08 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ գտնուող ժիհատականները սկսած են լքել տարածքը` համաձայն Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան, այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Գործակալութեան հետ զրուցած զինեալներէն մէկը նշած է, որ զինաթափումն ու հեռացման հոլովոյթը կրնայ տեւել քանի մը օր: Կը նշուի, որ ժիհատական ծայրայեղական խմբաւորումներու զինեալներուն տեղաշարժը սկսած է շաբաթ կանուխ առաւօտուն:
Ըստ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, զինեալները ետ կը քաշեն նաեւ իրենց ծանր զէնքերը:
Յիշեցնենք, որ սեպտեմբերին Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահները համաձայնութիւն գոյացուցած էին Իտլիպի մէջ ապազինեալ գօտի ստեղծելու մասին:
aztagdaily.com/archives/411253