Ֆրանսախօս Երկիրներու Մշտական Խորհուրդի 105-րդ Նիստին Քննարկուած Են Երեւանի Հռչակագիրի Եւ Վեհաժողովի Այլ Փաստաթուղթերու Նախագիծեր

08 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Երեւանի մէջ, Հոկտեմբեր 7-ին, տեղի ունեցած է Ֆրանսախօս երկիրներու Մշտական խորհուրդի 105-րդ նիստը, որուն կը մասնակցէին կազմակերպութեան լիիրաւ, ընկերակից եւ դիտորդի կարգավիճակ ունեցող պետութիւններու եւ կառավարութիւններու, Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գործընկեր կառոյցներու շուրջ հարիւր բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Մշտական խորհուրդի նիստին բացումը կատարած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանը, որ ներկայացուցած է վեհաժողովին ընդառաջ քարտուղարութեան կողմէ կատարուող աշխատանքները, կազմակերպութեան առաջնահերթութիւններու, Ֆրանսախօս երկիրներու տնտեսական, դիւանագիտական եւ քաղաքական հարթակներուն վրայ գործունէութիւնը: Ելոյթ ունեցած է նաեւ կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Ժաք Քրապալը:

Ողջունելով Մշտական խորհուրդի նիստի մասնակիցները` կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիստիան Տէր Ստեփանեան իր ելոյթին մէջ կարեւոր նկատեց կազմակերպութեան գործունէութիւնը` ուղղուած ճգնաժամային իրադրութիւններու մէջ յայտնուած երկիրներուն աջակցելուն եւ ժողովրդավարական հոլովոյթներու խրախուսման:

«Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ երիտասարդներու ներգրաւուածութիւնն ու մասնակցութիւնը Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ վեհաժողովի շրջագիծին մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկները` այդ առնչութեամբ ընդգծելով Ֆրանսախօս երկիրներու երիտասարդներու ցանցին մէջ իրականացուած խորհրդատուութիւնը «Միասին ապրելու ֆրանքոֆոն կոչի» մշակման գործին մէջ»,- նշած է ան:

Անդամ երկիրներու ներկայացուցիչները անդրադարձած են նաեւ կազմակերպութեան նախարարական 35-րդ համաժողովի եւ 17-րդ վեհաժողովի աշխատանքներուն եւ օրակարգին առնչուող տարբեր հարցերուն: Քննարկուած են Երեւանի հռչակագիրի, որոշումներու եւ վեհաժողովի այլ փաստաթուղթերու նախագիծերը:

Կազմակերպութեան լիիրաւ անդամներու նիստին հաստատուած է 17-րդ վեհաժողովին ուղղուած` կարգավիճակի փոփոխութեան կամ անդամակցութեան դիմումներու վերաբերեալ յատուկ աշխատանքային խումբի զեկուցումը:

yerakouyn.com/2018/10/08/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail