Հայաստանը Իսկապէս Ազատ, Երջանիկ Դարձնելու Ճանապարհին Մեզ Ոչ Ոք եւ Ոչինչ Կրնայ Կանգնեցնել. Նիկոլ Փաշինեան

08 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Որոշ նախարարութիւններու մէջ աշխատանքի ընթացքին տեղ-տեղ կ՝ըլլան դադարի դրսեւորումներ, որ անթոյլատրելի է: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, նշած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ՀՀ փոխադրամիջոցի, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարութեան աշխատակազմին նորանշանակ նախարար Յակոբ Արշակեանը ներկայացնելու ժամանակ:

«Կը մտածեն, այ սպասեցէք, տեսնենք ինչ պիտի ըլլայ: Անգամ մը, կառավարութեան մէջ բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկուն ըսի, այն ինչի կը սպասէք, ատիկա տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ Հայաստանի ժողովուրդի յաղթանակը անշրջելի է: Որքան շուտ գիտակցինք ատիկա, այնքան լաւ բոլորիս համար»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Անոր խօսքով, ակնյայտ է, որ կառավարութիւնը, յեղափոխութիւնը, միջազգային կազմակերպութիւններու վերջին հարցումներուն համաձայն, 92 տոկոսէն աւելի աջակցութիւն ունի: Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի՝ այս փաստը եւ միւս փաստերը եւս պէտք է յուշեն, որ անհրաժեշտ է հին էջէն դուրս գալ:

«Եթէ պարզուի, որ կան մարդիկ որոնք չեն ուզեր, չեն կրնար հին էջերէն դուրս գալ, ուստի մենք կը փակենք հին էջը եւ այդ մարդիկ կը մնան այդտեղ, Աստուած իրենց հետ: Մենք բոլորին յաջողութիւն կը մաղթենք իրենց կեանքին մէջ, իսկ Հայաստանը իսկապէս ազատ, երջանիկ դարձնելու ճանապարհին մեզ ոչ ոք եւ ոչինչ կրնայ կանգնեցնել: Խնդիր ունինք՝ յանուն այս ամէնուն՝ համախմբելու մասնագիտական ողջ ներուժը: Մեզի համար կապ չունի… պիտի չըլլայ, որ մեղադրանքներ ներկայացնենք միայն անոր համար, թէ երկար տարիներ աշխատած է այս կամ այն կառավարութեան օրօք: Մեզի համար առաջին խնդիրը պէտք է ըլլայ մասնագիտութիւնը»,- աւելցուցած է ան:

yerakouyn.com/2018/10/08

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail