Հայաստանը Պէտք է Դարձնել Բարձր Արհեստագիտական Արդիւնաբերութեան Երկիր

Հայաստանը Պէտք է Դարձնել Բարձր Արհեստագիտական Արդիւնաբերութեան Երկիր. Փաշինեան Ներկայացուց ՏԿՏԱ Նորանշանակ Նախարարը

08 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ փոխադրամիջոցի, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարութեան աշխատակազմին ներկայացուց նորանշանակ նախարար Յակոբ Արշակեանը:

«Տեղի ունեցած է նախարարի փոփոխութիւն, այդ որոշման հանգամանքները ներկայացուած են հրապարակային: Նախ կ՝ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Աշոտ Յակոբեանին համատեղ աշխատանքի համար, մաղթել անոր յաջողութիւններ: Միեւնոյն ժամանակ կ՝ուզեմ շնորհաւորել նոր նախարարը՝ պարոն Արշակեանը, որ մինչ այս, առաջին տեղակալն էր: Ան կառավարութեան մէջ կը համարուէր եւ հիմա ալ պէտք է համարուի Հայաստանը արհեստագիտական երկիր դարձնելու քաղաքականութեան իրականացման թիւ 1 պատասխանատուն»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան, կը հաղորդէ Armenpress.am-ը:

ՀՀ վարչապետը նշած է, որ յետագային պէտք է մտածել այդ պատասխանատւութիւնը առաւել արդիւննաւէտ դարձնելու կառուցուածքային մեքենականութիւններու լրամշակման վերաբերեալ: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ խնդիրը շատ յստակ ձեւակերպուած է:

«Խնդիր ունինք Հայաստանը գիւղատնտեսական-հանքարդիւնաբերական-խաղադրոյքներու երկրէն դարձնելու բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերական երկիր: Այս հարցով նախարարութեան դերը աւելի կ՝ընդգծուի։ Ի հարկէ, կարեւոր է նաեւ փոխադրամիջոցը, որ նոյնպէս պէտք է բարձր մակարդակի վրայ ըլլայ: Թիւրըմբռնում չըլլալու համար ըսեմ, որ եթէ մենք կ՝ըսենք գիւղատնտեսութեան մէջ ներդրուին արհեստագիտական լուծումներ, ատիկա չի նշանակեր, որ մեր գիւղամթերքը պէտք է ըլլայ ոչ մաքուր: Ընդհակառակը, պէտք է կիրառենք այնպէս, որ բնապահպանական առումով գիւղամթերքը ըլլայ աւելի մաքուր: Հայաստանը մաքուր սնունդի երկիր պէտք է ըլլայ»,- աւելցուցած է վարչապետը:

Նախարար Յակոբ Արշակեան շնորհակալութիւն յայտնած է վստահութեան համար:

«Ստացած եմ հնարաւորութիւն աւելի մեծ ներդրումով ծառայելու իմ Հայրենիքին: Պարոն վարչապետ ձեր տուած հաղորդագրութիւնները շատ յստակ են, տողատակեր չկան: Պիտի աշխատինք առաջնահերթութիւնները առաջ տանելով, աշխոյժ նախաձեռնողականութեամբ, արդիւնաւէտութեան գնահատման շատ յստակ սկզբունքներով: Վստահ եմ, որ մեր խումբը պիտի կարենայ յստակ առաջ տանիլ այս աշխատանքը, ամէն մէկը պէտք է զգայ իր վրայ դրուած պատասխանատւութիւնը»,- ըսած է նախարարը:

Նշենք, որ ՀՀ նախագահի հրամանագիրով, Հոկտեմբեր 4-ին, Յակոբ Արշակեան նշանակուած է փոխադրամիջոցի, կապի եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու նախարար:

yerakouyn.com/2018/10/08

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail