ՍԵՒԵՐՈՒ ԵՒ ՃԵՐՄԱԿՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ – Ռաֆֆի Տուտագլեան

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

ՍԵՒԵՐՈՒ ԵՒ ՃԵՐՄԱԿՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Այսօր Ֆրանքոֆոնիայի մեկնարկն էր քաղաքամայր Երեւանի մէջ։ Աշխարհի չորս կողմերէն ֆրանսախօս երկիրներու ղեկավարներ ու քաղաքացիներ սկսած են Հայաստան ժամանել։ Ես ալ պտոյտ մը ըրի Երեւանի փողոցներուն մէջ եւ ի զարմանս ինծի՝ մեծ թիւով սեւեր տեսայ գրեթէ ամէնուր։ Մտածեցի, որ սեւերը արդէն յաղթած են ճերմակներուն՝ իմ բազմաչարչար երկրիս մէջ ու մեծ ցաւ զգացի։ Ազատ համարձակ, ուրախ եւ հանգիստ ման կու գային այս սեւերը Երեւանի փողոցներով։ Վա՛խ վախ, մտածեցի, սեւերը իրապէս յաղթեր են… վերջին կտոր Հայաստանն ալ գնաց մեր ձեռքէն։

Կողքէս անցնող ժպտադէմ եւ ուրախ, ֆրանքոֆոնիայի հիւրերուն օգնելու եկած եւ մաքուր ֆրանսերէն խօսող երիտասարդ հայ աղջկայ մը հարցուցի, թէ սեւ-սպիտակի կռիւը ինչպէ՞ս վերջացաւ մեր երկրին մէջ, սեւե՞րը յաղթեցին։ Այս որքա՞ն սեւ եկած ու սեւութիւն տարածուած է մեր Երեւանին մէջ։ Այդ չի բաւեր կարծես, վրան ժպիտով ու քաղքավարութեամբ կ՚ընդունիք բոլորին։ Այս ու՜ր հասանք, բարկացած ըսի երիտասարդ աղջկան։

Պարոն, այդքան մի վրդովիք: Այս սեւամորթները չարերը չեն։ Շա՜տ միամիտ եք… ասոնք ֆրանսախօս աֆրիկայի մեր հիւրերն են։ Մենք բոլորին սիրով կ՚ընդունինք եւ կը հիւրասիրենք։ Տարբերութիւն չենք դներ ճերմակամորթին ու սեւամորթին միջեւ կամ՝ աֆրիկացիին ու եւրոպացիին միջեւ, բացատրեց երիտասարդ ու քաղցր ժպիտով, հայու մեծ ու գեղեցիկ աչքերով երիտասարդ աղջիկը։

Պահ մը ամչցայ միամտութեանս համար ու հարցուցի՝ հապա ի՞նչ եղաւ սեւերու եւ ճերմակներու կռիւը, սեւե՞ր չկան մեր երկրին մէջ։

Պարոն, հակառակ ձեր տարիքին նորէն միամիտ ու երեխայական հարցումներ սկսաք տալ։ Սեւեր կան բոլո՛ր երկիրներուն մէջ ու նաեւ Հայաստանի մէջ։ Բայց սեւամորթները չեն այդ սեւերը, այլ սեւահոգիներն են եւ սեւամիտերը։ Անոնք այն սեւահոգիներն, որոնք չեն ուզէր որ մենք ազատ ապրինք ու ազատ շնչենք մեր երկրին մէջ։ Այդ սեւերը չեն ուզէր որ մենք ազատ ընտրութիւն ընենք։ Այդ սեւերը չեն ուզէր իշխանական պալատներուն դարպասները բանալ իրենց իսկ ժողովուրդին առջեւ։
Այդ սեւերը ազատ մտածող երիտասարդութիւն չեն ուզէր, ստրկամիտնե՛ր կ՚ուզեն։

Այդ սեւերը մինչեւ հիմա մեր երկիրը թալանեցին, մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն գաղթական ու պանդուխտ դարձուցին։ Երկիրը սեւի եւ աղքատութեան մէջ պահեցին։

Իսկ ամէնէն վատը, այդ սեւերը շարունակաբար իշխանութիւն եւ աթոռ պահեցին եւ դեռ կ՚ուզեն պահել եւ չզիջիլ, շահամոլ եւ իշխանամոլ են այդ սեւերը,- համբերութեամբ պատասխանեց աղջիկը։

Ուրեմն սեւերը պարտուեցա՞ն, հանգստացած հարցուցի ես։

-Չէ՛, պարոն, դեռ չպարտուեցան։ Բայց կասկած չունենաք, պիտի պարտուին։ Պիտի պարտուին՝ քանի դեռ հպարտ եւ անկախ քաղաքացի կայ մեր երկրին մէջ։ Պիտի պարտուին՝ քանի դեռ կամք եւ վճռականութիւն ունեցող հայ երիտասարդ կայ հայրենիքին մէջ։ Սեւ հոգիները մեր հայրենիքին մէջ այլեւս տեղ չունին: Հայաստանը սպիտակ հոգիով եւ մտքով մարդոց երկիրը պիտի ըլլայ, մեր բոլորին պաշտած Արարատի սուրբ գագաթին պէս…

Հպարտութեամբ համբուրեցի երիտասարդ աղջկան ճակատը եւ զուարթ տրամադրութեամբ շարունակեցի շրջապտոյտս Երեւանի փողոցներուն մէջ։

Եւ ամէն անգամ, երբ սեւամորթ հիւրի մը հանդիպեցայ, հպարտ ոգիով եւ ուրախ ձայնով ըսի՝

Soyez la bienvenue chez l’Arménie libre et indépendante!

Ռաֆֆի Տուտագլեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail