարագրի տէր անձեր էին:

Յաջորդ օրինակը, բնականաբար արեւմտահայերէնի պահապան ու յատկապէս «Գանձասար» շաբաթաթերթի իբրեւ սրբագրիչ իր գործունէութիւնը ծաւալած էր խմբագրատունէն ներս եւ բնակարանը: Ան առաջարկ ստացած էր քանի մը ամսուան համար աշխատելու, սակայն գործեց այդ երդիքին տակ շուրջ 8 տարի: Յաճախ ուշ ժամերուն խմբագրատուն կը մնար, երբեմն ալ սրբագրելիք թղթածրարը շալկած` տուն կը բերէր: Կարմիր գրիչը ձեռքին` կը սրբագրէր դիմացը դրուած թուղթերը, առանց հաշիւը ընելու յօդուածագրին, ոչ ալ նոյնիսկ եթէ մամուլի այլ աղբիւրէ մը սրբագրուած, արտատպուած ըլլար: Անպայման պիտի սրբագրէր: Խմբագրատունէն ներս սրբագրած ընթացքին հայերէն ճիշդ չխօսողն անգամ կը սրբագրէր: Յաճախ տան մէջ իրեն հետ կը վիճաբանէի այն մտավախութեամբ, որ խմբագրատունէն ներս տղաքն ու աղջիկները կրնան նեղանալ իրմէ: Անմիջապէս կը պատասխանէր` ըսելով, որ` «Ո՛չ, չեն նեղանար: Ոչ մէկը իրաւունք ունի աղաւաղելու արեւմտահայերէնը»:

Քանի մը խօսք` իր կենսագրութեան եւ բեղուն գործունէութեան մասին:

Օրդ. Ալիս Գաթրճեանը ծնած է Հալէպ, 1933 թուականի Կաղանդի գիշերը, այնթապցի բազմանդամ ընտանիքի վերջընթեր զաւակն ու պարգեւը ըլլալով:

Նախակրթութիւնը ստացած է Զաւարեան (օրին ազգային չէր, հետագային` Ազգ. Զաւարեան) վարժարանէն ներս (մանկապարտէզ եւ նախակրթարան):

1948 թուականին վեց տարի յաճախած է Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանը` միշտ գրաւելով դասարանի առաջին դիրքերը: Ճեմարանի վերջին երկու տարիներուն անցած է գիտական ճիւղ եւ մասնակցած` ֆրանսական պաքալորէայի քննութեանց, ու փայլուն նիշերով աւարտած է:

1955 թուականին յաճախած է ֆրանսական «Միսիոն լայիք» լիսէն` հետեւելով թուաբանութեան ճիւղին:

Այնուհետեւ ան ընտրած է ուսուցչական ասպարէզը.

ա.- Երեք տարի պաշտօնավարած է Զաւարեան վարժարանին մէջ` դասաւանդելով հայերէն, թուաբանութիւն, ֆրանսերէն եւ գիտութիւն նիւթերը:

բ.- 1959-1969 տարիներուն պաշտօնավարած է Ազգ. Սահակեան վարժարանին մէջ` դասաւանդելով հայերէն, հայոց պատմութիւն եւ թուաբանութիւն նիւթերը:

գ.- Ուսուցչական ասպարէզին մէջ իր ունեցած բծախնդրութիւնը եւ կարողութիւնը նկատի առնելով` 1969 թուականին Բերիոյ թեմի Ազգային իշխանութեան խնդրանքով կը հրաւիրուի Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարան` պաշտօնավարելու: Ճեմարանի մէջ կը դասաւանդէ հայերէն, կրօն, հայոց պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն նիւթերը: Վերջին երկու նիւթերուն գիրքերու հեղինակը օրդ. Գաթրճեան ինք եղած է:

Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանին մէջ պաշտօնավարած է 30 տարի` 1969-1999: Օրդ. Ալիս Գաթրճեանը 1955-1999 թուականներուն` ամբողջ 45 տարի ունեցած է ուսուցչական բեղուն ծառայութիւն:

Միութենական Գործունէութիւն
Օրդ. Ալիս Գաթրճեանին միութենական կեանքը նոյնպէս եղած է բազմազան եւ աշխուժ:

Ան նախ 1947 թուականին մաս կազմած է ՍՕ Խաչի արծուիկներու շարքերուն, տարի մը ետք արդէն ստանձնած է պաշտօններ:

1958 թուականին արծուիկութեան շարքէն փոխանցուած է ՍՕ Խաչի շարքերը:

– Եղած է` հայահոծ Նոր Գիւղ շրջանի ՍՕ Խաչի մասնաճիւղի վարչական,

– ՍՕ Խաչի դարմանատան ներկայացուցիչ,

– Աւելի քան 30 տարի, ընդմիջումներով, ՍՕ Խաչի Շրջանային վարչութեան անդամ, ստանձնած է ատենադպրութեան եւ ատենապետի պաշտօնները:

Այդ տարիներուն, որ մաս չէ կազմած Շրջանային վարչութեան, Շրջ. վարչութեան հրաւէրով ստանձնած է շրջանայինին կապուած առողջապահական, կրթական, դաստիարակչական եւ այլ յանձնախումբերու ատենապետի պաշտօնները:

Հոկտեմբեր 1983 թուականին Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ մասնակցած է ՀՕՄ-ի Համահայկական պատգամաւորական ժողովին:

2004-2011 թուականներուն «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր սրբագրիչը եղած է:

Հալէպահայ ուսանողական միութեան անդամ էր:

1980-ական թուականներուն անդամագրուած է Համազգայինին` մաս կազմելով գրական յանձնախումբին:

Բերիոյ թեմի Ուսումնական խորհուրդին հրաւէրով բազմաթիւ անգամ հրաւիրուած է կրթական շատ մը նախաձեռնութիւններու իրագործման:

«Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի հայ վարժարաններու սննդակարօտ փոքրիկներու եւ կարօտեալ տարեցներու խնամատարական յանձնախումբերու ատենապետի պաշտօն վարած է:

Այստեղ տեղին է նշել, որ օրդ. Ալիս Գաթրճեանը վերոնշեալ դպրոցական եւ միութենական երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին քարտուղարական, գրական եւ այլ դաստիարակչական բնոյթ կրող աշխատանքներուն մէջ երեւելի եւ աներեւելի ստորագրութիւնը կայ:

Միւս կողմէ` մասնակցած է ՍՕ Խաչի անդամական ընդհանուր ժողովներուն, Շրջ. պատգամաւորական, ապա Համահայկական պատգամաւորական ժողովներուն` ըլլալով միշտ համեստ, միշտ պարկեշտ, օրէնքի պաշտպան, բծախնդիր ու ճշդապահ:

Իբրեւ երիցագոյն խաչուհի` յարգուած էր. յաճախ ՍՕ Խաչի մարմիններն ու շրջանային վարչութիւնները, օգտուելով իր բազմավաստակ գործունէութենէն ու փորձառութենէն, զինք հրաւիրած են ժողովներու, որպէսզի իր ազգային շունչովն ու շինիչ առաջարկներով հարստանային ժողովները, որպէսզի իր ներկայութեամբ փոխանցուէր միութեան գործունէութեան անսպառ ջահը: Անշուշտ այս բոլորը փոխադարձ յարգանքի եւ համակրանքի առարկայ էր: ՍՕ Խաչի 38-րդ Շրջ. պատգամաւորական ժողովը, որ գումարուեցաւ 26-27 հոկտեմբեր 2017-ին, վերջին պատգամաւորական ժողովն էր, որուն հրաւիրուած էր:

Տասնեակ տարիներու իր ազգանուէր ու կամաւոր ծառայութեան ընթացքին մասնակցութիւն բերած է նաեւ զանազան միութիւններու հրաւէրներուն` զրոյցով, ատենամարզանքով, դասախօսութեամբ եւ բանախօսութեամբ` շրջելով Սուրիոյ հայկական համայնքները:

Պարգեւատրումներ
– 1990 թուականին ՍՕ Խաչի Շրջանային վարչութեան կողմէ ՍՕ Խաչին մէջ 25 եւ աւելի տարիներու ծառայութեան համար արժանացած է «Կանթեղ» շքանշանին:

– 1994 թուականին Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան կողմէ 25 տարուան ուսուցչական ծառայութեան համար արժանացած է ոսկիէ մետալի:

– Ուսուցչական ասպարէզէն ներս երկար տարիներու ծառայութեան համար 1995 թուականին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ Արամ Ա. կաթողիկոսին ձեռամբ կը պարգեւատրուի «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:

– 2011 թուականին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ օգնութեան խաչէն ներս 50 եւ աւելի տարիներու ծառայութեան համար կ՛արժանանայ գնահատագրի:

Հուսկ,
Օրդ. Ալիս Գաթրճեանի նկարագրային ընդգծուած գիծերէն եղաւ ազգային գիծը ու մայրենի լեզուին հանդէպ ունեցած հետաքրքրութիւնն ու սէրը: Այդ մեկնակէտէն ելլելով` ուսուցանելու եւ դաստիարակելու կարողութիւնը զօրաւոր եղաւ անոր մէջ: Ուսուցչութեան կոչումը զինք առաջնորդած է դէպի կրթական կեանք` նուիրուելու համար սերունդներու դաստիարակութեան սրբազան գործին: Հակառակ իր յառաջացած տարիքին` ան կը յիշէր բոլոր աշակերտները: Հաւանաբար այս էր ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ կոչումը:

Այսպէս, օրդ. Ալիս Գաթրճեանը աւելի քան 45 տարի շարունակ ծառայեց հայոց լեզուին, յատկապէս` արեւմտահայերէնի պահպանման ու տարածման Սուրբ գործին, ան եղաւ անկրկնելի սրբագրիչ:

Շա՛տ սիրելի հօրաքոյրս Ալիս,

Հոգիդ ամենայն հանգստութեամբ հանգիստ ձեւով թող սաւառնի, որովհետեւ հոգիդ հարստացած հեռացար այս աշխարհէն, եւ քու բնաւորութեանդ ու գործունէութեանդ մասին կը վկայեն ՍՕԽ-ի անդամուհիներն ու սաներդ:

Վա՛րձքդ կատար, ակնածանքով եւ երախտագիտութեամբ պիտի յիշենք քեզ, հանգիստ ու խաղաղ ննջէ, հողը թեթեւ ըլլայ վրադ:

Խունկ ու մոմ` անթառամ յիշատակիդ:

«ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՑ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ»:

aztagdaily.com/archives/411076

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail