08 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հոկտեմբեր 5-ին, Նոպէլեան Խաղաղութեան մրցանակին արժանացած 25-ամեայ եզիտի Նատիա Մուրատ սարսափելի փորձութիւններ ապրած է Իրաքի մէջ իսլամ ծայրայեղական ահաբեկիչներու մօտ գերի մնալով, սակայն կրցած է անոնց դէմ դնել եւ դառնալ յայտկապէս կանանց եւ աղջիկներու պաշտպանութեան պայքարի յառաջամարտիկ:
News.am-ի տեղեկութիւններով՝ Ապրիլ 2016-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ» համաշխարհային երկրորդ համաժողովին մասնակցելու ընթացքին, Մուրատ ըսած էր. «Հայերը լաւ կը հասկնան եզիտիները, որովհետեւ իրենք եւս նման ցաւեր ապրած են։ Ահաբեկիչները մինչ օրս կը սպաննեն եզիտի տղամարդիկը եւ գերի կը վերցնեն կիները: Մօտաւորապէս 10 հազար եզիտիներ գերի դարձան եւ սպաննուեցան, սակայն մինչ օրս միջազգային կառոյցները լուրջ քայլերու չեն նախաձեռներ անոնց փրկութեան համար»։
Մուրատ նաեւ աշխարհին կոչ ըրաւ՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
«Կը միանամ հայ ժողովուրդին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին, եւ բոլոր երկիրներուն կոչ կ՛ընեմ՝ ճանչնալու այդ ցեղասպանութիւնը»,- «Թուիթըր»ի վրայ գրած է Մուրատ, որ դարձաւ Նոպէլեան մրցանակի արժանացող առաջին իրաքցին։
yerakouyn.com/2018/10/08/